Print
Category: Հայ Դատ

altՀ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան ու Պե­տօ Տէ­միր­ճեա­ն հան­դի­պում մը ու­նե­ցած են Լիւք­սեմ­պուր­կի Ք­րիս­տո­նիա-դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ եւ խորհր­դա­րա­նի փոխ­-նա­խա­գահ

Լո­րան Մո­զա­րի հետ եւ ե­րախ­տի­քի խօսք յղած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հար­ցով անոր ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:

Ըստ «Ար­մէնփ­րես»ի՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի յանձ­նա­խում­բը կը փո­խան­ցէ, որ հայ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Լիւք­սեմ­պուր­կի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւին կողմ քուէար­կած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը բնու­թագ­րած են խի­զախ եւ ար­դար քայլ: Լո­րան Մո­զա­ր շեշ­տած է, որ Լիւք­սեմ­պուր­կի թրքա­կան հա­մայն­քէն վար­կա­բե­կիչ նա­մակ­ներ եւ զան­գեր ստա­ցած է, սա­կայն ա­նոնք ի­րեն չեն վախցներ կամ հիաս­թա­փեց­ներ, քա­նի որ «ար­դա­րու­թեան ճամ­բան միշտ գե­րակ­շիռ է քա­ղա­քա­կան այլ հա­շո­ւարկ­նե­րէ»: Ան հե­տաքրք­րո­ւած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կով, Ար­ցա­խի հար­ցով եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է այ­ցե­լել Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ: