Print
Category: Հայ Դատ

Ֆրանսացի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը պատժող նոր օրինագիծ ներկայացուցած է: Այս մասին կը հաղորդէ Nouvelles d'Armenie«-ն:


Պուայէի խօսքով՝ երբ Ֆրանսան կը պատրաստուի դիմաւորել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, Ֆրանսայի մէջ դեռ ոչ մէկ օրէնք թոյլ կու տայ պատժել ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը՝ բացի Հոլոքոսթէն:
Պատգամաւորի խօսքով, երբ Ֆրանսան պաշտօնապէս կը ճանչնայ երկու ցեղասպանութիւնները՝ Հոլոքոսթը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, միայն Հոլոքոսթի մերժումը պատժելի է երկրի մէջ: Պուայէ համոզուած է, որ այս անարդար իրավիճակը պէտք է փոխուի:
Անոր կարծիքով՝ բոլոր ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մերժումը պատժելու հնարաւորութիւնը կÿարձագանգէ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու հետապնդումներու ենթահողի թէժ խնդրին:
«Անհրաժեշտ է օրէնք ընդունիլ, որ պիտի առաջարկէ ժխտման նոր դասակարգում: Ես աշխատած եմ այլընտրանքային եւ նորարարական տարբերակին վրայ, որ արդիւնք է քրէական իրաւունքի հանրածանօթ մասնագէտներու հետ իմ ունեցած երկար մտորումներու: Ահա թէ ինչու կÿառաջարկեմ, որ հերքումը օրէնքի մէջ այլեւս չդիտարկուի միայն ազատ արտայայտուելու չարաշահում, այլ` մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Ասիկա ունի երկու առաւելութիւն. դուրս գալ ազատ արտայայտուելու առնչութեամբ Սահմանադրական դատարանի ձեւաւորած կարծիքի իրաւական փակուղիէն եւ պաշտպանել բոլոր ցեղասպանութիւններու մասին յիշողութիւնը»,- ըսած է պատգամաւորը: