ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը պէտք է դատապարտէ Ատըրպէյճանի կողմէ անզէն ուղղաթիռի կործանումը եւ դադրեցնէ Պաքուին տրուող ռազմական աջակցութիւնը: Նման առաջարկով հանդէս եկաւ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախմբի նախագահ Արամ Համբարեան:
«Օպամայի աշխատակազմը պէտք է վճռականօրէն դատապարտէ ատրպէյճանական օդուժի կողմէց անզէն ուղղաթիռի կործանումը, որ կը թռչէր ԼՂՀ տարածքով: Միաժամանակ ԱՄՆ-ն պէտք է դադրեցնէ Պաքուին տրամադրուելիք ռազմական օգնութիւնը ու դադրեցնէ Ատրպէյճանի հետ երկկողմ բոլոր համաձայնագիրները, մինչեւ նախագահ Ալիեւը չդադրեցնէ իր յարձակումը ընդդէմ Արցախի եւ Հայաստանի: Սպիտակ տունը պէտք է հրաժարի այն գաղափարախօսութենէն, որ անպայման կողմերուն մէջ պէտք է պահպանել հաւասարութիւն: Փաստերը կը խօսին, եւ մենք պէտք է առաջնորդուինք ԱՄՆ քաղաքականութեամբ: Արցախը ժողովըրդավարութիւնն է, որ խաղաղութեան ձեռք կը մեկնէ, իսկ Ատրպէյճանը իր հակահայկական թշնամանքով կը հանդիսանայ յարձակման առաջնորդն ու բռնապետը: ԱՄՆ-ն պէտք է կանգնի խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան կողքին”,- “Արմէնփրես”-ի փոխանցմամբ` շեշտած է Արամ Համբարեան:
Վերջինս հանդէս եկած է նաեւ ուղերձով եւ կոչ ըրած է ամերիկահայերուն համախմբուիլ եւ իրենց տարածքի քոնկրէսականներէն պահանջել դատապարտել Ատրպէյճանի յարձակումը: ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին վրայ ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ատրպէյճական հրադադարի կարգի խախտման արդիւնքով վար առնուած է ԼՂՀ ՌՕՈՒ ՄԻ-24 ուղաթիռը: Հակառակորդը կը շարունակէ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէն կրակել: ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան շեշտած է, որ հայկական ուղղաթիռը ռազմական գործողութիւններու համար չէ եղած, ուղղաթիռին մէջ չեն եղած զինամթերք, եւ ատրպէյանական օդուժը զայն խոցած է թիկունքէն: