Աթէնքի մէջ կազմակերպուող Պարի 35րդ Միջազգային Համագումարին՝
հայկական պարերուն նուիրուած բաժինը կը ներկայացնէ
Անահիտ Սարիբէկեանի պարախումբը

UNESCO-ի CID պարի Աթէնքի եւ Փիրէայի բաժանմունքներու, ինչպէս նաեւ յունական աւանդական պարերու Տորա Սթրաթու համոյթի համակազմակերպութեամբ՝ Փիրէայի Վէաքիօ թատրոնէն ներս քառօրեայ միջազգային համագումար կը կազմակերպուի 24-28 Յուլիսին, ուր կը մասնակցին աւելի քան 40 երկիրներէ 400 մասնագէտներ՝ պարողներ, պարուսոյցներ եւ պարով հետաքրքրուած հմուտ անձնաւորութիւններ:

Յունական աւանդական պարերու ծանօթ «Տորա Սթրաթու» համոյթի պաշտօնական հրաւէրով համագումարին կը մասնակցի Անահիտ Սարիբէկեանի խումբը, որ Շաբաթ գիշեր ելոյթ պիտի ունենայ Վէաքիօ-ի բեմէն, ներկայացնելով հայկական ամէնէն յատկանշական պարերու շարք մը:

Անահիտ Սարիբէկեան Ռուսաստանի Նիժնի Նովկորոտ շրջանը կը բնակի, ուր հիմնած է հայկական պարերու համոյթ, որ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած եւ արտերկրի մէջ ալ գնահատուած պարային համոյթ է։

Տիկին Սարիբէկեան բազմատաղանդ արուեստագիտուհի է։ Առիթը ունեցանք զինք լսելու, երբ Նէա Զմիռնիի «Ղալաքսիաս» մշակութային սրահէն ներս, Կոմիտասի երգերով ելոյթ ունեցաւ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան կազմակերպած նկարներու ցուցադրութեան ընթացքին։

Անահիտ Սարիբէկեան դարձած է UNESCO CID-ի անդամ 2011 թուականին, ապա հրաւէր ստացած է մասնակցելու «Տորա Սթրաթու» յունական պարային համոյթին մօտ, իր գիտելիքները փոխանցելով յոյն պարողներուն եւ նոյն պահուն ինք եւս ուսումնասիրելով յունական պարերու հոլովոյթը։

Այս տարի UNESCO CID-ի համագումարի կազմակերպումը ստանձնած է Յունաստանը, կազմակերպութեան յունական բաժնի նախագահ Ալքիս Ռաֆթիսի ջանքերուն շնորհիւ։ Նշենք, որ Ալքիս Ռաֆթիս Ապրիլի ընթացքին Հայաստան այցելած էր, Պարերու Միջազգային Օրուայ կազմակերպման առիթով, որ Ապրիլ 29ին կը նշուի։ Պրն. Ռաֆթիս հայկական մշակոյթի եւ յատկապէս հայկական պարի իւրայատկութիւններուն ծանօթ մասնագէտ է, որ յատուկ ընտրած էր Հայաստան գտնուիլ տուեալ օրը, հակառակ բազմաթիւ երկիրներէ ստացած հրաւէրներուն։

Յաջորդ տարուայ մէջ, UNESCO CID-ի համագումարը Հայաստան պիտի կազմակերպուի։  

«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը դիմեց Անահիտ Սարիբէկեանին, պարի միջազգային համագումարի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։

 

Ի՞նչ կը ներառնէ համագումարի կազմակերպումը։ 

Առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի հայկական պարը UNESCO CID-ի համագումարի ծիրէն ներս եւ ես շատ զգացուած եւ շատ ուրախ եմ որ կը մասնակցիմ միջազգային կարեւոր այս միջոցառման։

Չորս օրուայ ընթացքին իւրաքանչիւր ազգ (28է աւելի պետութիւններ կը մասնակցին) իր երկրի մշակոյթն ու պարերը պիտի ներկայացնէ, բայց ելոյթներուն զուգահեռ դասախօսական նաեւ շարքեր պիտի իրագործուին, յատկապէս պարի պատմութեան, նշանակութեան, այժմէականութեան եւ ընկերային ու հոգեբանական ազդեցութիւններու վերաբերեալ։

Հայկական պարը՝ խումբով պիտի ներկայացնենք Շաբաթ գիշեր, եր, Փիրէայի Վէաքիօ-ի բեմէն, եւ փոթ-փուրի մը պիտի ըլլայ հայկական յատկանշական պարերէն։ Առաջինը՝ ապստրաքթ մոնումենթալ հայկական շարժումներ, ապա «Հարս եմ գնում» ժողովրդային երաժշտութեան տակ պիտի ներկայացնենք հայկական աւանդական պարերը, ապա «Շալախօ», մեր հայկական ծիսական պարերէն «Ռոստան Կազի» եւ մեր ներկայացումը պիտի վերջանայ «Եարխուշտա» պարով, որ Սասնոյ ծափ պարն է։

 

Յաճա՞խ կ'այցելէք Աթէնք։ 

Արդէն չորս անգամ է որ եկած եմ եւ յառաջիկային դարձեալ պայմանաւորուածութիւններ ունիմ ու պիտի վերադառնամ։ Շատ հետաքրքրական էր մօտէն տեսնել յունահայ գաղութը, Նէա Զմիռնիի մէջ ձեռնարկին ներկայ ըլլալու առիթէն օգտուելով։ Կ'ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին, իմ հանդէպ ցուցաբերուած հիւրասիրական զգացումներուն համար, յատկապէս առաջնորդ սրբազան հօր եւ Համազգայինի պարախումբի ղեկավարներուն։

 

Նմանութիւններ կը տեսնէ՞ք հայ եւ յոյն ազգային պարերուն մէջ։

Արդէն սկսած եմ ուսումնասիրել յունական պարերու բոլոր տեսակները եւ կը փորձեմ յստակացնել հայկական եւ յունական պարերու միջեւ տարբերութիւնները։ Պէտք է ըսեմ թէ շատ նման են, քանի որ յոյներն ալ ունին Քոչարի, իրենք ալ ունին շատ պարեր՝ «երկու քայլ առաջ, մէկ հատ ետ»։ Օրինակ՝ մենք ունինք Համշէնահայերու պարերը, Սեւ ծովի շրջանի պարերը, որ շատ նման են յունական պոնտական պարերուն։ Յայտնի է, թէ ազգերը քով-քովի ապրելով մէկը միւսէն կ'օրինակուին՝ թէ երաժըշտութեան, թէ շարժումներուն մէջ։

Մեր առաջին պարուսոյցները եղած են մեր մայրիկները, մեր տատիկները. անոնք սորվեցուցած են պարի շարժումները, անոնք սորվեցուցած են երաժշտութեան կշռոյթը։ Իսկ հիմա, պարուսոյցներու պարտականութիւնն է զտել, մաքրել մեր պարերուն մէջ տեղ գտած շատ մը օտար ազդեցութիւնները, որպէսզի դարձեալ հրամցուի զուտ հայկականը։

 

Ձեր ապրած քաղաքին մէջ ինչպէ՞ս է հայ համայնքի կեանքը։ 

Նիժնի Նովկորոտ շրջանին մէջ բաւական հայութիւն կայ, որ համախմբուած կ'ապրի։ Մենք 2007էն հիմնած ենք «Նայիրի» պարախումբը, զարկ տալով հայկական մշակոյթի, պատմութեան ուսուցման։ Երիտասարդները կը սորվին թէ ամէն մէկ քայլ՝ խորհրդանիշ մըն է, ամէն շարժում՝ մէկ պատկեր, իւրաքանչիւր տարր՝ մեր հնագոյն մշակոյթի խորհրդանիշ մը։ Իսկ մեր նպատակն է պարի ու արուեստի միջոցաւ միաւորել մեր հայրենակիցները, խթանել ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեւոր իրենց զարգացումը, մեր երիտասարդներուն հաղորդել սեփական մշակոյթի իւրայատկութիւնն ու կարեւորութիւնը, որպէսզի գնահատեն նախնիներու յիշատակը եւ իրենք եւս իրենց կարգին փոխանցեն ուրիշներուն։

https://sites.google.com/site/anahsariperformer