Մայիս 18ի թուակիր յայտարարութեամբ մը, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Թուրքիոյ մէջ Յունիս 7ին կայանալիք խորհըրդարանական ընտրութեանց մասնակցող քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կու սակցութեան ընտրապայքարին, միաժամանակ կոչ ընելով Եւրոպայի տարածքին բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն, որ նշեալ կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկեն։ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շեշտէ, որ այս որոշումը տրուած է՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ շարք մը հարցերու մէջ երկու կողմերուն պաշտպանած արժէքներն ու մօտեցումները իրարու կը համապատասխանեն։ Առ այդ, Հայ Դատի Յանձնախումբը քրտամէտ կուսակցութիւնը կը նկատէ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ յառաջադէմ ուժ մը, որ կը փորձէ երկրի իրաւազրկուած ժողովուրդներուն իրաւունքները պաշտպանել։ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նաեւ յոյս կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛երաշխաւորեն ազատ եւ արդար ընտրապայքարներու եւ ընտրութեանց կայացումը, յաջողութիւն մաղթելով քրտամէտ կուսակցութեան։