Print
Category: Հայ Դատ

Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մը մտա­դիր է 2016-ի պիւտ­ճէի ծի­րին մէջ մրցան­շա­յին չա­փով նո­ւա­զեցը­նել ­Հա­յաս­տա­նին, ինչ­պէս նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նին տրա­մադ­րո­ւե­լիք ե­լեւմ­տա­կան օգ­նու­թեան չա­փը: Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը հա­ղոր­դէ, որ խօս­քը մաս­նա­ւո­րա­պէս տնտե­սա­կան ա­ջակ­ցու­թեան մա­սին է, մինչ­դեռ եր­կու եր­կիր­նե­րուն տրա­մադ­րո­ւող զի­նո­ւո­րա­կան օգ­նու­թեան չա­փը պի­տի հա­ւա­սա­րե­ցո­ւի: Օ­պա­մա ա­ռա­ջար­կած է 2016-ին 18,360,000 տո­լար յատ­կաց­նել ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րա­մին: Եւ ե­թէ ­Քոնկ­րե­սը այս ա­ռա­ջար­կը հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նաց­նէ, ա­պա ա­տի­կա պի­տի ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րէն ի վեր նո­ւա­զա­գոյն տնտե­սա­կան օգ­նու­թիւ­նը: Օ­պա­մա­յի ա­ռա­ջար­կած գու­մա­րին չա­փը 2 մի­լիոն տո­լա­րով նո­ւազ է նա­խորդ ան­գամ յատ­կա­ցո­ւած գու­մա­րէն: Ա­մե­րի­կեան վար­չա­կազ­մին այս քայ­լը քննա­դա­տած է Ա­մե­րի­կա­յի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ող­ջու­նած է այն փաս­տը, որ ­Հա­յաս­տա­նին ու Ատր­պէյ­ճա­նին տրա­մադ­րուող զի­նո­ւո­րա­կան օգ­նու­թեան չա­փը հա­ւա­սար է: Ինչ կը վե­րա­բե­րի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի, ա­պա ա­մե­րի­կեան կող­մը ո­րե­ւէ ե­լեւմ­տա­կան օգ­նու­թիւն չէ նա­խա­տե­սած: