Print
Category: Հայ Դատ

Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նը Ապ­րիլ 15ին միա­ձայ­նու­թեամբ որ­դեգ­րեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձեւ մը, որ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն եւ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն կոչ կ’ուղ­ղէ` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման հա­մա­պա­տաս­խան բա­նա­ձե­ւեր որ­դեգ­րե­լու եւ ո­րո­շում­ներ տա­լու:

«Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նը Ապ­րիլ 24ը հռչա­կեց Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տակ­ման օր` նշե­լով, որ այս փաս­տա­թուղ­թով «եղ­բայ­րու­թեան, հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան» եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րու ո­գիով կը միա­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման»:

Ըստ բա­նա­ձե­ւին, Խորհր­դա­րա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք նպաս­տած են Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, կ’ա­ռա­ջար­կէ ճշդել Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տակ­ման հա­մաեւ­րո­պա­կան օր մը, ո­րուն շնոր­հիւ «ան­գամ մը եւս կ’ընդգ­ծո­ւի աշ­խար­հի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րուն` խա­ղաղ եւ ար­ժա­նա­պա­տիւ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը»: Ա­սի­կա եր­րորդ ան­գամն է, որ Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նը կը ճանչ­նայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւեր որ­դեգ­րած է 18 Յու­նիս 1987ին եւ 28 Սեպ­տեմ­բեր 2005ին: