ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի յայտնի յօդուածին, որուն մէջ վերջինս նշած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նոր եւ աւելի հաստատուն դարաշրջան պիտի հաստատուի,
եթէ մտաւորականները եւ քաղաքական գործիչները գործեն երկու կողմերուն հոգեբանական արգելքները յաղթահարելու եւ «արդարացի յիշողութիւն» կառուցելու համար՝ յայտնելով, որ «այն հիմնաւորումները, զորս արտաքին գործոց նախարարը կու տայ իր վերջին «գիտական յօդուածին մէջ», պատմութիւնը կը խեղաթիւրեն»:
«Փորձել խեղաթիւրել քաղաքականութիւնը՝ որոշ քաղաքական նպատակայարմարութենէ մեկնելով, նոյն ժխտողական քաղաքականութիւնն է՝ աւելի նուրբ, աւելի բարդ մօտեցումով», ըսաւ Մանոյեան:
Ըստ Մանոյեանի, ասիկա իրականութեան մէջ քաղաքականութիւն մըն է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տարիներ շարունակ առաջ կը տանին: Մանոյեան յայտնեց, որ այդ երկու եզրերը՝ «արդարացի յիշողութիւն» եւ «ընդհանուր ցաւ», որ օգտագործած է Տաւութօղլու, նախապէս օգտագործըւած են շարք մը մտաւորականներու կողմէ, որոնք կը փորձէին հանդէս գալ իբրեւ հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ մինչեւ հիմա իրենք զիրենք Հրանդ Տինքի ընկերներ կը կոչեն ու իրենց մօտեցումներուն մէջ պետութեան բացայայտ ժխտողական քաղաքականութեան քիչ մը տարբեր մօտեցումներ կը դրսեւորէին, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ կ՛ըսէին, որ անդրադարձ չըլլայ Պալքաններէն թուրքերու կամ իսլամներու տեղահանութիւններուն եւ այլն:
«Ասիկա, փաստօրէն, ուղղորդուած քաղաքականութիւն եղած է, եկած, հասած է մինչեւ 23 Ապրիլ՝ վարչապետ Էրտողանի ուղերձին, որուն յաջորդեց արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը: Կը կարծեմ, որ այս բոլորին պէտք է մէկ գնահատական տալ՝ ասիկա իրականութեան մէջ ժխտողականութիւնը քիչ մը աւելի մեղմ ձեւով առջեւ տանելու քաղաքականութիւն է», նկատել տուաւ Կիրօ Մանոյեան:
Ինչ կը վերաբերի Տաւութօղլուի այն միտքին, թէ «Հայերուն համար 1915 թուականը տեղահանութեան տարի էր, որուն ընթացքին մեծ ողբերգութիւններ տեղի ունեցած են, 1915 թուականին նախորդող եւ յաջորդող տարիները ողբերգութիւններով լեցուն էին նաեւ Անատոլիոյ թուրքերուն համար, այդ ժամանակ թուրքերը գոյութեան պայքար կը մղէին Չանաքքալէի մէջ, Պալքանեան պատերազմին ընթացքին, եւ ատիկա անոնց անկախութեան պատերազմն էր», Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ ասիկա իրականութեան մէջ պատմութեան խեղաթիւրում է, որովհետեւ թերեւս թուրքերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ ապրած են ցաւալի ժամանակներ, բայց անոր մէջ հայ ժողովուրդը ոչ մէկ պատասխանատուութիւն ունի: