Դեռ յստակ չէ, թէ Գերմանիոյ Խորհրդարանը՝ Պունտէսթակը, որ երկու անգամ յետաձգեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի քննարկումը, ե՞րբ կը քննարկէ զայն: Սակայն Պունտէսթակի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան երեսփոխան Ալպէրթ Վայլէր կը
հաւաստիացնէ, որ քննարկումը տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն:
Մայիս 2ին, պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումին, գերմանացի խորհրդարանականը ըսած է.
«Երեւանի մէջ՝ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» գիտաժողովի շրջանակին մէջ ունեցած իմ ելոյթի ընթացքին ըսի, որ այն դէպքերը որոնք տեղի ունեցած են, Ցեղասպանութիւն են։ Իմ շատ մը գործընկերներ եւս կը մտածեն, որ կատարուածը Ցեղասպանութիւն էր, եւ մենք քայլերու կը դիմենք, որպէսզի այդ բառը իր տեղը գտնէ բանաձեւին մէջ», ըսած է գերմանացի երեսփոխանը:
«Չեմ կրնար յստակ ըսել, թէ Պունտէսթակի մէջ քննարկումը ե՞րբ տեղի կÿունենայ, բայց կը հաւաստիացնեմ, որ շատ շուտով։ Տարբեր յանձնաժողովներու կողմէ քննարկումներէ ետք հարցը կը տեղա- փոխուի Խորհրդարան» աւելցուցած է Ալպէրթ Վայլէր: