Print
Category: Հայ Դատ

Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ընդունուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի յիշատակման» յայտարարութիւնը, որ հեղինակած է ԵԽԽՎ-իո մէջ Ֆրանսայի պատգամաւոր, ԵԽԽՎ փոխ նա-խագահ Ռենէ Ռուքէն:
Յայտարարութեան միացած են աննախադէպ թիւով պատգամաւորներ՝ 171 պատգամաւոր՝ մօտ 40 երկիրներէ, կը յայտնէ PanARMENIAN.Net:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Ցեղասպանութիւնը աներեւակայելի յանցագործութիւն է հասարակութեան համար, որ ստեղծուած է հանդուրժողականութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան վրայ: Այսպիսի յանցագործութիւններու կանուխ կանխարգիլումը կրնայ վստահաբար կանգնեցնել հակամարտութիւններու, ողբերգութիւններու եւ մարդասիրական աղէտներու թէժացումը»: