Print
Category: Հայ Դատ

Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախագիծը պիտի քննարկէ այսօր Մայիսի 5-ին, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի պատգամաւոր Լորան Մոզար, կը հաղորդէ «Նուվել տ՛Արմէնի»-ն:

Լիւքսեմպուրկի Քրիստոնեայ ընկերվարական ժողովրդական կուսակցութիւնը ներկայացուցած է բանաձեւի նախագիծ, որով կ՛առաջարկուի 1915-ի հայոց կոտորածները նկատել ցեղասպանութիւն,  հետեւելով Ֆրանսայի խորհրդարանի, Եւրոպական խորհրդարանի եւ եւրոպական այլ երկիրներու օրինակներուն: Խորհրդարանական  Լորան Մոզար գրած է նաեւ, որ նախագիծին մէջ կը նշուի, թէ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն նկատմամբ կատարուած բարբարոսութիւններն ու ոճիրները «ցեղասպանութիւն  են»: