Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի ընթացքին Հռոմի Ֆրանսիս Պապը Գրիգոր Նարեկացին հռչակած է Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Սր
բադասման դատումի կարտինալ Անճելօ Ամատօն իր խօսքին մէջ նշած է, որ Գրիգոր Նարեկացին իր կեանքով եւ վարդապետութեամբ քարոզած է գեղեցկութեան վարդապետութիւնը եւ անոր խօսքի գեղեցկութիւնը եւ վարդապետութիւնը գնահատած է ժողովուրդը: «100 տարի առաջ Արեւելեան եկեղեցւոյ հայրապետներէն մէկը՝ սուրբ Եփրեմ Ասորին հռչակուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Այժմ կը խնդրենք, որ Արեւելեան եկեղեցւոյ հայրապետներուն տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ յայտարարել Գրիգոր Նարեկացին:
Անոր խօսքի գեղեցկութիւնն ու աստուածաբանական միտքը միշտ մեծապէս գնահատուած են եւ՛ ժողովուրդի, եւ՛ խորիմաց աստուածաբաններու կողմէ: Անոր տեւական ժողովրդականութիւնը կապուած է իր գլխաւոր աշխատութեան՝ «Մատեան Ողբերգութեան» հետ, զոր հայ ժողովուրդը կ’անուանէ «Նարեկ» եւ անիկա հայ ժողովուրդի կողմէ կը համարուի անոր ամենատարածուած գրութիւնը: Անոր միտքը եւ խօսքը համեմատելի է Յովհաննէս Ոսկեբերանի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի հետ: Ահա այս պատճառներէն մեկնելով՝ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ դիմած են Հռոմի Պապին, որ ան հռչակուի Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Բոլոր աստուածաբանները սուրբերու սրբադասման դատավարութեան ժողովին տուած են իրենց դրական կարծիքը եւ ստորագրած այն հռչակագրի տակ, որ Գրիգոր Նարեկացին ստանայ այդ պատուաբեր տիտղոսը: Բոլոր կարտինալներու կողմէն եւս տրուած է այդ համաձայնութիւնը», -շեշտած է ան: Նշած է նաեւ, որ այս տարի առաջին հարիւրամեակն է այն սարսափելի չարիքին, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը եւ այս ողբերգութեան մէջ եւս Գրիգոր Նարեկացին հանդէս եկաւ, իբրեւ յոյսի եւ խաղաղութեան կերտիչ:
Այնուհետեւ Թուրքիոյ մէջ հայ կաթողիկէ առաջնորդը՝ գերաշնորհ Տէր Լեւոն արք. Զեքեան կարդացած է Նարեկացիի համառօտ կենսագրութիւնը՝ բացատրելու համար ներկաներուն, հիմնաւորումը, որուն համար այդքան բազմաթիւ կարտինալներ խնդրած են զինք հռչակել տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի կոչումը բարձրագոյնն է, որ կրնայ շնորհել Հռոմի Պապը: