Սիտնէյի հիւսիսային ափին գտնուող աւստրալական Ուիլոուպի վարչական տարածքի քաղաքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող միջնորդագիր:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբէն, Մայիս 11-ին Ուիլոուպիի քաղաքային խորհուրդը քննարկած է միջնորդագիրը, ուր նշուած է. «Ուիլոուպի քաղաքի խորհուրդը կը ճանչնայ հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու դէմ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ 1915-1922 թուականներու ընթացքին իրականացուցած ցեղասպանութիւնը եւ կը դատապարտէ այս եւ միւս բոլոր ցեղասպանական գործողութիւնները ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները` որպէս անհանդուրժողականութեան բացարձակ դրսեւորում»:
Միջնորդագիրը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ներկայացուցած է աւստրալահայ համայնքի վաղեմի բարեկամ, քաղաքային խորհուրդի անդամ Ճոն Հուփըրը: Այսպէս Ուիլոուպին դարձաւ աւստրալական երկրորդ ինքնակառավարման մարմինը, որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այստեղ կը բնակին հազարաւոր հայեր, կը գործեն հայկական եկեղեցիներ եւ համայնքային կեդրոններ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին ինքնակառավարման մարմինը եղած է Ռայտ քաղաքը: