Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ թէ Գոլորատօ նահանգի Ծերակոյտը մերժած է քննել հակասական ու խնդրայարոյց բանաձեւ մը, Resolution SJR 15-006 անուանումով, որ կ'անդրադառնար ատրպէյճանա-ամերիկեան
համագործակցութեան ամրապնդման նպաստող քայլերու եւ ծրագիրներու:
Բանաձեւը առաջադրուած էր ծերակուտականներ Լարի Քրաուդերի, Լաուրա Վուցի եւ Գոլորատօ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Էդուարդ Վիզիլի կողմէ: Ծերակոյտի նիստին ներկայ էր Ատրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոսը, սակայն հակառակ իր ներկայութեան բազմակողմանի կերպով շեշտուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներու իրավիճակը եւ բռնատիրական ծանր վարչակարգը:
Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը ճիգ տարած էր ճշմարտութիւնը բացայայտող գրութիւններ հրապարակելու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած էր ելեկտրոնային արշաւ իրագործելու բանաձեւի հեղինակ Լարի Քրաուտերի գրասենեակին ու մնացեալ օրէնսդիրներուն դէմ, որպէսզի դէմ քուէարկեն բանաձեւի ընդունման:
Բանաձեւի հեղինակը իր համաձայնութիւնը տուած է ետ քաշել նախագիծը, բայց վերաքննութիւն նախատեսուած է Մայիսի կիսուն:
Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլէն Ասատրեանը ուրախութիւն յայտնած է որ Գոլորատօ նահանգը կը միանայ Հաուայիի, Միսիսիփիի, Հարաւային Տաքոթա, Թենըսի եւ Ուայոմինկի նահանգներուն, հաստատելով որ նաֆթով չի վաճառէր իր սկզբունքները կաշառակերութեամբ յորդող Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին մէջ: «Մենք յատկապէս ուրախ ենք, տեսնելով ծերակուտական Քրաուտերը, որ որոշած է վերանայիլ նախագիծը եւ ի վերջոյ դուրս բերել այն՝ տեսնելով Ատրպէյճանի չարաշահումներն ու արտաքին յարձակողապաշտութիւնը» ըսած է Ասատրեանը: