Print
Category: Հարցազրոյցներ

Հայոց Ցեղասպանութեան կենդանի փաստ՝ վերապրող Բաբգէն Գասպարեանի վկայութիւնը

«Հանգուցեալ մայրս սարսափով կը պատմէր, որ գիշեր մը եկան... հայրս, մեծ հայրս, հօրեղբայրներս, բոլորը հաւաքեցին եւ կախաղան առաջնորդեցին»:
Այս խօսքերով կը սկսի իր պատմութիւնը պատմել Աթէնքի արուարձաններէն Փանիոնիոս շրջանին մէջ բնակող պրն. Բաբգէն Գասպարեանը:

Մանկական տարիներու իր յիշողութիւնները գլխաւորաբար կը կեդրոնան իր մօր պատմութիւններուն վրայ, մինչեւ որ չորս տարեկան հասակին մէջ Ատանա կը հասնին ընտանեօք, ուր ալ կը սկսին իր սեփական յուշերը:

«1915ին հաւաքեցին բոլոր հայերը եւ ցեղասպանութեան ենթարկեցին: Մայրս կը պատմէր, թէ ճամբաները լեցուած էին դիակներով, կը բռնաբարէին, կիրճերէն վար կը նետէին մարդոց։ Ո՛չ անուանաքար կար, ո՛չ ալ գլխաքար, որ կը նշէր անոնց հաւաքական գերեզմանը։ Սարսափելի տարիներ էին» կÿըսէ ան եւ կենդանի իր նկարագրականով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան սեփական իր վկայութիւնը կուտայ:
«Ես երկու տարեկան էի, մայրս յղի էր քրոջս. երկու օր պայմանաժամ տուին մեզի, որպէսզի ծննդաբերէ: Այսպէս եղաւ որ խումբով չմեկնեցանք: Անկէ ետք մեզի արտօնեցին, որ Մերսինէն մեկնելով անցնինք Ատանա:
Մենք Կեսարիա կÿապրէինք, երբ խումբով մեկնեցան բոլորը. քիչ յետոյ՝ մենք ալ Ատանա գացինք:
Կը յիշեմ Ատանայի մէջ մեր կեանքը: Հոն չորս տարեկան էի: Պազար կար, ճամբաները կÿելլէինք, կը խաղայինք: Այն ատեն էր, որ դարձեալ ջարդերը սկսան: Հոն ապրեցանք որոշ ժամանակ. ես փոքր էի, բայց կը յիշեմ մեր դիմադրութիւնը, որքան եւ ուր որ կարելի էր»:
Պրն. Բաբգէնը սուր յիշողութեան տէր քաղցր ժպիտով  ծերունի մըն է, որ զգայացունց պատկերներով կը ներկայացնէ իր սեփական կեանքի հանգրուանները, երբեմն առջեւ-ետեւ երթալով իր պատմուածքին մէջ, երբեմն ալ իր տիկնոջ՝ տիկին Մարիային օգնութեան եւ կարծիքին դիմելով, երբ հարց կուտանք իրենց կեանքի ներկայ պայմաններուն մասին: Ան ցաւ կը յայտնէ որ լուսանկարներ չի տրամադրեր, իրենց ընտանեկան կեանքէն, «այն ժամանակ ո՞վ դրամ ունէր այդպիսի բաներու համար...»:
«Թուրքիան դաշնակից էր Գերմանիոյ հետ: Շատ էին հնարաւորութիւնները վաճառականութեամբ զբաղող մարդոց համար: Մեր ընտանիքը եւս վաճառականներէ կը բաղկանար. բոլորը միասին կÿապրէին. մայրս երբ ամուսնացաւ հօրս հետ, 12 հոգի միասին կÿապրէին, նոյն տան մէջ» կÿըսէ ու զարմանք կը յայտնէ կեանքի փոխուած պայմաններուն մասին: «Դժբախտաբար հիմա մեր ամէնօրեայ յարաբերութիւնը խախտած է: Շաբաթներ եւ ամիսներ կÿանցնին, մինչեւ որ իրար հանդիպինք...» կÿըսէ ան:
«Ատանայի մէջ մօրեղբայրս ֆրանսական բանակի բարձրաստիճան սպայ էր, անունը՝ Չիչէքեան: Ան փորձեց մեզ բոլորս պատսպարել երբ Ատանայի մէջ հետապնդումները եւ ջարդերը սկսան:
Թրքական բանակը սկսաւ զօրանալ, հետզհետէ կը ճնշէին մեզ: Գիշեր մը մօրեղբայրս եկաւ, զինուորական կառքերով, մեզի հաւաքեց. ապրանքները վերցուցինք, մեզ հետ տարինք: Իր քով մնացինք: Երբ Ատանայի մէջ սկսան ջարդերը սաստկանալ Իզմիր գացինք, ուր ապրեցանք մինչեւ 1923ի Իզմիրի հրդեհումը եւ աւերը»:
Չորս քոյր-եղբայր էինք եւ բոլորս հոն ծնանք: Երկու մեծ եղբարներս Քորտելիոյի ամերիկեան դպրոցը կը յաճախէին: Երբ բռնութիւնները սկսան մայրս մեկնեցաւ Քորտելիոյ իրենց մեր մօտ բերելու համար: Բայց պատասխանատուները իրեն յանձնարարեցին որ հոն ձգէ երկու տղաքը, վստահեցնելով որ աւելի ապահով էր դպրոցը: Մայրս ձգեց: Ետ եկաւ: Այդ օրերուն, երբ ամէն մարդ փախուստի միջոց կը փնտռէր, նաւահանգիստ կÿիջնէր  եւ նաւ բարձրանալ կը փորձէր, բոլորս մէկ եղանք, իրարու հետ քով-քովի փրկութեան ելք փնտռեցինք» ցաւով կը յիշէ պրն. Բաբգէնը:
«Երբ Փիրէա հասանք մեզ տարին Այ Տիոնիսիի շրջանը, Փիրէայի նաւահանգիստին վերեւ գտնուող բլուր մը: Վրաններ լարեցին եւ ամիսներով հոն մնացինք, Փիրէայի գերեզմանատան ճիշդ քովը: Մինչեւ հիմա կը յիշեմ, որ երեք օր շարունակ գերեզմանատան մէջ քնացանք: Յետոյ բանակին պատկանող պահեստանոցներու մէջ մտանք, մէկական ծածկոցով իւրաքանչիւրս: Հիւանդութիւններու պատճառով, օրական 30-40 մարդ կը մահանար: Փոքրիկներ, երեխաներ: Բայց մենք այն ժամանակ պատանի էինք, ջուրերուն մէջ կոխկրտելով կÿուրախանայինք: Բոլորս թրքախօս էինք, կամաց-կամաց փորձեցինք քիչ մը յունարէն սորվիլ: Առտուընէ մինչեւ գիշեր ճամբաները կը պտտէինք, յետոյ երբ քիչ մը մեծցանք սկսանք աշխատիլ: Ես կուտ կը ծախէի: Մեծ եղբայրս ալ Ֆրանսա մեկնեցաւ ետքը:
Յոյները արդէն պատերազմը կորսնցուցած էին: Դժուարաւ իրենց երկիրը կը կառավարէին, հսկայական թիւերով աղքատ գաղթականութիւնը  կը փորձէին տեղաւորել: Որոշ ժամանակ ետք, լսեցինք որ պետութիւնը տուներ պիտի տրամադրէ Գոքինիոյ մէջ: Մեզի փոքրիկ սենեակ մը տուին:
Մօրս երկրորդ եղբայրը, 1916էն ի վեր Աթէնք հասած էր, փախստական: Պետութիւնը Ամարուշի մէջ հիւղակներ տրամադրած էր գաղթական եկած ժողովուրդին: Եկաւ մեզի գտաւ. իր քովը տարաւ:
Հետզհետէ երկրորդ եղբօրս հետ ընկերութեան մը մօտ գործ գտանք: Ամուսնացանք, զաւակներ ունեցանք: 1964էն ետք Գարակէօզեանի կառուցած շէնքերուն մէջ հաստատուեցանք Փանիոնիոսի շրջանէն ներս» իր պատմութիւնը կÿամբողջացնէ պրն. Բաբգէնը: Հայոց Ցեղասպանութեանէն գրեթէ դար մը անցած ներկայ ժամանակներուս, թիւով շատ քիչ այլեւս վերապրող վկաները՝ կը շարունակեն կենդանի ամուր փաստը ըլլալ, Թուրքիոյ կողմէ 20-րդ դարու մէջ գործուած՝  Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրին:


«Ազատ Օր»