Քանի մը օր առաջ գրած էինք, թէ Կիպրոսի խորհրդարանը կը մշակէ օրինագիծ մը, որ կը նախատեսէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին պատժելիութիւնը:
Ապրիլ 2ի առաւօտեան, խորհրդարանը միաձայնութեամբ քուէարկելով այդ օրինագիծը, անոր տուած է օրէնքի հանգամանք:
Այսպէսով, Սլովաքիայէն, Զուիցերիայէն եւ Յունաստանէն ետք, Կիպրոս դարձաւ եւրոպական չորրորդ երկիրը, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու, պատերազմական ոճիրներու ժխտումը պատժելի արարք կը համարուի: Կիպրական այս օրէնքով որպէս պատիժ կը սահմանուի 5 տարի բանտարկութիւն եւ/կամ 10 հազար եւրօ տուգանք:
Կիպրոսի խորհրդարանի բանբեր Եաննաքիս Օմիրու այդ օրը համարելով պատմական, աւելցուցած է, որ այս օրէնքը թոյլ կու տայ վերականգնելու պատմական ճշմարտութիւնը:
Արեւմտեան մամուլը անդրադառնալով այս իրադարձութեան չի բացառեր, որ ան ա՛լ աւելի սաստկացնէ շուրջ չորս տասնամեակէ ի վեր շարունակուող թուրք-կիպրական լարումը:
Երեւան ողջունած է այս քուէարկութիւնը: Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծած է, որ իրադարձութիւնը խորհրդանշական է` Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի շեմին: «Այս օրէնքի ընդունմամբ Կիպրոսը կարեւոր ներդրում կատարեց ցեղասպանութիւնների եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնների կանխարգելման վեհ գործում»,- յայտարարած է Նալբանդեան: