Print
Category: Հայ Դատ

14 Ապ­րի­լին Չե­խիոյ խորհըր­դա­րա­նի Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու Տան Ար­տա­քին Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու Կո­մի­տէն միա­ձայ­նու­թեամբ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րուած բա­նա­ձեւ ըն­դու­նած է: Վ­կա­յա­կո­

չե­լով Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին կող­մէ 9 Դեկ­տեմ­բեր 1948ի «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման եւ պա­տի­ժի» մա­սին Ուխ­տա­գի­րը, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած եր­կիր­նե­րու օ­րէնս­դիր ու գոր­ծա­դիր մար­մին­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ո­րո­շում­նե­րը՝ բա­նա­ձե­ւը կը դա­տա­պար­տէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը: Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք բանա­ձե­ւին ամ­բող­ջա­կան թարգ­մա­նու­թիւ­նը:

 

Ար­տա­քին Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու Կո­մի­տէն`

Վ­կա­յա­կո­չե­լով Մ.Ա.Կ.ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի 9 Դեկ­տեմ­բեր 1948ի 260րդ (III) բա­նա­ձե­ւը, որ յայտ­նի է նաեւ իբ­րեւ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման եւ պա­տի­ժի մա­սին» Ուխ­տա­գիր, եւ որ Չե­խոս­լո­վա­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ հրա­պա­րա­կո­ւած է ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի 28 Ապ­րիլ 1955 թո­ւա­կա­նի թիւ 32/1955 հրա­մա­նա­գի­րով,

Հա­շո­ւի առ­նե­լով հա­սա­նե­լի փաս­տե­րը, ինչ­պէս նաեւ` չեխ ճա­նա­պար­հորդ Քա­րել Հան­սա­յի վկա­յու­թիւն­նե­րը, նկա­տի ու­նե­նա­լով Եւ­րո­պա­կան խորհրդա­րա­նի, Ու­րու­կո­ւէ­յի, Քա­նա­տա­յի, Ֆ­րան­սա­յի, Շո­ւէ­տի, Լի­թո­ւա­նիոյ, Լե­հաս­տա­նի, Ի­տա­լիոյ, Յու­նաս­տա­նի, Կիպ­րո­սի, Ար­ժան­թի­նի, Ռու­սիոյ, Վե­նե­զո­ւե­լա­յի, Ս­լո­վա­քիոյ, Վա­տի­կա­նի եւ այլ պե­տու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րու եւ այլ օ­րէնսդիր ու գոր­ծա­դիր մար­մին­նե­րու ո­րո­շում­նե­րը,

Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, որ կ­՛ո­գե­կո­չո­ւի ամ­բողջ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հին կող­մէ 24 Ապ­րիլ 2015ին,

Կը յայտ­նէ իր ցա­ւակ­ցու­թիւնն ու հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը աշ­խար­հի հա­յու­թեան եւ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, կ­՛ո­գե­կո­չէ նաեւ ա­սո­րի­նե­րու, Փոքր Ա­սիոյ յոյ­նե­րու եւ ե­զի­տի­նե­րու կո­տո­րած­նե­րը,

Կ­՛անդ­րա­դառ­նայ այդ ժա­մա­նա­կին մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ հա­մա­պա­տաս­խան ար­ձա­գան­գի ան­բա­ւա­րար վի­ճա­կին, որ կա­րե­լի դար­ձուց ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն դէմ ճնշում­նե­րու ան­նա­խա­դէպ ա­ճը եւ նա­խան­շեց 20րդ դա­րուն նմա­նա­տիպ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց շար­քին` Ող­ջա­կի­զու­մը,

Կը դա­տա­պար­տէ նման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ` այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ծան­րու­թեան նո­ւա­զե­ցու­մը կամ ժխտու­մը: Կոչ կ­՛ուղ­ղէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան` կան­խե­լու մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը աշ­խար­հի ո­րե­ւէ հա­տո­ւա­ծի մէջ եւ վէ­ճե­րը կար­գա­ւո­րե­լու խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով: