Մայիս 5-ին Սպանիոյ Ծերակոյտի անդամ Ուրկօ Այարթցան եւ Սպանիոյ Գոնկրէսի անդամ Ռաֆայէլ Լառռէինան այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանու
թեան զոհերու յիշատակին: Անոնք ծաղիկներ դրած են Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին եւ շրջայց կատարած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանէն ներս:
“Բոլոր մարդիկ եւ այն երկիրները, որոնք արդարութեան կողմնակից են, պէտք է ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը”,- Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կատարած այցելութեան ժամանակ Armenpress-ին տրուած հարցազրոյցին ըսած է Ռաֆայէլ Լառռէինան:
Գործակալութեան հետ զրոյցին Ռաֆայէլ Լառռէինան, մասնաւորապէս, նշած է. – Պասկերու երկրի խորհրդարանը` այն խորհրդարանն է, որ կը ներկայացնէ պասկ ժողովուրդը, ճանչցած է զայն: Այս է պատճառը, որ փափաքեցանք ներկայ գտնուիլ յուշահամալիրին մէջ` հրապարակայնօրէն յայտարարելով մեր ճանաչման մասին, յարգանքի տուրք մատուցելու եւ յայտարարելու, որ կը կիսենք ցաւը եւ կոչ ընելու ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անոնց, որոնք դեռ չեն ճանչցած զայն, քանի որ սա մարդասիրութեան ու ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ` մարդոց միջեւ համերաշխութեան հարց է:
-Պասկերու երկրի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Որեւէ բանաձեւ պիտի ներկայացուի՞ արդեօք Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ:
-Իբրեւ պասկ հասարակութեան ներկայացուցիչներ` մենք այս հարցը պիտի բարձրացնենք այն բոլոր հարթակներէն, ուր կ’աշխատինք: Բնականաբար, մենք պիտի աշխատինք սպանական հաստատութիւններու հետ, իբրեւ Սպանիոյ կառավարութիւնն ու հաստատութիւնները ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի անոնք կիսեն ցաւն ու միանան ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւրոպական պետութիւններուն: Պիտի ընենք հնարաւորը, որ այս անարդարութիւնը երբեք չկրկնուի: Մենք մի քանի շաբաթ առաջ հասանք անոր, որ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն ներս լռութեան րոպէով յարգուի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, բայց մենք կը ցանկանք ունենալ լիագումար նիստի համաձայնութիւն Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: