Ատրպէյճանի կողմէ զարնուած հայկական ուղղաթիռի եւ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան, ապատեղեկատուութեան մասին Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը նամակներ ուղարկեց եւրոպական կառոյցներուն, կոչ ուղղելով անոնց՝ խստագոյնս դատապարտել Ատրպէյճանը, որ պայթեցնել կը սպառնայ արդէն լարուած վիճակը:
Նամակին մէջ Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահը, նշած է, որ Արեւմուտքին թոյլատրած եւ ընդունած քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը նոյն նժարին վրայ դնելու, եւ երկու կողմերուն ուղղուած զսպուածութեան կոչերու արդիւնքն է, որ հոս հասցուց իրավիճակը: «Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը բազմիցս նշած է Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումը ձեզի: Մինսկի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն հետ իւրաքանչիւր հանդիպումէ առաջ Ատրպէյճան կը խախտէ զինադադարը, մաքսիմալիսթ դիրքերով ներկայանալու համար. Հայաստան նոյնիսկ զոհեր տալով, մի՛շտ կառչած մնացած է խաղաղ լուծման կողմնակից իր դիրքաւորումին: Այնքան ատեն, որ Ալիեւի արկածախնդրութիւնները չեն սաստուիր, ան պիտի շարունակէ կրակին հետ խաղալ»:
Կարապետեան նաեւ նշած է, որ հայութիւնը ընդհանրապէս, եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յատկապէս, իր գրասենեակին միջոցով զգուշացուցած է արեւմուտքն ու հանրային կարծիքը, սակայն ո՛չ մէկ քայլ առնուած է այդ ուղղութեամբ: «Զգուշացուցինք ձեզ, երբ Ատրպէյճան Նախիջեւանի հայկական դարաւոր խաչքարերն աւերեց եւ պատմական գերեզմանատունը ռազմական նշանառութեան վայրի վերածեց, կը զգուշացնէինք երբ Ատրպէյճան զինադադարը ամեն օր կը խախտէր, զգուշացնէինք ձեզ՝ երբ հայ քաղաքացիներ Պաքու կը փոխադրուէին եւ «անձնասպան» կ'ըլլային: Զգուշացուցինք ձեզ, երբ Ալիեւ Սաֆարովին հերոսի կոչում տուաւ: Այս տարուան օգոստոս ամսին ձեզ նաեւ զգուշացուցինք, երբ մօտ տաս օր Ատրպէյճան փորձեց զինադադարը խախտելով Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժել: Պատերազմի հաւանական վերսկսման պարագային՝ պատասխանատու պիտի ըլլան բոլոր եւրոպական եւ այլ մարմինները, որոնք այսքան ատեն մատը վէրքին դնելու փոխարէն՝ կը փայփայէին Ալիեւի Ատրպէյճանը, որ եւ անմեղ մարդկանց զոհաբերման ու մահուան պատճառ հանդիսացան: Խաղաղութեան առաքելութիւն ունեցող կառոյցները, մի՛շտ տատամսեցան Ալիեւը քննադատելու, տածելով այն խաբկանքը՝ թէ ան խաղաղութիւն կ'ուզէ»:
Նամակները ուղարկուած են Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովին, պաշտպանութեան եւ ապահովութեան յանձնաժողովին, Եւրոխորհրդարանի Եւրոնեսթի պատուիրակութեան, Եւրոխորհրդարան եւ Հարաւային Կովկաս պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանին մէջ քաղաքական խմբակցութեանց ղեկավարներուն:
Նամակ ուղարկուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Սալպերի, որ անցնող շաբաթավերջին արդէն Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած համաժողովի մը ընթացքին վերահաստատած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը աջակից է հակամարտութեան միա՛յն խաղաղ լուծման, եւ թէ ան պատրաստ է այցելել Ստեփանակերտ: