Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած Վատիկանի Ս. Պատարագը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող Ֆրանսիս
Պապին Ապրիլ 12ի յայտարարութիւնը՝ աւելցնելով, թէ այդ յայտարարութիւնը պէտք է խթան մը ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որպէսզի ան յարգէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը, «վերջ տալով Անգարայի ուրացման արշաւին մեղասկից դառնալու ամօթալի ժամանակաշրջանին»։