ՀՕՄի 70րդ Համահայկական Ժողովի կազմակերպման առիթով, «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը առիթը ունեցաւ տեսակցութիւն մը ունենալու Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Վիքի Մարաշլեանի հետ։ Զրոյցի հիմնական կէտերը կը հրատարակենք ստորեւ.
Երեք տարիներ առաջ կեանքի կոչուած Կեդրոնական Վարչութեան ձեր կազմը, իր ընտրութեան օրէն ի վեր սեղանի վրայ ունէր ՀՕՄի 100ամեակին առընչուած ծրագիրները, շարունակելով նաեւ ամբողջ գործունէութիւնը։ Ի՞նչ էր ձեր փորձառութիւնը այս ընթացքէն։
ՀՕՄի 70րդ Համահայկական ժողովը անկիւնադարձ մըն է մեր միութեան համար։ Արդէն բոլորած ենք 100 տար-ւայ գործունէութիւն, ունինք գիտակցութիւնը մեր միութեան իրագործած բազմակողմանի ու բազմերանգ աշխատանքներու կարեւորութեան, իսկ ապագայ թիրախները ճշդող պահուն կը գտնուինք։ Շատ կարեւոր է անմիաջական ապագայի միայն թիրախներ չզետեղենք մեր միութեան համար, այլ երկարաշունչ ծրագիրներ մշակենք, որպէս միջազգային կազմակերպութիւն։
Հսկայ տիտան ՀՕՄի աշխարհատարած միութիւնը ո՞ր հանգրուանին կը գտնուի ներկայ պահուս։ Իսկ ձեր փորձառութեան հիմամբ՝ դէպի ո՞ւր պէտք է ըլլայ ապագայի ուղղութիւնը։
ՀՕՄի աշխատանքը, այսօր, սփիւռքեան գաղութներու ազգային-միութենական կառոյցներու ընդհանուր գործունէութեան սահմաններէն անդին անցած է եւ հասած է նոր մակարդակի մը։ Անշուշտ միջազգային մեր կառոյցը կատարելապէս կը գործէ 27 երկիրներու մէջ, ուր ունինք 29 միաւորներ։ Մեր մնայուն ծրագիրները ունինք, որոնք պիտի շարունակենք Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի մէջ։
Յաջորդ հանգրուանին պէտք է աւելի հետամուտ ըլլանք կիներու առողջապահութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով։
ՄԱԿի մէջ ՀՕՄի ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը ինչպիսի՞ օգտակարութիւն ունի այս ծրագիրներու կապակցութեամբ։
Յառաջիկայ տարիներուն մէջ մեր աշխատանքը պէտք է ընդլայնուի օտար կազմակերպութիւններուն մօտ։ Ինչպէս ըսինք ՄԱԿի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մէջ արդէն շատոնց աշխուժացած ենք, իսկ համագործակցաբար կը մշակենք ու կþիրագործենք ծրագիրները։ Նոյնը պէտք է ըլլայ այլ օտար կազմակերպութիւններու մօտ եւս։
Այլեւս կը խօսինք ՄԱԿի կամ UNICEF-ի օրինակով միջազգային համբաւ ու կշիռ ունեցող կազմակերպութիւններուն մօտ աշխատանքներու մասին: Այսպիսի բարձր մակարդակի յարաբերական աշխատանքը դրական իր օգտակարութիւնը կþունենայ մեր միութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան համար: Այս կառոյցներու ճամբով ՀՕՄը իր աշխատանքի ծիրը ընդլայնած է՝ մասնակից դառնալով համաշխարհային տարողութեամբ ընկերային, բարեսիրական եւ մարդկային իրաւանց յարգումի ու պաշտպանութեան բազմազան աշխատանքներու։
ՀՕՄը վերջապէս դարձած է միջազգային ճանաչում ստացած կազմակերպութիւն մը: Եւ երբ միջազգային ճանաչում ունիս, տարբեր երկիրներու մէջ աշխատանքդ աւելի դիւրին եւ մատչելի կը դառնայ, իսկ պետական շրջանակներու եւ տեղական կառոյցներու հետ շփման հնարաւորութիւններդ կþընդլայնուին։
ՀՕՄը ասկէ առաջ, տարիներու ընթացքին, կարծես առանձնացած էր որպէս հայկական կազմակերպութիւն, մենք մեր մէջ մնացած ենք եւ պէտք է այդ ծիրէն դուրս գանք։
Ինչպէ՞ս կը կարծէք որ կրնանք ընդլայնել այս աշխատանքը։
Ինչպէս որ ըսի, մենք ՄԱԿի մէջ պաշտօնեայ մը ունինք, որ շատ աշխուժ ձեւով գործունէութիւն կը տանի։ ՄԱԿի յանձնախումբ ունինք, որ շատ գիտակից ընկերուհիներէ կազմուած է, որոնք ուսումնասիրեցին ՄԱԿի աշխատանքի գործելաձեւը, ինչպէս նաեւ թէ ինչպիսի ձեւով մենք կրնանք համագործակցութիւններ կնքել, կամ ծրագիրներու մասնակցիլ։
Ճանչցուած ու հաստատուած կազմակերպութիւն մը ըլլալը եւ մեր առաջադրանքներուն բացայայտ օգտակարութիւնը, բնականաբար, կարեւորութիւն կը ստանայ նաեւ տուեալ շրջանակներուն մօտ:
Եւրոպայի մէջ նաեւ նմանօրինակ աշխատանք կը տարուի։ ՄԱԿի մէջ Հայաստան-Եւրոպա-Ամերիկա օղակը միասնաբար կþաշխատի։
Բաւական գործ ունինք ընելիք։ Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք նոր մտածելակերպ բերելու մեր գործունէութեան մէջ, արդիականանալ ու յարմարիլ ժամանակներուն։ Երիտասարդ ընկերուհիներու ուժերու պէտք ունինք, մեր փորձառու ընկերուհիներուն կողքին, որոնք միասնաբար յառաջ պիտի տանին եւ պիտի արդիականացնեն մեր միութիւնը։
Հսկայական գործունէութիւն ծաւալած էք Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է մատակարարել այսպիսի լայնածաւալ ու բազմերես գործունէութիւն:
Մեր ընկերուհիներու նուիրումի ոգին է որ հսկայական է։ Այդ է որ մեր միութեան ուժին կը վերածուի, որ կը հասնի ուր որ պէտք է։ ՀՕՄը մնայուն ծրագիրներ ունի՝ կրթական, խնամատարական, դաստիարակչական, բարեսիրական, ամառնային արձակուրդի, որբախնամ, առողջապահական ծրագիրներ եւայլն:
Ես շատ ուրախ եմ, որ կը ներկայացնեմ այս կազմակերպութիւնը եւ շատ հպարտ եմ ՀՕՄի բոլոր շրջաններու կատարած գործունէութեամբ։ Ամէն տեղ մեր ՀՕՄուհիներու անսակարկօրէն կը նուիրուին մեր միութեան աշխատանքները յաջողապէս կատարելու համար։
Իսկ իւրաքանչիւր անդամուհիի անձը, փորձառութիւնը, կեանքի կամ մասնագիտութեան ընդմէջէն, էութեան մէջ մեր հիմնական դրամագլուխն է։ Շատ գիտակից ընկերուհիներ ունինք, որոնք պետական մակարդակով նոյնիսկ կարելի է պարտականութիւններ ստանձնել եւ ներգործօն քաղաքական դերակատարութիւն ունենալ կիներու հարցերու դիմագրաւման մէջ։
Հազիւ մի քանի օր առաջ, Երեւանի մէջ ՀՕՄի արձանի պաշտօնական բացման արարողութեամբ, փաստօրէն ամբողջացաւ 100ամեակի ծրագիրներու շարքը։
Յուշարձանի զետեղման հարցը նախորդ Կեդրոնական Վարչութեան կազմէն յառաջ եկած որոշում մըն էր։ 100ամեակի բոլոր ծրագիրներու մաս կը կազմէր հայրենիքի հողին վրայ ՀՕՄի նուիրուած յուշարձան մը ունենալու գաղափարը։ Ուրախ եմ որ յաջող իր աւարտին հասաւ այս ծրագիրը, ուր մէկ տարուայ ուշացում ունեցանք։ Անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին պէտք էր զետեղուած ըլլար յուշարձանը, երբ հայրենիքի մէջ կատարեցինք ՀՕՄի 100ամեակի նշումները։ Բայց քաղաքապետարանի եւ այլ հարցերու պատճառով ուշացաւ զետեղումը։ Վերջապէս իրագործուեցաւ։ Ներկայ գտնուեցան պետական անձնաւորութիւններ, ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներ. շատ յաջող արարողութիւն մըն էր։ Կոմիտասի այգիի մուտքին զետեղուեցաւ յուշարձանը. այն կը մարմնաւորէ հայ կինը, որ իր պարզուած բազուկներուն վրայ կռունկներ վերցուցած է, որպէս մեր ժողովուրդի հոգերը վերցնող, հայրենիքին եւ աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին ծառայելու մշտական խորհրդանիշ։
ՀՕՄի կազմակերպչական վիճակը ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ։
Կազմակերպչական հարցեր ունինք, յատկապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր գաղութային հարցեր ալ կը դիմագրաւուին։ Նաեւ 27 երկիրներու մէջ գործող հսկայական մեր միութիւնը երբեմն արագութեան, կամ հաղորդակցութեան հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուի։ Այս 70-րդ Համահայկական Ժողովը իր օրակարգերու շարքին, պիտի զբաղի կազմակերպչական հարցերու քննարկումով։ Կարեւոր է որ միութիւնը պահպանէ եւ անշուշտ կատարելագործէ սեղմ կազմակերպչական վիճակ։
Ինչ կը վերաբերի աւելի երիտասարդ ընկերուհիներ դիմագրաւելու հարցին, կան դժուարութիւններ։ Բայց ըսեմ, որ 100ամեակին առիթով կատարուած զօրաւոր քարոզչութիւնը հոս եւս իր արդիւնքը ունեցաւ եւ բաւական մեծ թիւ մը ներգրաւուեցաւ մեր միութեան շարքերէն ներս։ Սուրիոյ մէջ գրեթէ 100 երիտասարդ ուժեր եկան եւ միացան մեզի, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ նոյնպէս մեծ թիւ մը անդամագրուեցաւ։ Շատ անգամ խօսած ենք աւելի երիտասարդ տարիքներ ներգրաւելու մասին, նկատի առնելով թէ երիտասարդներու ժամանակը միշտ աւելի սահմանափակ է. այսպէս յանձնարարելի է որ յանձնախումբերու մէջ գործեն երիտասարդները, ըստ իրենց մասնագիտութեան եւ ըստ իրենց հետաքրքրութեան։
Նոր շրջաններ աւելցա՞ն։
Այո։ Ուրախ եմ յայտարարելու որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին նոր միաւոր մը ստեղծեցինք Տուպայի, ինչպէս եւ Վասթերոսի (Շուէտի) մէջ։ Ռուսաստանի մէջ միաւոր մը ունեցած ենք, բայց բաւական աշխատանք պէտք է տարուի, որպէսզի աշխուժանայ եւ ընդարձակուի տուեալ մասնաճիւղի թէ կազմը, թէ գործունէութիւնը, մանաւանդ որ մեծ թիւով հայութիւն կայ (2 միլիոն Ռուսաստանի մէջ, գրեթէ 1 միլիոն Մոսկուա)։
Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ նաեւ կը գործեն մասնաճիւղերը։ Ջաւախքի միաւորը շատ դժուար վիճակ կը դիմագրաւէ։ Վրաստանի իշխանութիւնները լուրջ նեղութիւն կը պատճառեն։ Իրական հալածանք է. վերջերս ատենապետուհի ընկերուհին գործէ արձակուեցաւ առանց պատճառաբանութեան։ Նոյնպէս այլ վարչական ընկերուհի մը։ Երկու ամիս առաջ առիթը ունեցայ Ջաւախք այցելելու եւ տեսայ որ նոյնիսկ մեր Ընդհանուր Ժողովին չկարողացան մասնակցիլ շատ ընկերուհիներ, վախի հետեւանքով. իսկ ժողովը փակուած դուռ-պատուհանով կատարեցինք, դժուար պայմաններու տակ։ Բայց ըսեմ, որ մեր ընկերուհիները շատ զօրաւոր կամք ունին, ՀՕՄական ոգիով կþաշխատին եւ չեն ընկճուիր հալածանքի մթնոլորտէն։
Մենք կը շարունակենք Ջաւախքի մէջ մեր ծրագիրները։ Հաւաքական մկրտութիւն կþընենք, շարադրութեան եւ հայոց պատմութեան մրցոյթներ կը կազմակերպենք, երիտասարդական կեդրոնները կը գործեն: Բազմաթիւ բուժկէտեր, բժշկական նոր սարքաւորումներ տրամադրուած են, վերանորոգուած են դպրոցներ։
Ի՞նչ է ձեր մաղթանքը ժողովին առիթով:
Առիթը որ ունեցանք կազմակերպելու եւ իրագործելու, -վայելելո՛ւ ըսեմ աւելի լաւ-, ՀՕՄի 100ամեակի ամբողջ ծրագիրը, մեծ փորձառութիւն եւ մեծ ուրախութիւն էր մեզի համար։ Մեր միութիւնը զօրացած կը մտնէ նոր դարաշրջան։ Ընկերուհիներ ունինք, որոնք երկար տարիներ կը ծառայեն միութեան, միշտ նոյն նուիրումով ու անձնազոհ ոգիով։
ՀՕՄը վայելած է գուրգուրանքն ու առատաձեռն մատուցումը մեր ժողովուրդին: Ինքն ալ իր կարգին միշտ փոխադարձած է հայ կարիքաւոր անհատներուն թէ կազմակերպութիւններուն:
ՀՕՄը գործած է զգացական մօտեցումով։ Հո՛ն,ուր կարիքը զգացուած է (երկրաշարժ, Արցախի պատերազմ, հայապահպանում, դպրոցներ եւալն)։ Յաջորդ 100ամեակին համար պէտք է գործել աւելի քաղաքական, աւելի ընկերային ծրագիրներու ընդմէջէն։ Ներկայիս անհրաժեշտ է թափ տալ ու յաւելեալ ճիգ գործադրել, որպէսզի ապահովուի ՀՕՄի յառաջընթացն ու զարգացումը սփիւռքեան գաղութներու եւ Հայաստանի ընկերութեան զարգացման ի խնդիր:
Ես կը հաւատամ, որ նոր սերունդ մը պատրաստելու պարտականութիւնն ալ ունինք մեր ուսերուն վրայ։ Լեզուի, մտածելակերպի, նոր ու արդիական ընկերութեան մը հիմքը դնող գիտակից ու աշխուժ նոր սերունդի մը։