Print
Category: Հայ Դատ

Լոն­տո­նի ի­րա­ւա­բա­նա­կան պա­լա­տի փաս­տա­բան, Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ­րո­պա­կան դա­տա­րա­նին (ՄԻԵԴ) մէջ թուրք ազ­գայ­նա­կան Տո­ղու Փէ­րին­չէ­քի գոր­ծով Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող խում­բի ան­դամ Ճեֆ­րի Ռա­պեր­թըն Նիւ Եոր­քի մէջ ե­ղած է Charlie Rose Show-­ի հիւ­րը` խօ­սե­լով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփրես»-­ը, հա­ղորդ­ման ա­ռա­ջին հա­տո­ւա­ծին մէջ հա­ղոր­դա­վա­րին խնդրան­քով Ռա­պըր­թըն նախ անդ­րա­դար­ձած է , թէ ին­չու 1915 թո­ւա­կա­նին դէպ­քե­րը պէտք է կո­չել «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»:

Ի­րա­ւա­բա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է, թէ ինչ­պէս հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ Ապ­րիլ 24-­ին Կ.­Պոլ­սոյ մէջ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը հա­ւա­քե­ցին եւ սպան­նե­ցին: «Ա­սի­կա միայն սկիզբն էր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ սպան­նեց հայ ազ­գին կէ­սը: Թուր­քիա այժմ կ­՛ը­սէ, թէ ի­րենք սպան­նած են միայն 800 հա­զար հա­յեր, բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն հայ սպան­նո­ւե­ցաւ: Տ­ղա­մար­դիկ մե­ծաւ մա­սամբ սպան­նո­ւե­ցան, իսկ կա­նայք, ե­րե­խա­ներն ու տա­րեց­նե­րը տա­րո­ւե­ցան ա­նա­պատ` քա­լե­լով շուրջ 500 մղոն տա­րա­ծու­թիւն, ուր ա­նոնք մա­հա­ցան տար­բեր յար­ձա­կում­նե­րէ, բռնա­բա­րու­թիւն­նե­րէ: Իսկ հա­յե­րուն պատ­կա­նող գոյ­քը բռնագ­րա­ւուե­ցաւ: Ա­սի­կա Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն էր այն ձե­ւա­կերպ­մամբ, որ մենք այժմ գի­տենք»,­- նշած է Ռա­պըրթ­սըն:

Ան պատ­մած է, որ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րոյ­թին հե­ղի­նա­կը ծա­գու­մով հրեայ լեհ ի­րա­ւա­բան Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քինն է, որ այդ ժա­մա­նակ մե­ծա­պէս ազ­դո­ւած էր հա­յե­րու հետ կա­տա­րո­ւա­ծէն: Ի­րա­ւա­բա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է նաեւ «­Նե­մե­սիս»-­ի կող­մէ սպա­նու­թիւ­նը թուրք ոճ­րա­գործ Թա­լէա­թի, ո­րուն ան կ­՛ա­նո­ւա­նէ թուր­քե­րու Հիթ­լեր, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր յա­ջոր­դած դա­տա­վա­րու­թեան, ո­րուն ար­դիւն­քով Սո­ղո­մոն Թեհ­լե­րեա­նը ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ:

Պա­տաս­խա­նե­լով հա­ղոր­դա­վա­րի այն հար­ցու­մին, թէ ին­չու Թուր­քիան այդ­քան վախ­ցած է Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, Ռա­պըրթ­սըն  նշած է. «­Պատ­ճառն այն է, որ այժմ կայ մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք, կայ փոխ­հա­տուց­ման հարց: Թուր­քիան կը պնդէ, որ հա­յե­րը ար­տաք­սե­լը ռազ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ե­ղած է: Բայց ե­րե­խա­նե­րուն, կա­նանց եւ տա­րեց­նե­րուն ար­տաք­սու­մը ա­նա­պատ­ներ, ուր ա­նոնք մա­հա­ցան, ո­րե­ւէ կերպ ռազ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն չի կրնար հա­մարուիլ»: Ան յի­շե­ցու­ցած է, որ բա­ցի սպա­նու­թիւն­նե­րէ, պե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վա­րած են թրքա­կա­նաց­ման քա­րոզ­չու­թիւն, ո­րուն հե­տե­ւան­քով շատ հա­յեր ստի­պուած ե­ղած են փո­խել ի­րենց քրիս­տո­նէա­կան ա­նուն­նե­րը` դարձ­նե­լով զա­նոնք իս­լա­մա­կան:

Անդ­րա­դա­ռա­նա­լով փոխ­հա­տուց­ման խնդրին` Ռա­պըրթ­սըն յի­շե­ցու­ցած է տա­րի­ներ ա­ռաջ ՄԻԵԴ-ի կա­յա­ցու­ցած ո­րո­շու­մը, ո­րով Թուր­քիան պատ­րա­ւո­րո­ւած էր փոխ­հա­տու­ցում վճա­րե­լու յոյն կիպ­րա­ցի­նե­րուն, ո­րոնք ստի­պո­ւած հե­ռա­ցած էին թուր­քե­րուն կող­մէ գրա­ւո­ւած Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սէն: «Ես աւստ­րա­լիա­ցի եմ, եւ մենք մաս­նակ­ցած են Ան­զա­կի ճա­կա­տա­մար­տին Կա­լի­փո­լիի մէջ, ուր իմ մեծ հօ­րեղ­բայրս սպաննուած է թուրք դի­պու­կա­հա­րի մը կող­մէ: Այ­դու­հան­դերձ, ես շատ չեմ յի­շեր ա­նոր, քա­նի որ ան կա­մա­ւոր կեր­պով գա­ցած էր կռո­ւե­լու, իսկ թուրք դի­պու­կա­հա­րը կը պաշտ­պա­նէր իր դիր­քե­րը: Սա­կայն ա­տի­կա խիստ տար­բեր է մի­ջազ­գա­յին յան­ցա­գոր­ծու­թիւն ըլ­լա­լէն:

Այն, ինչ որ այդ տա­րի­նե­րուն կա­տա­րո­ւե­ցաւ հա­յե­րուն հետ, նախ­կին ձե­ւա­կեր­պու­մով մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն էր, իսկ ներ­կայ ձե­ւա­կեր­պու­մով` Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն»,­- նշած է Ռա­պըրթ­սըն: Ան փաս­տած է, որ ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ մէջ կայ եր­կու հա­զար ե­կե­ղե­ցի, ո­րոնք սե­փա­կա­նա­ցո­ւած են թուր­քե­րուն կող­մէ, եւ ո­րոնք ու­նին վե­րա­կանգն­ման կա­րիք:

Ան կար­ծիք յայտ­նած է, որ Թուր­քիոյ ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը ԵՄ_­ին պէտք է կա­խո­ւած ըլ­լայ շարք մը գոր­ծօն­նե­րէ: «Էր­տո­ղան պէտք է առ­նո­ւազն ճանչ­նայ, որ ա­տի­կա յան­ցա­գոր­ծու­թիւն էր մարդ­կու­թեան դէմ, ետ վե­րա­դարձ­նէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ թոյլ տայ օգ­տա­գոր­ծել զա­նոնք, եւ մի­գու­ցէ ո­րե­ւէ խորհր­դան­շա­կան քայլ կա­տա­րէ:

Օ­րի­նակ, ես կ­՛ա­ռա­ջար­կեմ Ա­րա­րատ լե­ռը, որ ա­մե­նա­միս­տիկ սարն է, ո­րուն վրայ կանգ ա­ռած է Նո­յի տա­պա­նը: Ա­տի­կա հրա­շա­լի հաշ­տու­թեան քայլ կ­՛ըլ­լայ»,­ ընդգ­ծած է ի­րա­ւա­բա­նը: