Print
Category: Հայ Դատ

­Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը քա­ջա­լե­րա­կան կը գտնէ այն տե­ղե­կու­թիւ­նը, թէ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի «­Հա­մաշ­խար­հա­յին Օ­դա­կա­յան­ներ» ըն­կե­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է խզել ­Թուր­քիոյ ի նպաստ լոպ­պիա­ կան աշ­խա­տանք տա­նող կա­ռա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց «­Կեփ­հարթ» հիմ­նար­կին հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ չե­ղեալ հա­մա­րե­լով ա­նոր հետ կնքած 845.000 տո­լար­նոց հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։

­Հիմ­նար­կի հիմ­նա­դիրն է ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան դե­մոկ­րատ մե­ծա­մաս­նու­թեան նախ­կին պետ ­Ռի­չըրտ ­Կեփ­հարթ, որ դար­ձած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման գոր­ծիք մը՝ ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թեանց ձեռ­քին։ Այս պատ­ճառվ, ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը ան­ցեալ տա­րի կոչ ը­րած էր ­Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­պետ Է­րիք ­Կար­սե­թիին, որ խզէ քա­ղա­քին ու ­Կեփ­հար­թի հիմ­նար­կին մի­ջեւ կա­պե­րը։

Ն­շենք, որ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հո­վա­նիին տակ գոր­ծող ­Լոս Ան­ճե­լը­սի «­Հա­մաշ­խար­հա­յին Օ­դա­կա­յան­ներ» ըն­կե­րու­թեան վար­չու­թեան եօ­թը ան­դամ­նե­րէն վե­ցը ան­ցեալ տա­րի նշա­նա­կո­ւած էին քա­ղա­քա­պետ Է­րիք ­Կար­սե­թիի կող­մէ, իսկ ա­նոնց նշա­նա­կու­մը վա­ւե­րա­ցո­ւած էր ­Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ։

Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Նո­րա ­Յով­սէ­փեան կը նշէ, որ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան ան­դամ ե­ղած տա­րի­նե­րուն, ­Կեփ­հարթ աշ­խա­տանք տա­րած էր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւե­րու վա­ւե­րա­ցու­մի ա­պա­հով­ման ի նպաստ, սա­կայն ­Քոնկ­րե­սէն հե­ռա­նա­լէն ետք, ան մեծ գու­մար­ներ ստա­ցած է ­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն՝ ու­րաց­ման գոր­ծիք մը դառ­նա­լով։ Ն. ­Յով­սէ­փեան ող­ջու­նած է ­Կեփ­հար­թի հիմ­նար­կին հետ կա­պե­րը խզե­լու «­Հա­մաշ­խար­հա­յին Օ­դա­կա­յան­ներ» ըն­կե­րու­թեան եւ ­Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին ո­րո­շու­մը։ ­Կեփ­հար­թի հիմ­նար­կին դէմ աշ­խա­տան­քը մաս կը կազ­մէ ­Թուր­քիոյ ի նպաստ լոպ­պիա­կան աշ­խա­տանք տա­նող շարք մը այլ հիմ­նարկ­նե­րու դէմ սկսած ­Հայ ­Դա­տի «#FireDeniers» ար­շա­ւին։ Այս նպա­տա­կով, հա­րիւ­րա­ւոր հիմ­նարկ­նե­րու եւ ըն­կե­րու­թեանց նա­մակ­ներ յղո­ւած են՝ պա­հան­ջե­լով ա­նոնց­մէ, որ կա­պե­րը խզեն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման հա­մար աշ­խա­տանք տա­նող լոպ­պիա­կան հիմ­նարկ­նե­րուն հետ։