27 Օգոստոս 2013-ին իր բնակարանին մէջ շիջեցաւ համաշխարհային համբաւի տէր մեր մեծ հայրենակիցը՝ Ժանսեմ, Յովհաննէս Սեմերճեան, 93 տարեկան հասակին։
Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ 3 Սեպտեմբերին, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանի, ներկայութեամբ պետական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան։ 
Ստորեւ կը ներկայացնենք իր որդւոյն՝ Ժանի (Միրիճան) Սեմերճեան-Ժանսեմի հետ մեր հարզազրոյցը, ուրկէ ի յայտ կուգան Յունաստանի մէջ ապրած Ժանսեմի կեանքի եւ գործունէութեան տուեալները:
Պատմեցէք խնդրեմ Ժանսեմի կեանքի առաջին շրջանի մասին։
Ծնած էր Սէօլէօզ, 9 Մարտ 1920-ին։ Երբ պապենական հողերու վրայ էին, հայրը մետաքսագործութեամբ կը զբաղէր։ Երբ Փոքր Ասիոյ Աղէտէն ետք Թեսաղոնիկէ (Յունաստան) հաստատուեցան 1923-ին, ան վերըստին ձեռք առաւ մետաքսի գործը, եւ յաճախ Ֆրանսա կու գար գործի բերումով։ Լիոնի մէջ գործակիցներ ունէր։ Բայց շուտով հիւանդացաւ Ֆրանսայի մէջ, կարծեմ քաղցկեղ ունէր, եւ մեծ մայրս Յունաստան փոխադրեց զինք, որպէսզի վերջալոյսը անցընէ ընտանիքին հետ։ Իր հօրը մահուընէ ետք իր մայրը կը փոխադրուի Ֆրանսա իր երկու զաւակներուն հետ՝ հայրս եւ քոյրը, 1930-ին։ Հոն կը միանան հօրը առաջին ամուսնութենէն ունեցած երեք զաւակներուն։ Ուրեմն հայրս ունէր մէկ փոքր քոյր եւ երկու մեծ խորթ քոյրեր եւ մէկ եղբայր՝ իր հօր առաջին ամուսնութենէն, որոնք այժմ մահացած են։ Առաջին կինը մահացած էր եւ ինք վերամուսնացած էր մեծ մօրս հետ։ Իսի Լէ Մուլինօ կը հաստատուին, մեծ մայրս մինակը կը մեծցնէ իր երկու զաւակները եւ անոնց ուսումը կ’ապահովէ։
Ե՞րբ կը սկսի նկարչութեամբ զբաղուիլ։
Յովհաննէս Սեմերճեանի տաղանդի նախանշանները յայտնուեցան երբ ան տակաւին Թեսաղոնիկէ կը գտնուէր։ Մանկութեանը ոտքի խնդիրներ ունէր, շրջան մը ամբողջ տարի մը հիւանդանոց պառկած էր, եւ այդ շրջանին է որ անկողնին մէջ կը գծէր…։
Ֆրանսա հաստատուելէ ետք հայրս կը յաճախէ Մոնփառնասի ակադեմիան եւ կանուխէն վկայականի կը տիրանայ, 1938-ին։ Բ. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Փարիզ կը մնայ, բայց զինուորութեան չ’երթար ոտքին պատճառով։ 1942-ին կ’ամուսնանայ մօրս՝ Հռիփսիմէ Քարաճեանի հետ եւ կ’ունենան 3 զաւակներ՝ Ֆլորան, ես եւ Սոֆին։ Մայրս մահացաւ 20 Սեպտեմբեր 2009-ին։ Ընտանիքի ապրուստը կը հոգայ նկարչութեամբ։ Իր առաջին ստեղծագործութիւնը կը վաճառէ 1949-ին։ Կատակով կ’ըսէի միշտ, որ իմ ծնունդս բախտաւոր եղաւ իրեն համար, որովհետեւ իմ ծնունդէս ետք ծախած է իր առաջին գործը։ Յետոյ շրջան մը Յունաստան փոխադրուեցանք։ Այնտեղ եւս գծագրութեամբ զբացեղաւ։
Ե՞րբ սկսաւ ճանչցուիլ եւ հռչակի տիրանալ։
Ֆրանսայի մէջ Ժանսեմի վերելքը կը սկսի 60-ական թուականներուն եւ ապա հռչակը կը սկսի տարածուիլ աշխարհի բոլոր կողմերը, Ճափոնէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ, Քանատայէն մինչեւ Արժանթին։ 1950-ական թուականներուն Յունաստանէն վերջ այցելեց Սպանիա եւ Իտալիա, ներշնչման աղբիւրներ փնտռելով։ 2-6 ամիս կը մնար, կը պտտէր, միշտ կը գծէր, եւ այդ գծագրութիւնները հետը տուն կը բերէր ու անոնց վրայ կ’աշխատէր ու կը ստեղծագործէր։
Մեծ վաճառական բարեկամ մը ունէր, որ աշխարհի բոլոր կողմերը կը ճամբորդէր։ Ինք եւս բարեկամին հետ շրջան մը ձեռնարկեց ճամբորդութիւններու, որոնց ընթացքին ան լայն ծանօթութիւններ կը հաստատէ ամէն կողմ, Հոլիվուտի մեծ աստղերը իրեն կը բարեկամանան եւ իրենց հաւաքածոները կը ճոխացնեն Ժանսեմի գործերով։ Իսի Լէ Մուլինոյի մեր տունը այցելած են Անթոնի Քուին, Ինկրիտ Պերկման եւ բազմաթիւ այլ մեծ անուններ։ Ես փոքր էի, կը յիշեմ անոնց այցելութիւնները, մեր տունը կու գային, կը մտերմանային հօրս հետ, իրենց սիրած նկարները կը գնէին իրենց հաւաքածոներուն համար եւ մեծ տպաւորութեամբ կը մեկնէին։

Ինչպէ՞ս կ’աշխատէր Ժանսեմ, ինչպէ՞ս էր իր աշխատանքի ձեւը, ոճը, կշռոյթը։
Միշտ կը ճամբորդէր, իր ճամբորդութիւններու ընթացքին փոքր գծագրութիւններ կը գծէր, հետը Փարիզ կը բերէր, գործատեղիին մէջ կը փակուէր ու կ’արարէր եւ կը պատրաստէր իր մեծ ցուցահանդէսները։ Ան միշտ այսպէս կ’աշխատէր, կը ճամբորդէր, նիւթեր կը հաւաքէր որպէսզի պաստառի վրայ ստեղծագործէ։
Ամէն օր իր աշխատանոցը կ’երթար եւ կ’աշխատէր։ Շատ կ’աշխատէր, շատ կ’արտադրէր։ Երբեք նոյն պաստառը զանազան տարբերակներով չէր նկարեր, ինչպէս կ’ընեն կարգ մը արուեստագէտներ։ Բոլոր գործերը իւրայատուկ են։ Վաճառուած գործերը շատ քիչ կը պատահի որ ձեռք կը փոխեն։ Գնողները միշտ կը պահեն իրենց հաւաքածոներուն մէջ։ Ես կը գործակցիմ զանազան արուեստագէտներու եւ ցուցասրահներու հետ։ Ուրիշներու պարագային յաճախ կը պատահի որ նկար մը կը վերավաճառուի, մի քանի անգամ ձեռք կը փոխէ, կը շրջի ցուցասրահներու մէջ։ Ես Ժանսեմի պաստառներ կը փնտռեմ, չեմ գտներ։ Շատ քիչ պատահած է որ նկար մը վերավաճառուած է։
Ինք միշտ կը նկարէր իր տեսածը։ Երեւակայութեամբ չէր ստեղծագործէր։ Իր նկարածի իրական աղբիւրը միշտ իր առջեւն էր, անմիջական հաղորդակցութեան մէջ էր։ Բոլոր անձնաւորութիւնները, բոլոր տեսարանները իրականութենէ առնուած են։ Իր նկարներուն մէջէն կարելի է ճանչնալ մարդիկը։
Իւրաքանչիւր ցուցահանդէսէ ետք պարապութիւն մը կը զգար։ Տաղանդի ամբողջ զօրութիւնը պարպած էր պաստառներուն վրայ, եւ ցուցահանդէսէն ետք չէր գիտեր ինչ պիտի ընէր։ Այդ օրերը անտանելի էին։ Մայրս կը ստիպէր որ ճամբորդութիւն մը ընէ, ներշնչման նոր աղբիւրներ գտնէ։ Եւ այդպէս կ’ընէր։ Կը ճամբորդէր, եւ ինչպէս ըսի, առաջին գծագրութիւնները այդ ճամբորդութիւններու ընթացքին կ’ընէր, ապա տուն վերադառնալէ ետք աշխատանոցին մէջ կը կատարելագործէր իր ստեղծագործութիւնը։
Ինչպէ՞ս էր իր կապը Հայաստանի հետ։ Ե՞րբ սկսաւ գործակցութիւնը։
Սերտ կապեր ունէր Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Ան շատ տպաւորուած էր ցեղասպանութեան նուիրուած նկարներու շարքէն եւ ան էր որ ըսաւ որ Հայրենիքը անմասն պէտք չէ մնայ Ժանսեմի տաղանդէն։ Բաւական դժուար էր, որովհետեւ պաստառները շատ էին, անոնցմէ ոմանք օդանաւին մէջ չէին մտներ, պէտք էր յատուկ սնտուկներով փոխադրել, փոխադրութեան ծախսերը մեծ էին եւայլն։ Բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով ցուցահանդէսը կազմակերպուեցաւ ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ։ Բայց բոլորովին տարբեր էր այդ նկարներու զօրութիւնը այդ վայրին մէջ։ Հայրս երբ տեսաւ իր նկարները ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, միւս արխիւային նիւթերու եւ նկարներու մթնոլորտին մէջ, ազդեցութիւնը այնքան զօրաւոր էր, որ պահ մը հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց, բերանը բառացիօրէն բաց մնաց, քիչ մնաց պիտի իյնար, զինք աթոռի մը վրայ նստեցուցինք։ Կը կրկնեմ՝ ցուցահանդէսի ազդեցութիւնը անհունօրէն հզօր էր այդ մթնոլորտին մէջ։ Մանաւանդ որ բացումը Ապրիլ 24-ին էր։ Եւ ցուցահանդէսի նկարները նուիրեց Հայաստանին։
Թէեւ հայերէն կը խօսէր ու կը կարդար, բայց Հայաս- տանի հետ կապ չունէինք։ Ան Հայաստանի հետ իր կապերը վերականգնեց բաւական ուշացումով։ Ու այդ կապերը մնացին անքակտելի, եւ այդպէս ալ փոխանցուեցան մեզի եւ մեր զաւակներուն։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Գրիգոր Դաւիթեան
FRANCE-ARMENIE