Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքու Փորիսով խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Պէտք է ճանչնալ ցեղասպանութիւնը», որուն ենթարկուեցան հայերը՝ յոյս յայտնելով, որ «թրքական պետութիւնը նկատի ունենայ օսմանեան իշխանութեան եւ արդի Թուրքիոյ միջեւ մեր կատարած տարբերակումը»:
Նախապէս հարցի քննարկումը Պուլկարիոյ խորհրդարանին մէջ արգիլուած էր, ինչպէս «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համաժողովին ընթացքին յայտարարած էր Պուլկարիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչ Պօ Լենսի Ռոն: