Print
Category: Հայ Դատ

Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի օրէնսդիր խորհուրդը Սեպտեմբեր 10ին ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն: 

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի կայքէջը, նախաձեռնութեան հեղինակն է քոնկրեսական Ֆրետ Նայլը:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան սերտօրէն աշխատած է Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանի անդամներուն հետ, անոնց ներկայացնելով Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները եւ լարուածութեան վտանգաւոր սրումը Ատրպէյճանի կողմէ:
Միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ դատապարտել Ատրպէյճանի յարձակման գործողութիւնները, որ վերջերս դրսեւորուեցան Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, իսկ նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Թուիթըր»ի միջոցաւ պատերազմ յայտարարած է:
Այս յայտարարութեամբ, Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր սկզբունքային դիրքորոշումը ԼՂՀի վերաբերեալ: Աւստրալիոյ ամէնամեծ նահանգը 2012ի Հոկտեմբերին ճանչցած էր ԼՂ Հանրապետութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: