Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ խօսելով՝ «Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ընդունումը ողջունելի է» խօսքերով արտայայտուած է, աւելցնելով թէ «Յատկապէս այս մթնոլորտի մէջ, երբ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ներս ընթացքի մէջ է Փերինչեքի դէմ Զուիցերիոյ հակընդէմ հայցը, նման օրինագիծի ընդունումը շատ հաճելի է. նոյն պահուն պէտք է հետեւիլ այս ամիսներուն Եւրոպական Դատարանէն ներս սպասուող իրադարձութիւններուն, քանի որ այդ օրէնքը, հիմնականօրէն, նոյն մօտեցումը ունի, ինչպէս Զուիցերիոյ օրէնքը, որը ՄԻԵԴ-ի կողմէ առայժմ խօսքի ազատութեան կաշկանդում յայտարարուած է:
«Զուիցերիոյ ու Յունաստանի օրէնքները չեն վերաբերիր միայն Հայոց ցեղասպանության հարցին, քանի որ օրէնքներուն մէջ կÿըսուի, որ այն ոճիրները մարդկութեան դէմ, որոնք ընդունուած են դատարաններու կողմէ կամ, օրինակ, Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ, ժխտումը դատապարտելի է»,-նշած է Մանոյեան:
Հայ համայնքի յաջողութիւն
Կիրօ Մանոյեանը նշեալ օրինագիծի ընդունումը կը համարէ հայ համայնքի եւ յոյն հասարակութեան որոշ շրջանակներու գործունէութեան արդիւնք՝ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ առկայ են Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի սերտացող յարաբերութիւններ:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդւարդ Նալբանդեանի այցը Թուրքիա եւ նորընտիր նախագահ Էրտողանին փոխանցուած հրաւէրը հայ-թրքական արձանագրութիւնները վերակենդանացնելու մասին ակնարկ կը պարունակէր եւ այդ պատճառով ալ ողջունելի չէր: