Յունական եւ կիպրական մամուլը արձագանգ կը հանդիսանան Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս ներկայացուած բանաձեւի մը, որու հիմամբ՝ քրէական հետապնդումի եւ դատապարտումի արժանի պիտի նկատուի Հայոց ցե ղասպանութեան մերժումը։ Օրինագիծը խորհրդարանի իրաւական յանձնախումբին կողմէ քննարկուեցաւ երէկ Երկուշաբթի օր, մինչ խորհըրդարանականներու մեծամասնութիւնը կ’ուզէ քննարկումները աւարտել մինչեւ Հինգշաբթի օր, երբ Կիպրոս պիտի այցելէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Ինչպէս յայտնի դարձաւ, օրինագիծի նախնական բանաձեւը առաջին հերթին ստորագրուեցաւ խորհրդարանական բոլոր ուժերուն կողմէ։ Քրէականացումը կը վերաբերի Միջազգային Դատական Ատեանի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւններուն եւ ռազմական ոճիրներուն, բայց նաեւ ցեղասպանութիւններուն որ ճանչցուած են Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ, ինչպիսին են Հայոց եւ Յունաց Ցեղասպանութիւններու պարագաները։ Ինչպէս ծանօթ է նման օրինագիծ արդէն որդեգրուած է Զուիցերիոյ, Սլոքաքիոյ եւ Յունաստանի կողմէ։ Կիպրոսի մէջ խորհրդարանի նախագահ Եանաքիս Օմիրու ջերմ զօրակիցն է բանաձեւին, ինչպէս ինք յայտնած էր անցեալ տարուայ Նոյեմբերին, երբ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան կը գտնուէր։ Այսուհանդերձ քննարկումները կը շարունակուին, քանի որ վերջնական ձեւակերպումի յանգած չէ խորհրդարանը։
Կիպրոս իր այս քայլով կ’ուզէ բացայայտ իր զօրակցութիւնը յայտնել Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով։