Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագ մատուցեց Ֆրանսիս Պապը Կիրակի 12 Ապրիլին։ Ան իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանու
թեան մասին, զայն բնորոշելով որպէս 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւն եւ աննախադէպ ողբերգութիւն:
Պապը խօսեցաւ նաեւ անկէ ետք պատահած այլ ցեղասպանութիւններու մասին` յիշատակելով «նացիզմի եւ սթալինիզմի կողմէ գործադրուած ոճիրները, շեշտելով թէ անոնց յաջորդեցին այլ ցեղասպանութիւններ Ռուանտայի, Քամպոճիայի, Պուրունտիի եւ Պոսնիայի մէջ:
Ան խօսեցաւ հայերու հարուստ մշակութային ժառանգութեան մասին` նշելով երաժշտութեան, ճարտարապետութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ անոր ձգած անջնջելի հետքը:
Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի վարդապետացման կարգ: Հնչեց լատիներէն ֆորմուլան եւ Նարեկացին յայտարարուեցաւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Պատարագին ներկայ գտնուեցան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս պատրիարքը: Հաւաքուած էին նաեւ պատուիրակութիւններ՝ տարբեր մայր ցամաքամասերու երկիրներու հայկական համայնքներէն: Խօսքերով հանդէս եկան Վեհափառ Հայրապետները։ Նշենք, որ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագը պատմական պահ մըն էր։ Առաջին անգամ ըլլալով Հռոմի Պապը պատարագ մատուցանեց` յիշատակելով ցեղասպանութիւնը: Մինչեւ հիմա եղած էին միայն աղօթքներ տարբեր ցեղասպանութիւններու զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար, բայց պատարագ չէր մատուցուած: Յատկանշական է, որ պատարագը նախաձեռնած է անձամբ Հռոմի Ֆրանսիս Պապը:
«Հայոց Ցեղասպանութեան յուշը պարտադիր է. ծածկել յանցանքը կը նշանակէ ձգել որ վէրքը արիւնահոսի»
Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած էին բազմահազար ուխտաւորներ, որոնք հետեւեցան սուրբ պատարագին, ինչպէս եւ հեռուստատեսութեամբ հետեւեցաւ բազմամիլիոն հաւատացեալներ: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման պահանջը երբեք չէր հնչած այսքան բարձր ու այսքան համոզիչ, այսքան համահունչ մեր քրիստոնէական ինքնութեան հետ, որքան Կիրակի 12 Ապրիլին, Վատիկանի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին առիթով։
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի»:
Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ քահանայապետը, աւելցնելով հետեւեալը.-
«Սիրելի հայ եղբայրներ եւ քոյրեր, տարբեր առիթներով ընդգծած եմ, որ կ՛ապրինք պատերազմի ժամանակաշրջան մը՝ որովհետեւ ներկայ ենք աւերածութիւններու խենթութեան, որոնք ցաւօք այսօր կը շարունակուին: Մեր քրիստոնեայ եղբայրներէն շատերը նաեւ իրենց ազգային պատկանելութեան համար դաժանօրէն կը սպաննուին, կը գլխատուին, կը խաչուին, կենդանի կ՛այրուին, կամ բռնի կերպով կը տեղահանուին: Այսօր եւս, ցաւօք սրտի, դեռ կ՛ապրինք տեսակ մը ցեղասպանութիւն, որուն պատճառը համընդհանուր լռութիւնն է», ըսաւ Հռոմի Պապը:
Անոր խօսքով` մարդկութիւնը անցեալ դարուն երեք մեծագոյն ողբերգութիւններ ապրած է: «Առաջինը համընդհանուր ձեւով կը սահմանուի որպէս 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն, որուն զոհ գնաց ձեր ազգը, ինչպէս նաեւ յոյներն ու ասորիները, զոհ գացին նաեւ կիներ, ծերեր, նոյնիսկ երեխաներ: Միւս երկուքի պատասխանատուն նացիզմն ու կոմունիզմն էին, ստալինիզմը: «Կը թուի թէ մարդկութիւնը չի դադրիր անմեղ արիւն հոսեցնելէ, կը թուի, թէ մարդկութիւնը կը մերժէ սորվիլ իր սխալներէն եւ այսօր եւս տակաւին կան ոմանք, որոնք ջանք կը թափեն վերացնելու իրենց նմանները, մեղսակցութեամբ անոնց, որոնք անտարբերութեան հետեւանքով՝ չեն գործեր: Դեռ չենք սորվիր, որ պատերազմը խենթութիւն է»:
Սերժ Սարգսեան առանձնազրոյց ունեցած է Պապին հետ
Վատիկանի մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան առանձնազրոյց ունեցած է Ֆրանսիս Պապին հետ։ ՀՀ նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Սըրբազան քահանայապետին՝ սուրբ պատարագին համար։
Սերժ Սարգսեան նախորդող օրերուն հանդիպում ունեցած է նաեւ Հռոմի քաղաքապետ Ինիացիօ Մարինոյի հետ։ ՀՀ նախագահը բարձր գնահատած է Իտալիոյ աւելի քան 60 նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդներու մակարդակով Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Թուրքիան ցնցուած է պապի յայտարարութենէն ետք
Թրքական մամուլը անմիջապէս արձագանգած է Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագի ժամանակ Հռոմի Պապի այն յայտարարութեան, որ 20րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդի հանդէպ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: News.am-ի տեղեկացմամբ թրքական Hurriyet-ը գրած է, որ Հռոմի Պապը արտասանեց Թուրքիոյ համար ոչ ցանկալի բառը՝ 1915ի իրադարձութիւնները կոչելով ցեղասպանութիւն: Թըրքական Haber tuar կայքը Հռոմի Պապի յայտարարութեան մասին լուրը վերնագրած է. «Խաչակրաց քէն Թուրքիոյ դէմ»: Թրքական Beyazgazete-ը գրած է, թէ Հռոմի Պապը խիստ կատղեցուցած է Անգարան եւ համապատասխան արձագանգ կը ստանայ: Թրքական Haberler-ը Պապի ելոյթը Թուրքիոյ համար ցնցում համարած է: Իսկ Sabahն իր գլխաւոր էջի մէջ տեղադրած է յիշեալ լուրը՝ ընդգծելով, որ Հռոմի Պապին ելոյթը մեծ հակազդեցութիւն պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ:
Թուրքիան ետ կանչած է Վատիկանի իր դեսպանը
Հռոմի Պապի ելոյթին պատճառով, Թուրքիան խորապէս վրդոված է եւ անմիջապէս ետ կանչած Վատիկանի իր դեսպանը՝ «խորհրդակցութիւններու» համար: Նոյն պահուն անոնք իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Վատիկանին, Պապի յայտարարութեան կապակցութեամբ։