Անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ Իլհամ Ալիեւի ելոյթը պարզապէս հեռու է առողջ բանականութենէն:
Նշենք, որ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նիստին Ատրպէյճանի նախագահութեան ելոյթին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ կրկին հակահայկական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ:
Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վերաբերեալ Խորհրդարանական վեհաժողովի պատգամաւորներու հարցումներուն ան պատասխանած է կոպիտ ձեւով եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման մէջ մեղադրած եւրոպական ժողովրդավարական պետութիւնները:
«Հասկնալի է, որ խօսքի ազատութիւն է, ով ինչ կ՛ուզէ՝ կրնայ ըսել, սակայն եթէ որեւէ երկրի նախագահ այս ձեւով ու ոճով կը խօսի նման ատեանի մէջ, եթէ մարդ այդքան սուտ խօսելու համարձակութիւն ունի եւ խօսքի ազատութեան անուան տակ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ կը հանդուրժուի ատիկա, կը սկսիմ մտածել, թէ արդեօք այդ ատեանին մէջ մենք պէ՞տք է մնանք, թէ՞ ոչ: Չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խօսիլ նման մարդու հետ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Ըստ Մանոյեանի, Ատրպէյճանի նախագահի իւրաքանչիւր ըսածին հայատեաց էութիւնը յստակ պէտք է ներկայացուի միջազգային հանրութեան, եւ պէտք չէ մտածել, որ ուրիշներ խնդիրները կը պատկերացնեն այնպէս, ինչպէս մենք:
«Ալիեւ կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի նախագահը ըսած է, որ հայ-ատրպէյճանական տագնապը կրօնական է: Այսինքն՝ այդ նոյն սրահին մէջ Հայաստանի նախագահի ըսածը այդքան գլխիվայր ներկայացնելը, ալ չեմ ըսեր անոր յայտարարութիւնը, թէ այսօրուան Հայաստանը հին ազրպէյճանական տարածք է, զարմանալի է ուղղակի:
Այդ մարդը քիչ մըն ալ որ շարժի, ուղղակի պէտք է կապել-տանիլ՝ իբրեւ գլուխը կորսնցուցած մարդ, որ կրնայ վտանգ ներկայացնել աշխարհին համար», շեշտեց Կիրօ Մանոյեան: