Կիրակի 16 Մարտին ծրագրուած մեր վարժարաններուն ի նպաստ հանգանակութեան նախօրեակին, «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը անհրաժեշտ նկատեց հարցազրոյց մը ունենալ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետուհի տիկին Անի Թագւորեան-Այվազեանի հետ, քննարկելու համար ազգային-կրթական, ինչպէս նաեւ վարժարաններու կառուցային վիճակի ու դասաւանդութեանց հարցեր:
Ինչպիսի՞ պատկեր կը ներկայացնէ ազգային մեր վարժարաններու աշակերտութիւնը:
Հայ Կապոյտ Խաչի Ազգային վարժարաններու մէջ աշակերտութեան թիւը բարձր է: «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» նախակրթարան կը յախաճեն 117 աշակերտներ, «Զաւարեան» նախակրթարան՝ 90 եւ «Ճէնազեան» միջնակարգ՝ 44:
Ուսումնական Խորհուրդը ինչպէ՞ս կը հակակշռէ մեր ամենօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը:
Խիստ պահանջկոտ է Ուսումնական Խորհուրդի աշխատանքը, որ կոչուած է հսկելու վարժարաններու գործունէութեան, մատուցուած ուսումի մակարդակին, օգտագործուող համակարգին, լսողատեսողական միջոցներուն եւ ամէն ինչի որ դպրոցներու առօրեայ աշխատանքին կը վերաբերի: Մեր պարտականութիւններու ծիրէն ներս կ’ընդգրկուի նաեւ հայ ուսուցիչներու վերապատրաստման հարցը:
Պէտք է նշել Ուսումնական Խորհուրդի եւ Տնօրէնութեանց միջեւ համագործակցութեան բարձր մակարդակը: Մեր կապերը յաճախակի են եւ անմիջական:
Ընդհանուր այս աշխատանքին մօտէն կը հսկէ Ազգային Վարչութիւնը, շաբաթական զեկոյցներ եւ գնահատումներ կատարելով դպրոցներու գործունէութեան շուրջ:
Կարելի՞ է խօսիլ հայկական եւ յունական ուսումնական կրթական ծրագրի մասին: Հայերէնի դասա- գրքերը ուրկէ՞ կ’ապահովուին:
Հայերէնի կրթական ծրագրին մէջ կ’իրագործուին հայերէն լեզուի, կրօնքի, աշխարհագրութեան, երգի եւ հայոց պատմութեան դասերը: Յունական կրթական նախարարութեան կողմէ պատրաստուած յունարէնի ընդհանուր ծրագիրը մեր վարժարաններէն ներս կը գործադրուի լրիւ:
Ինչ կը վերաբերի օգտագործուող դասագրքերուն, Հայոց Պատմութեան առարկայի շուրջ կ’օգտագործուի պրն. Միհրան Քիւրտօղլեանի հեղինակած գիրքը, իսկ հայերէն լեզուին համար՝ պրն. Յարութիւն եւ տիկ. Մարօ Քիւրքճեաններու հայերէն լեզուի դասագրքերը եւ հայ հեղինակներէ խմբուած խտացեալ գործեր: Հայերէնի մնացեալ դասագրքերը կ’ապահովուին Սփիւռքի այլ գաղութներէ:
Կարեւոր է նշել թէ յաջորդական տարիներուն ընթացքին մեր վարժարաններու շրջանաւարտ աշակերտները, իրենց ուսումը շարունակելով յունական երկրորդական դպրոցներէն ներս (լիկիոններ) լաւ վարկ եւ կրթական բարձր մակարդակ կը ցուցաբերեն՝ արժանանալով յոյն դաստիարակներու գնահատանքին: Ծանօթ են նաեւ Յունաստանի համալսարանի մուտքի քննութիւններուն իրենց բերած յաջողութիւնները:
Ինչպէ՞ս կը գնահատէք մեր վարժարաններու ուսումնական մակարդակը:
Մեր դպրոցներու ուսումնական մակարդակը կը մնայ բարձր: Մեր ուսուցիչներուն ուսումը եւ փորձառութիւնը իրենց ուսուցչութեան ասպարէզին մէջ մեծ դեր կը խաղայ դպրոցի վարկը եւ արժէքը բարձր պահելու եւ հայ գիրն ու խօսքը մեր նոր սերունդին մօտ սիրելի դարձնելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին ընթացքին նախաձեռնուեցաւ ուսումնամեթոտական դասաւանդման սեմինա- րի մը, որ մի քանի ամիսներու տեւողութեամբ կը գործադրուի: Այս սեմինարներու ծրագիրը մշակուեցաւ եւ կ’իրագործուի մեր գաղութի ուսումնասէր հմուտ երկու անձնաւորութիւններէ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի եւ Յովսէփ Պարազեանի, որ իրենց թանկագին օգնութիւնը տրամադրեցին մեզի, որու համար հրապարակաւ մեր անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք:
Նաեւ, ինչպէս տեղեկացուցած էինք ատենին, Աթէնքի վարժարաններէն երկու ուսուցչուհիներ մասնակցեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած հայ ուսուցիչներու վերապատրաստման խիստ շահեկան դասընթացքներուն 2013-ի ամրան հայրենիքի մէջ:
Աւելցնենք նաեւ թէ մեր վարժարաններու ուսուցիչները կը մասնակցին յունական նախարարութեան կողմէ իրագործուող կրթական սեմինարներու, յոյն դասախօսներու կողմէ:
Ուսումնական Խորհուրդը կարեւորութեամբ նկատի կ’առնէ բոլոր սեմինարներու արդիւնքները եւ այս աշխատանքի շարունակութիւնը կը քաջալերէ:
Հայեցի կրթութիւն ջամբելու ճիգին առընթեր, հայեցի միջավայրը դպրոցի շրջափակէն ներս պահելու անհրաժեշտ մթնոլորտը ինչպէ՞ս կը ստեղծուի:
Հայեցի միջավայրը պահելու համար անհրաժեշտ կը նկատենք հայկական մթնոլորտի ստեղծումը: Այս մէկը յաջողցնելու համար պէտք է աշակերտներու փոքր տարիքէն հիմքերը ստեղծել, դպրոցէն ներս հայկական երգեր եւ ասմունքներ սորվեցնելով, մեր ազգային տօները պատշաճօրէն նշելով, տօնակատարութիւններով, մեր հայկական աւանդութիւնները պահելով, եկեղեցի յաճախելով, եւ տարբեր նախաձեռնութիւններու մասնակցելով որ հայաշունչ մթնոլորտը պիտի շեշտեն:
Յաւելեալ ըսենք, որ կարեւոր կը նկատենք նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուած մրցոյթներու եւ կրթական տարբեր ծրագիրներու մեր աշակերտութեան մասնակցութիւնը, որ Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ համակարգուած ձեւով իրագործուելով, կրնայ լաւագոյն արդիւնքներու յանգիլ: Նման ծրագիրներ վստահաբար կը նպաստեն մեր աշակերտներու մտային զարգացման, կը սերտացնեն կապերը եւ կ’ամրապնդեն փոխ յարաբերութիւնները:
Յիշենք նաեւ, թէ ամէն տարեշրջանի աւարտին, մեր միջնակարգի 3րդ դասարանի աշակերտներու այցելութիւնը Հայաստան կը կազմակերպուի, վստահ ըլլալով թէ այս նախաձեռնութիւնը կ’ամրապնդէ մեր պատանիներուն սէրը հայրենիքին հանդէպ եւ ազգային ոգին կը զօրացնէ անոնց մօտ:
Վարժարանային դաստիարակչական ծրագրէն զատ արտադպրոցական ծրագիրներ կ’իրագործուի՞ն:
Այո, միշտ: Որպէս օրինակ նշենք թանգարաններու, աստղադիտանի, թատերական ներկայացումներու, խեցեգործութեան դասընթացքներու, «Աւերոֆ» ռազմական նաւու թանգարան կատարուած այցելութիւնները, եւայլն:
Մեր նախակրթարաններու 6րդ աւարտական դասարաններու աշակերտները աւանդաբար միօրեայ պտոյտի մը կը մասնակցին, ինչպէս եւ մեր միջնակարգի աւարտական դասարանը Հայաստանագնացութիւն կը կատարէ, որպէսզի մեր աշակերտները հայրենիքի մեր դպրոցի միջավայրէն մեկնելով իրենց սրտերուն մէջ ամուր պահեն հայրենիքի եւ հայ դպրոցի պատկերը:
Աւելցնենք նաեւ թէ երեք մեր վարժարաններու Ծնողական Միութիւնները շատ աշխուժ եւ գործունեայ են, տարբեր բնոյթի նախաձեռնութիւններ առնելով, ձեռնարկներ, դասախօսութիւններ, պարհաւաքոյթներ եւայլն:
Վերջապէս, ծանօթ է բոլորին թէ մեր աշակերտները առիթը ունին մեր գաղութի միութիւններուն ընդմէջէն վայելելու արտադպրոցական գործունէութեան լայն շրջանակ մը, որ կը ներառնէ մարզական, մշակութային, սկաուտական, ճատրակի, պարերու եւ այլ ծրագիրներ: Նման փորձառութիւն մեր երիտասարդութիւնը մօտ կը պահէ գաղութային աշխատանքներուն, իրենց առիթը տալով զարգացնելու իրենց կապերը եւ ազգային կեանքէն ներս կամաւոր մատուցողներու փայլուն շարքին անցնելու:
Հայ ծնողքը կ’ընտրէ՞ հայկական վարժարանը իր զաւկին համար: Գիտակի՞ց է հայկական դպրոցի ազգային առաքելութեան:
Այո: Հայ ծնողքը գիտակցաբար կ’ընտրէ հայկական վարժարանը իր զաւկին համար, գիտնալով թէ մեր դպրոցները փոքրաթիւ դասարաններով (ի տարբերութիւն ուրիշ հանրային թէ սեփական դպրոցներու պատկերին) ու ապահով միջավայրով յատկանշուած են: Անոնք շատ լաւ կը գիտակցին թէ աշակերտը կը ստանայ Յունաստանի կրթական նախարարութեան կողմէ իրագործուող լման ծրագիրը, յաւելեալ նաեւ հայերէն լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի ուսուցում եւ դպրոցին ընդմէջէն կ’ամրապնդէ գաղութին հետ իր մնայուն կապերը:
Դպրոցներու եւ ծնողներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան մթնոլորտ կայ: Շատեր արդէն մեր դպրոցներու շրջանաւարտներ են, որոնք անձնապէս ծանօթ են մեր դպրոցներու տաքուկ մթնոլորտին եւ Հայ Կապոյտ Խաչի բազմազան մատուցումներուն:
Մեր դպրոցները մեր գաղութի կեանքի կեդրոնն են: Իսկ մեր թիրախն է՝ պատասխանատու քաղաքացիներ եւ գիտակից հայ անհատներ պատրաստել: Խօսուն օրինակը կը կազմէ յաջորդական հայ սերունդներու ներկայութիւնը մեր գաղութի գործունէութեան վերաբերող բոլոր նախաձեռնութիւններուն, սկսելով ձեռնարկներէն, միութենական կեանքէն, Հայ Կապոյտ Խաչի արիւնատուութիւններէն եւ Ազգային Վարչութեան կողմէ նախաձեռնուած Ֆոնեթոնին:
Ներկայ պայմաններով, ո՞ր մէկ հարցը «հիմնական դժուարութիւն» պիտի նկատէիք:
Այս պահուս, անտարակոյս, դպրոցներու դիմագրաւած տնտեսական տագնապն է: Պէտք է նշել թէ ծնողներու կողմէ վճար- ւած կրթաթոշակները չեն հաւասարակշռեր դպրոցներու ծախսերը: Անշուշտ գիտակցելով մեր վարժարաններու ազգային նկարագրին դարձեալ ընդունուած է անվճար ուսանող աշակերտներու որոշ թիւ մը:
Յունաստանի պետութիւնը, Կրթական նախարարութեան միջոցաւ, իր կարեւոր նեցուկը կը տրամադրէ մեզի, որու համար շնորհակալ ենք: Կը տրամադրէ յոյն ուսուցիչներու կազմը մեր երեք դպրոցներուն համար եւ կը ստանձնէ հայ ուսուցիչներէն ոմանց վճարումը, փոխանորդ ուսուցիչի կարգավիճակ տալով անոնց:
2013-2014 տարեշրջանի ընթացքին, Յունաստանի տարածքին փոխանորդ ուսուցիչներու թիւը կտրուկ նուազեցաւ եւ տեղեկացանք թէ ոչ մէկ ուսուցիչ կարելի պիտի չըլլայ այս կարգավիճակով պահել: Այսուհանդերձ, նախարար պրն. Արվանիթոփուլոսի միջամտութեամբ կարելի եղաւ 5 տեղ ապահովել (նախապէս տրամադրուող 10ի փոխարէն) ինչպէս եւ խոստում ստանալ մեր միջնակարգի դաստիարակին համար:
Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդները կը համագործակցին մեր դպրոցներու տնտեսական հարցը լաւագոյնս դիմագրաւելու առումով: Այս գործին մէջ կարեւոր է մեր բոլոր հայրենակիցներու նեցուկը, որ միշտ կը զգանք, քանի որ բոլորը կը գիտակցին մեր դպրոցներու կարեւորութեան:
Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
Կը ծրագրենք անպայմանօրէն շարունակել ուսուցիչներու սեմինարները, մեր բոլոր աշակերտներու մասնակցութեամբ մրցոյթներ կազմակերպել, նոր նիւթերով: Կարելիութիւնները քննելով՝ մղել մեր հայ ուսուցիչները, ըստ իրենց մասնագիտութեան, հետեւելու յոյն համալսարաններու կողմէ պատրաստուած դասաւանդման դաստիարակչական սեմինարներու, կատարելագոյն պատրաստուածութիւն ձեռք ձգելու առումով: