Վերջերս Հայաստան այցելեց յունական թերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու աշխատակից Փեթրոս Քասիմաթիս, յունարէն լեզուով ճամբորդական գրքոյկի մը մէջ Հայաստանին յատուկ բաժին յատկացնելու, հայկական մշակոյթին, Հայաստանի մէջ յունական համայնքին եւ յարակից նիւթերու շուրջ տեղեկանալու նպատակով:
Փեթրոս Քասիմաթիս շաբաթ մը տեւող իր այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, Երեւանի պետական համալսարանի ռեկտորի, Գիւմրիի քաղաքապետութեան եւ յունական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, խորապէս տպաւորուելով հայկական հոյակապ պատմական-հնագիտական վայրերէն, մարդոց հիւրասէր վարուելակերպէն եւ ինչպէս ինք մի քանի առիթով կրկնեց՝ «զբօսաշըրջիկի համար շատ աժան գիներէն»:
Փեթրոս Քասիմաթիս գրագէտ եւ փորձառու լրագրող է: Ան ընկերաբանութեան եւ քաղաքական գիտութեանց վկայեալ գրագէտ-լրագրողի իր մասնագիտութեամբ հետազօտական աշխատանքներ կատարած է միջազգային լրատուական գործակալութիւններու (Le Monde, BBC, CNN) մեծամասնութեան համար, յատկապէս ներկայ գըտնուելով տարբեր պատերազմական հակամարտութիւններու՝ Աֆղանիստան, Լատին Ամերիկա, Քիւրտիստան, Պոսնիա, Ռումանիա, Լիբանան: Հրատարակած է չորս լրագրական գիրքեր, երեք գրական (որ թարգմանուած են տարբեր լեզուներու):
Կրնա՞ք անդրադառնալ ձեր ծրագիրներուն եւ Հայաստան այցելութեան մասին:
Շատոնց կը փափաքէի այցելել Հայաստան, մանաւանդ ճանչցած ըլլալով Յունաստանի մէջ ձեր հայրենակիցներէն ոմանց եւ գնահատելով հայ ազգի ազնուութիւնն ու հայկական բարձր մշակոյթը: Այցելութեանս առաջին վայրկեանէն զգացի որ հարազատ մարդոց երկիրը կը գտնուիմ: Ամէն ինչ իրական ու այնքան վաւերական էր՝ բնութիւնը, պտուղները, տեղական փառատօները: Զուգադիպաբար ներկայ գտնուեցայ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին ալ։
Գիւմրիի քաղաքապետ պրն. Սամվէլ Բալասանեանի հետ
Կարդացած ըլլալով յոյն նշանաւոր փիլիսոփայ եւ պատմիչ Քսենոֆոնի գրական ստեղծագործութիւնները, ուր եզակի տեղեկութիւններ կը տրուին Հայաստանի 6-7րդ դարու պատմութեան վերաբերեալ, շուտով անդրադարձած էի հայութեան առանձնայատուկ յատկանիշներու մասին: Ինչպէս գիտէք Քսենոֆոն կը պատմէ թէ Արթաքսերքսիս թագաւորի բանակէն պարտուած դէպի Սեւ ծով կը քաշուի ու կ'անցնի Հայաստանէն, նշելով թէ տուներէն շատերը աշտարակներ ունէին, առատ ուտելիք կար, առատօրէն կը գտնուէր ցորեն, չամիչ, ամէն տեսակի բանջարեղէն, գինի եւ անշուշտ տակառներով լեցուն գարեջուր, որ այսքան սիրեցին յոյն զինուորները: Աւելցնեմ թէ Քսենոֆոն տեղեկութիւններ կուտար նաեւ Հայաստանի սահմաններու մասին, հիւսիս-արեւմուտքը՝ Սեւ Ծով, հիւսիսը՝ Քուռ գետ, հարաւը՝ Միջագետք, այսինքն Հայաստանի սահմանները նոյնն էին Արարատեան հայոց թագաւորութեան՝ Ուրարտուի սահմաններուն, ինչ որ կարեւոր վկայութիւն մըն է:
Քսենոֆոն անցած էր Գիւմրիէն, որ այն ժամանակ կը կոչուէր Քումարիէս:
Հակառակ որ գիտէի բոլոր այս բաներու մասին, երբեք չէի հաւատացած թէ նման խոր ազդեցութիւն եւ գեղեցիկ զգացումներ պիտի ունենամ Հայաստանի մէջ:
Այցելութեանս ընթացքին իմ հանդիպումներու եւ շփումներուն մէջ շատ օգտակար հանդիսացաւ տիկին Ալինա Ամիրեանը, որ ընկերացաւ ինծի, ցոյց տալով նաեւ թէ Հայաստանէն դուրս գտնուղ հայերը իրենց երկրի լաւագոյն դեսպանները կը հանդիսանան:
Հանդիպեցա՞ք յունական համայնքի անդամներուն հետ:
Այո, առիթը ունեցայ հանդիպելու յունական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, իրենց առաջնորդ պրն. Նիքոլայիտիսի գլխաւորութեամբ: Մեծ էր իրենց խանդավառութիւնը երբ զիս հիւրասիրեցին դպրոցէն ներս, ուր աշակերտները յունական պարեր ներկայացուցին: Հայաստանի մէջ յունական համայնքի անդամները ինքզինք կը զգան լաւապէս համարկուած հայկական ընկերութենէն ներս, բայց միաժամանակ կը փորձեն յունական աւանդութիւնները պահել եւ երիտասարդ սերունդներուն փոխանցել:
Տիկին Ալինա Ամիրեան եւ յունական
համայնքի ղեկավար պրն. Նիքոլայիտիս
Հայաստանի մէջ կայ 8 յունական համայնք, որոնց նախագահն է Արկատի Խիթարով, Վանաձորէն (ես կը նախընտրեմ Կիրովական անուանումը որպէս հնչում, կամ աւելի հին՝ Ղարաքիլիսա): Խոր տպաւորութիւն գործեց վրաս պրն. Սիմոն Զախարով (Զախարիտիս), որ Ալավերտիի մէջ կարեւոր ծառայութիւն մատուցող բժիշկ մըն է: Ալավերտին ալ շատ գեղեցիկ էր, միջնադարեայ իր հմայքով, որու զարգացման մէջ վստահաբար դեր ունեցած են յունական համայնքի անդամները: Կորսուած դրախտ մըն է, քաղաքի կեդրոնը ճեղքող գետով, սեւ եկեղեցիներով, ծառախիտ շրջակայքով եւ վայրի կենդանիներով լեցուն՝ խիտ անտառներով:
Զբօսաշրջութեան համար այնքան յարմար վայրեր էին բոլոր այդ տեղերը ուր այցելեցի, աժան հիւրանոցներով, բայց բարձր մակարդակի սպասարկութեամբ, յատկապէս հիւրասէր ժողովուրդի բարձր տրամադրութեան շնորհիւ:
Զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրող մարզերուն մէջ՝ ճաշ, սպասարկութիւն, կեցութիւն, հնավայրերու այցելութիւններ, եւայլն, կրնամ անվերապահօրէն հաստատել թէ Հայաստան լրիւ կը գոհացնէ պահանջները:
Ի՞նչ ուրիշ հանդիպումներ ունեցաք:
Առիթը ունեցայ հանդիպելու Երեւանի պետական համալսարանի ռեկտոր պրն. Արամ Սիմոնեանի եւ յունարէն լեզուի դասախօս փրոֆ. Յակոբեանի հետ, որոնք պարզեցին համալսարանէն ներս կիրարկուող յունարէն լեզուի ուսուցման համակարգը: Նոյնպէս, Բրիւսովի համալսարանէն ներս հանդիպեցայ ռեկտոր տիկին Գայիանէ Գասպարեանի հետ: Խօսեցանք որոշ ծրագիրներու մասին. ապագային հնարաւորութիւն կայ յունարէն գիրքեր տպելու համալսարանի միջոցներով:
Ուր որ գտնուեցայ հարազատօրէն մօտեցան ինծի եւ զիս դիմագրաւեցին կարծես օտարութեան մէջ կորսուած հայ մը ըլլայի:
Համալսարանականները հաստատեցին հայ ուսանող երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնը Յունաստանի հանդէպ:
Գիւմրիի համալսարանի «Փրոկրէս»-էն ներս եւս հանդիպեցայ տնօրէն Ռաֆֆի Խաչատրեանի հետ եւ տեսայ թէ ուսման ինչ բարձր մակարդակ կը տիրէ:
Տպաւորուեցայ նաեւ կարգապահութեան եւ ապահովութեան իրավիճակով Հայաստանի մէջ: Զրոյց մը ունենալով Սեւանի բաժնի ոստիկանութեան պատասխանատու գնդապետ Վիգէն Աղէկեանի հետ տեսայ թէ կարելի է կարգն ու կանոնը պահել արդարութեան զգացումներով, երբ սէր կայ հայրենիքիդ եւ յարգանք՝ հայրենակիցներուդ հանդէպ:
ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հետ զրուցեցինք հայկական գիրքի եւ գրականութեան մարզերէն ներս հայկական նուաճումներու մասին, եւ վերջին տարիներուն միջազգային փառատօներու մէջ ներկայութիւն ըլլալու հետապնդումներուն:
Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հետ
Հայաստանը որ գրագիտութեան, քանդակագործութեան, նկարչութեան երկիր է մեծ ներդրում ունեցած է համաշխարհային արուեստին մէջ: Այսօր ալ կան այս մարզերը զարգացնելու հնարաւորութիւններ, մանաւանդ թարգմանչական աշխատանքին մէջ: Այս կÿըսեմ, նկատի առնելով թէ Հայաստան այն երկիրն է որ Սուրբ Թարգմանիչին՝ Մեսրոպ Մաշտոցին ծնունդ տուած է:
Ինչպէ՞ս տեսաք ժողովուրդի առօրեան:
Հայաստան կարծես ընտրեց դժուար առանձնայատկութիւններով աշխարհագրական իր դիրքը, գտնուելով Եւրոպան՝ Կեդրոնական ու Հարաւային Ասիոյ եւ Ռուսաստանի կապող միջազգային ուղիներու խաչմերուկին վրայ, նաեւ երկրաշարժական աշխուժ գօտիի վրայ: Ատոր համար ալ՝ տուժած երկիր է Հայաստանը, ինչպէս տեսայ Գիւմրիի մէջ յատկապէս, ուր հակառակ տարուած մեծ ճիգին, մեծ երկրաշարժի հետքերը դեռ զգալի են:
Գիւմրիի քաղաքապետը Սամվէլ Բալասանեանը, որ վերջին 9 ամիսներուն կը պաշտօնավարէ, կը խոստովանի թէ արագ կշռոյթով պէտք է գործերը համակարգել, եւ դեռ աշխատանք կայ տանելիք:
Գիտեմ որ ժողովուրդը դժուար պայմաններու մէջ կ'ապրի, բայց ատոր համար շատ աւելի կը գնահատեմ իրենց բարեացակամ կեցուածքը, սորվելու, ուսանելու եւ նորանոր դիրքեր յաջողցնելու պատրաստակամութիւնը, յատկապէս երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնք ժպիտով կը դիմագրաւեն իրենց առօրեան:
Զբօսաշրջական գրքիս մէջ կարծեմ հիմնական այս երկու ազդակներուն վրայ պիտի կեդրոնանամ՝ «կորսուած դրախտ մը» ըլլալու իրողութեան եւ հայ ժողովուրդի ազնիւ զգացումներուն վրայ: Պէտք է բացայայտել թաքնուած այս գանձը, ուր զբօսաշրջիկները շատ մատչելի գիներով կրնան հրաշալի բնութեան եւ կիրթ ու ընտիր մարդոց վայելքը ունենալ: