Հայաստանի մէջ Սեպտեմբերի կիսուն կայացած  «Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ ղեկավարներու խորհրդաժողովին» մասնակցութիւն բերին Յունաստանի ՀՅԴ-ի, Հ. Կ. Խաչի եւ «Հայաստան» հիմնադրամի ներկայացուցիչները։

Օրին, մեր թերթի էջերէն անդրադարձանք խորհրդաժողովի արդիւնքներուն եւ հրատարակուած հռչակագրին։
Կատարուած քննարկումներու եւ առաջարկներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց մեզի Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Գէորգ Գոլանեանը։

Ժողովին մասնակից անձնաւորութիւններու եւ կազմակերպութիւններու թիւը տպաւորիչ էր։ Որքա՞ն արդիւնաւէտ կը նկատէք կազմակերպումը։

Համահայկական համաժողովի պատրաստութիւնը եւ իրագործումը, ինչպէս արդէն գիտէք, ստանձնած էր Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ պէտք է խոստովանիլ, որ իսկապէս կազմակերպչական առումով անթերի էր:
Այս համաժողովը նախորդներէն կը տարբերէր, որովհետեւ մասնակիցները կը ներկայացնէին գաղութներու մէջ գործող բոլոր քաղաքական, եկեղեցական, բարեսիրական, հասարակական եւ այլ միութիւնները, ի տարբերութիւն նախորդ համաժողովներուն, ուր իւրաքանչիւր երկիր՝ մէկ ներկայացուցիչով կը մասնակցէր, որպէս տուեալ երկրի պատուիրակութեան ղեկավար:
Իսկապէս մասնակիցներու թիւը տպաւորիչ էր. աւելի քան 500 ժողովականներ, 40 տարբեր երկիրներէ: Յայտնի էր, որ յատուկ ուշադրութիւն տրուած էր ներառնելու Սփիւռքի մէջ գործող բոլոր ուժերը, համագործակցութեան առիթ ստեղծելու առիթով:
Համաժողովը առիթ ընծայեց Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներուն մէջ գործող ներկայացուցիչներուն՝ իրար ծանօթանալու,տեղեկութիւններ ու փորձառութիւններ փոխանակելու իմաստով:
Գալով ձեր բուն հարցումին,  կրնամ ըսել, թէ իսկապէս արդիւնաւէտ էր կազմակերպումը, որովհետեւ ժողովի ընթացքին արտայայտուած գաղափարները, քննարկումները,  նոյնիսկ քննադատութիւնները, համահայկական ուժ եւ կարեւորութիւն ստացան, բան մը որ անկարելի է  նկատի չառնել երկուստեք՝ ըլլայ Հայաստանի իշխանութիւններէն, ըլլայ Սփիւռքի կառոյցներէն:
Արդիւնաւէտ կը նկատեմ, որովհետեւ համաժողովը թեմադիկ չորս աշխատանքային բաժանումներով ընթացաւ, ուր կարելիութիւնը տրուեցաւ մասնակիցներուն կարծիքներ փոխանակելու  եւ առաջարկութիւններ արձանագրելու, որոնք ի վերջոյ բանաձեւերու վերածուեցան:
Արդիւնաւէտ էր նաեւ, որովհետեւ հայրենիքի մէջ համախմբուած գտնուեցաւ համայն հայութեան ներուժը, որու կարելիութիւնները կրնամ ըսել հզօր են բոլոր մարզերէն ներս եւ մէկ նպատակաուղղուածութիւն ունին՝ Հայաստանի պետականութեան պահպանումը եւ հզօրացումը: Սա պայման է եւ բոլորիս պարտականութիւնը: Պետականութեան պահպանումը եւ հզօրացումը պարտաւորութիւնն են նաեւ Հայաստանի իշխանութեան, քաղաքական ուժերուն -ըլլան անոնք կառավարամէտ կամ ընդդիմադիր- ու նաեւ Սփիւռքի կառոյցներուն:
Վերջապէս արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ ժողովը մա՛նաւանդ Սփիւռքին համար, եթէ հոն առնուած բոլոր որոշումները իրագործուին եւ բոլորս մասնակից դառնանք ներկայ ծրագիրներուն, որ արդէն մշակուած են եւ գործադրութեան կÿանցնին՝ մշակոյթի, կրթութեան, մամուլի եւ երիտասարդութեան հարցերու շուրջ (ինչպէս օրինակ «Արի Տուն» ծրագիրը, արեւմտահայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութիւնը՝ Երեւանի պետական համալսարանի ամպիոնէն, որ արդէն կը գործէ, եւայլն):

Որո՞նք են ճշդուած առաջնահերթութիւնները։

Մեկնակէտ ունենալով համաժողովի գումարման թուականները՝ 19-20 Սեպտեմբեր 2011, այսինքն Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը, առիթ մըն էր, որ յետադարձ նայուածքով դիտենք հայ ժողովուրդի պատմութիւնը: Ե՞րբ վերջին անգամ, ամբողջ 20-ամեակի մը տեւողութեան անկախ -թէկուզ նեղ սահմաններու մէջ- բայց եւ այնպէս ազատ Հայաստան ունեցեր ենք. յայտնի է պատասխանը՝ 700 տարի առաջ: Այսօր ունինք ոչ մէկ, այլ երկու հայկական պետութիւններ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազատագրուած Արցախը, որ համայն հայութեան պարծանքն է:
Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանը, նկատի առնելով  այսօրուայ պատմաքաղաքան իրողութիւններէն բխող առաջնահերթութիւնները, համաժողովի առաջ դրաւ չորս կարեւոր հիմնահարցեր:
1.- Լեզուի եւ կրթութեան հիմնախնդիրներ:
2.- Երիտասարդական հիմնախնդիրներ:
3.- Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ տարելիցին ընդառաջ տարածաշրջանային յանձնախումբերու գործունէութիւն:
4.- Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման կառուցակառքերու հարց:
Ժողովականները ըստ հետաքրքըրութեան կամ մասնագիտութեան մասնակցեցան աշխատանքային չորս յանձնաժողովներուն, ուր մանրամասն քննարկուեցան տուեալ հարցերը եւ որոնց ամփոփ զեկոյցները տրուեցան եզրափակից լիագումար  ժողովին:

Իմացանք որ ժողովը թեմաթիկ նիստերով ընթացաւ։ Այս ի՞նչ կը նշանակէ։

Սփիւռքը ունի բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց լուծումը այսօր հրատապ նշանակութիւն ունի: Կրթական, տեղեկատուական, քաղաքական ու տնտեսական կազմակերպչական հարցեր. բոլորը հարցեր են, որոնց մէջ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդումը եւ հայութեան համախմբումը կարեւոր է:
Զանազան քննարկումներ կատարուեցան թեմադիկ նիստերու ընթացքին, լեզուի եւ կրթութեան մասին, երիտասարդական հարցերու, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Ցեղասպանութեան 100-ամեակ:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի թեմայով զբաղող յանձնաժողովին, ուր ի միջի այլոց կը մասնակցէին Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն պրն. Հայկ Դեմոյեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատու ընկ. Կիրօ Մանոյեանը, խմբագիր ընկ. Յարութ Սասունեանը եւ այլ քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ:
Կարեւոր եւ դրական էր, որ բոլոր ներկաները միասնական գտնուեցան թէ՝
- Պէտք է համահայկական առումով անցնիլ պահանջատիրական կեցուածքներու ոլորտ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ու այս ուղղութեամբ կազմել համահայկական ճակատ:
- Պահանջատիրութեան հարցով  ձեւաւորել համահայկական-ազգային քաղաքականութիւն, որուն պիտի հետեւի համայն հայութիւնը:
- Հարց բարձրացնել եկեղեցական ու համայնքային կալուածներու վերադարձին համար, եւ այլ յարակից հարցեր:
Նաեւ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ վերապրող ու կրօնափոխ հայ զանգուածը:
Համահայկական համաժողովի աւարտին ընդունուեցաւ «Ազգային հռչակագիր» մը որ վաւերացուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Հոն ներառնուած են հիմնական սկզբունքները, որոնց վրայ պէտք է ազգովին գործել: Հիմնական հարցերը քիչ թէ շատ բոլորիս ծանօթ են: Քաղաքէ քաղաք կը տարբերին առաջնահերթութիւնները եւ վտանգները: Այսօր ամէնէն հրատապ հարցը, որ կը դիմագրաւէ բոլոր Սփիւռքը այլասերման վտանգն է, որը կը սպառնայ թէ՛ «աւանդական» եւ թէ՛ նորաստեղծ գաղութները: Պայման է որ մեր երիտասարդութիւնը յաջողինք կապել Հայաստանի հետ: Ձեւերը կան, կամք պէտք է:
Այլ կարեւոր հարց մը, որուն համար Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պայքար մղեց եւ յաջողցուց՝ երկքաղաքացիութեան հարցն է: Հայաստանի պետութիւնը յատուկ կարեւորութիւն տալով հարցին, կոչ ուղղեց բոլորիս այս ուղղութեամբ:
Մենք յունահայերս մեծ առաւելութիւն մը ունինք, Աթէնք-Երեւան ուղղակի թռիչքը, որ նուազ կը տեւէ քան Աթէնք-Միլանօ կամ այլ տեղեր: Այս առաւելութիւնը շատ քիչ օգտագործած ենք: Ցաւով կը մտածեմ, թէ կան հայրենակիցներ, որոնք ոչ մէկ անգամ այցելած են հայրենիք: Անշուշտ կան հասկնալի դժուարութիւններ: Սակայն իրենց հաճոյքին համար կը ճամբորդեն դէպի Ամերիկա, Եւրոպա կամ հեռաւոր Արեւելք: Շատ զարմանալի կը թուի այս երեւոյթը:
Աւելցնեմ հետեւեալը նաեւ: Ծանօթ է, թէ զբօսաշրջութիւնը տնտեսութեան խթանման ամենակարեւոր միջոցներէն մէկն է: Հայաստանը իր բնութեամբ, մշակոյթով եւ պատմական յուշարձաններով հրապուրիչ երկիր մըն է, ուր զբօսաշրջութիւնը կրնայ զարգանալ: Մենք սփիւռքահայերս, կարեւոր դերակատարութիւն կրնանք ունենալ այս հարցին մէջ:
Կարծեմ, որ Հայատանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով  ընտրուած նշանախօսքը՝ «Հայաստանը դու ես» ճիշդ այս գաղափարը  յառաջ կը քշէ, յստակ դարձնելով, թէ համահայկական հարցերը բոլորիս  կը վերաբերին: Հայաստանը մենք ենք, մեզմէ իւրաքանչիւրը, ուր որ ալ  գտնուինք: Իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, որ կուգայ հայրենիքէն եւ կը միտի հայութեան հզօրացման, ըլլայ ան Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի կամ Ջաւախքի մէջ, ողջունելի է  եւ պէտք է քաջալերուի: