Print
Category: Հայ Դատ

­­altՄա­յիս 12-ին ­­Գեր­մա­նիոյ ­­Ռայն­լանտ Փ­ֆալց դաշ­նա­յին հո­ղի խորհր­դա­րա­նը ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի ա­ռի­թով ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող հա­մա­տեղ բա­նա­ձեւ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է:

­­Մայ­րա­քա­ղաք ­­Մայն­ցի խորհըր­դա­րա­նի բո­լոր խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ 1915-ի կա­տա­րո­ւա­ծը բնու­թագ­րե­լու հա­մար օգ­տա­գոր­ծած են ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը: ­­Բա­նա­ձե­ւին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս կ­­­՛ը­սո­ւի. «­­­Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գահ Եոա­խիմ ­­Կաուկ, ­­Պուն­տես­թա­կի նա­խա­գահ ­­Նոր­պերթ ­­Լա­մերթ ու ­­Պուն­տես­թա­կի բո­լոր խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ի­րենց ե­լոյ­թին մէջ յու­զիչ բա­ռե­րով յստակ նշե­ցին այս տա­րե­լի­ցի նշա­նա­կու­թիւ­նը: ­­Մենք բո­լորս պէտք է կրենք այս ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս գեր­մա­նա­կան ռէյ­խի ու­նե­ցած դե­րի պա­րու­նա­կին մէջ: Այդ պատ­ճա­ռով մենք կը ներ­կա­յաց­նենք այս հա­մա­տեղ բա­նա­ձե­ւը: ­­Խօս­քը ոչ միայն զո­հե­րը յի­շե­լու, այլ ա­ռաջ նա­յե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին է: ­­Մեր հա­մա­տեղ նպա­տակն է հաս­նիլ հաշ­տու­թեան, փո­խըմբռն­ման եւ ճա­նաչ­ման: Այդ պատ­ճա­ռով մենք կողմ ենք հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման: «­­­Բա­նա­ձե­ւը կոչ կ­­­՛ուղ­ղէ յի­շե­լու 100 տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին: ­­Խորհր­դա­րա­նի խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը կը դա­տա­պար­տեն Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ա­րար­քը, որ յան­գե­ցուց 1.5 մի­լիոն հա­յե­րու բնաջնջ­ման: Խմ­բակ­ցու­թիւն­նե­րը կը ցա­ւին ա­տոր մէջ ­­Գեր­մա­նա­կան ռէյ­խի ու­նե­ցած ան­փա­ռու­նակ դե­րա­կա­տար­ման հա­մար, որ, հա­կա­ռակ սպա­նու­թիւն­նե­րու եւ տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին ու­նե­ցած յստակ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, չփոր­ձեց վերջ դնել մարդ­կու­թեան դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան: «­­­Խորհր­դա­րա­նա­կան ու­ժե­րը հա­ւա­տա­րիմ կը մնան հայ-թրքա­կան հաշ­տեց­ման ի­րենց ո­րո­շու­մին: Այդ իսկ պատ­ճա­ռով մենք  կոչ կ­­­՛ուղ­ղենք ­­Ռայն­լանտ Փ­ֆալ­ցի դաշ­նա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան խրա­խու­սե­լու 1915-1916 թո­ւա­կան­նե­րու դէպ­քե­րուն ա­ռե­րես­ման ուղ­ղո­ւած բո­լոր ջան­քերն ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը եւ հե­տե­ւո­ղա­կան ըլ­լա­լու ­­Գեր­մա­նիոյ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժի­նը ըն­դու­նե­լու հար­ցով»,- բա­նա­ձե­ւին բնա­գի­րը կը մեջ­բե­րէ RheinZeitung-ը: