Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու Պալատին մէջ աւարտած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած արտահերթ նիստը:
«Արմէնփրես»ի հետ զրոյցին՝ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արփի Հոչաչանեան ը սած է, որ արտահերթ նիստը բաւական երկար տեւած է, քանի որ ներկայ եղած են բոլոր կուսակցութիւնները, եւ բազմաթիւ պատգամաւորներ ցանկացած են ելոյթ ունենալ:
Ներկայացուցիչներու Պալատի փոխ-նախագահ Սուսաննա Պերէյրան իր ելոյթին մէջ կարեւորած է Ուրուկուէյի մէջ հայ ժողովուրդին յիշողութեան պահպանումը: Ան խօսած է հայ եւ ուրուկուէյցի ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին` շեշտելով, որ տեղի հայ համայնքը մեծագոյն ներդրում ունեցած է այդ բարեկամութեան կայացման գործին մէջ: Պերէյրան պատմած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կայացած ընտրութիւններու ժամանակ իր դիտորդական առաքելութեան մասին:
Մէկ այլ ներկայացուցիչ` Խորխէ Գուեկչեան պատմած է իր հայկական ծագման մասին` նշելով, որ իր մայրը, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ ընդամէնը 8 տարեկան եղած է, փրկուած է թուրքերէն` թաքնուելով անապատի քարանձաւներէն մէկուն մէջ: Սակայն գաղթի ճանապարհին եղած հազարաւոր փոքրիկներուն այդ մէկը չյաջողեցաւ:
Կիլիերմօ Ֆասելօն խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի կարեւորութեան մասին` աւելցնելով, որ պէտք չէ տարանջատում դրուի Հոլոքոսթի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ:
Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու Պալատի ներկայացուցիչ Դանիէլ Ռատիօն պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի յայտարարութեան, թէ ո՞ւր են Հայոց Ցեղասպանութեան ապացոյցները: «Հայ ժողովուրդը քարոզչութեան կարիք չունի: Ատոր համար կան երկիրներու խորհրդարաններ, ատոր համար կայ Ուրուկուէյի խորհրդարանը եւ մենք ատիկա կ՛ընենք առանց մեղքի զգացումի, առանց բարդոյթներու, քանի որ մենք գիտենք, որ մեր ըրածը բարոյական է եւ գիտենք, որ 50 տարի առաջ այս նոյն շէնքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծ ընդունածներն ալ բարոյական էին եւ նաւթով կեղտոտուած չէին»,- ըսած է ան: