Print
Category: Հայ Դատ

Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ուշադրութիւն դարձնելու սուրիական ճգնաժամին Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ խաղերուն:

Թուրքիան ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կ'աջակցի «Իրաքի եւ Լեւանտի իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան: Յանձնախումբը կը նշէ, որ այդպիսով Թուրքիա կը շարունակէ իր մէկդարեայ ցեղասպան գործելաոճը, որը նպատակ ունի ոչնչացնել իր երկրին մէջ կամ երկրի սահմաններուն մօտ բնակող քիւրտերը, հայերը, արաբները, ասորիները, ալեւիները եւ միւս ազգային փոքրամասնութիւնները:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբին կողմէ Սպիտակ տուն ուղարկուած նամակով՝ յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան յորդորեց Պարաք Օպաման ԻԼԻՊ-ի դէմ տարուող պայքարէն զատ կանգնեցնել Թուրքին, որ ըս-տեղծուած իրավիճակով ահաբեկիչներուն կþօգտագործէ իբրեւ զինուորներ իր նեօ-օսմանական քաղաքականութիւնը իրականացնելու եւ փոքրամասնութիւնները ոչնչացնելու, իր տարածաշրջանային ազդեցութիւնը աւելցնելու ու սահմանները ընդլայնելու համար:
«Պարոն Նախագահ, մենք Թուրքիայի վերաբերեալ սուտերու կարիքը չունինք եւ ոչ ալ պարտաւոր ենք կրաւորական կերպով ընդունիլ անոր թափանցիկ սուտ ժխտումները: Քոպանիի, Տէր Զօրի մէջ, Հալէպի, Քեսապի մէջ եւ Սուրիայի հիւսիսային հատուածներուն Անգարայի աճող բռնութեան վրայ աչք փակելու փոխարէն, մենք պէտք է յամառինք, որ Թուրքիան դադրեցնէ իր աջակցութիւնը ԻԼԻՊ-ին, վերջ դնէ Սուրիոյ մէջ իր միջամտութեան ու առանց նախապայմաններու բանայ իր սահմանը»,- գրած է Քեն Խաչիկեանը: