Հանդիսատեսը կը խնդացնեմ՝ միաժամանակ մտածել տալով անոր «Եթէ»ն ալ իր այս յաջող ընթացքով, սպառած տոմսերով յաջորդական ներկայացումներով, եկաւ ապացուցելու, որ Վահէին հանդէպ մեր հանրութիւնը յատուկ սէր մը, յատուկ կապ մը ունի:
Ինչ որ Վահէն հրամցնէ, կը սիրուի, կը փնտռուի: Ուրկէ՞ կը կարծես կու գայ այս վերաբերումը:
(Խնդալով) Ատիկա պէտք է հանրութեան հարցնենք: Անկեղծ ըսած ես ալ չեմ գիտեր: Կրնամ որոշ ենթադրութիւններ ընել՝ քիչ մը անհամեստ ըլլալու գնով: Հաւանաբար յաջողութեան պատճառներէն մէկը այն է, որ մենախօսութիւններս կարելի եղածին չափ անկեղծ են եւ անպաճոյճ: Կը խօսիմ բաներու մասին, որոնք բոլորիս մտածել կու տան, բոլորս կը մտահոգեն, բայց մէկ տարբերութեամբ, որ ես այս հարցերուն մէջ հիւմըրը կը գտնեմ ու մեզ չարչարող բաները ծիծաղելի կը փորձեմ դարձնել: Օրինակի համար այս անգամուան նիւթը գրեթէ ամբողջութեամբ անձկութեան (anxiety) մասին է, բան մը՝ որ զիս յաճախ կը տագնապեցնէ: Բայց կրցած եմ հիւմըրը գտնել ու կ՛անդրադառնամ, որ հանդիսատեսն ալ շատ լաւ կը հասնկնայ ինչի մասին կը խօսիմ ու լիաթոք կը խնդայ վիճակին անհեթեթութեան վրայ:
Մենակատարումները առանձնացնելով արուեստի մնացեալ ստեղծագործութիւններուդ, արտադրութիւններուդ ցանկէն, ի՞նչ կը հետապնդեն անոնք. թեթեւ ժամա՞նց, ընկերային բարոյախօսութի՞ւն: Իրենց տնտեսական օգուտներէն անդին, Վահէին ի՞նչ բաւարարութիւն կը բերեն այս ներկայացումները:
Ես կը հաւատամ որ բոլոր արուեստներուն մէջ, անխըտիր, արուեստագէտին նպատակը նախ եւ առաջ հանրութեան հետաքրքրութիւնը պահել, զուարճացնել է: Այս պարագային զուարճացնել բառը կը գործածեմ անգլերէն entertain բառին իմաստով: Եթէ դիտողը, կամ ընթերցողը թարմութիւն չտեսնէ, ըսածդ որքան ալ կարեւոր ըլլայ, իր տեղը պիտի չհասնի: Իմ մենախօսութիւններուս հիմնական նպատակը զուարճացնել է: Հանդիսատեսը մօտ երկու ժամ խընդացնել: Բայց ատիկա ընել խօսելով այնպիսի նիւթերու մասին, որ միաժամանակ քիչ մը մտածել տամ անոր: Այս բոլորէն զատ, անշուշտ ամէնէն կարեւոր բաւարարութիւնը ինծի համար այն է, որ ամէն մենախօսութիւն ինծի առիթ կու տայ որ պարպուիմ: Մէջս կուտակուածը թափեմ եւ հանգստանամ: Անշուշտ առիթ կու տայ նաեւ որ հանրութեան հետ կապ մը ստեղծեմ եւ սիրած գործս ընեմ: Այլապէս նկարիչին կամ գրողին կեանքը քիչ մը շատ աշխարհէն կտրուած, միայնակ կեանք մը կրնայ ըլլալ:
Այս ներկայացումները պատրաստելու համար պէ՞տք է հանրութեան տարբեր շերտերուն հետ լայն ու կենդանի շփում ունենաս: Եթէ այո, նկարիչ Վահէէն որքան զոհաբերութիւն կը պահանջէ այս աշխատանքը:
Ճիշդ այդ մասին արդէն կը խօսիմ: Հանրութեան հետ կենդանի շփում ունենալը շատ կարեւոր է ըրածիս համար: Բայց ատիկա զոհողութիւն չեմ նկատեր, որոհետեւ ինչպէս կ՛ըսէի, առիթ կու տայ որ իմ աշխատանոցէս դուրս ելլեմ, թարմանամ եւ դերասանի կամ մենակատարի գլխարկս դնեմ:
Վահէն միշտ շրջապատուած է արուեստի հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ սէր ունեցող երիտասարդներով: Շատ դիւրութեամբ այդ երիտասարդները կրնային օտար շրջանակներու մէջ գտնել իրենց հետաքրքրութիւնները: Ի՞նչն է, որ այս տղաքն ու աղջիկները կը հրապուրէ դէպի քեզ: Անմիջականութի՞ւնդ, տաղանդաւոր, սակայն համեստ ու մատչելի, խրախուսող ու ներողամիտ, չթելադրող, սակայն ուղի ցոյց տուող ա՞նձդ:
(Խնդալով) Նորէն անհամեստութիւն պիտի ըլլայ այս մասին խօսիլը: Հաւանաբար երիտասարդութեամբ շրջա-պատուած ըլլալուս պատճառները այն բոլորն են ինչ որ թուեցիր: Կը տեսնեն որ անպայման օտար շրջանակներու մէջ ըլլալու պէտք չունին որակաւոր արուեստով զբաղելու համար: Իրենց համար մեծ գոհունակութիւն է հայկական մթնոլորտի մէջ որակ եւ արհեստավարժութիւն (professionalism) տեսնելը: Կարծեմ ուրիշ բան մըն ալ կայ՝ իմ շուրջս կը հաւաքուին իրար գտնելու համար:
Ձեռնարկներուդ, մանաւանդ այս մինակ ներկայացումներուդ աշխարահատարած յաջողութիւնը կը թելադրէ որոշ կազմակերպուածութիւն: Վահէի գործերու կազմակերպումին մասին կրնա՞ս խօսիլ:
Չես կրնար երեւակայել որքան կազմակերպուած աշխատանք կը պահանջեն այս բոլորը: Միայն «Եթէ»ին պարագային, ամէն գիշեր ամբողջ բանակ մը կ՛աշխատի:
Արտադրիչը ինչպէս «Սակայն»ի պարագային, դարձեալ Քրիսթինա Շիրինեանն է, որուն հետ տարիներէ ի վեր կ՛աշխատիմ: Ան բացառիկ գործ կը տեսնէ: Իսկ համադրողը Մելիսսա Մազմանն է, որ նոյնպէս տարիներէ ի վեր հետս կ՛աշխատի: Կինս Պեթթին, որ խումբին ողնայարն է, երկու տարբեր ֆիլմերու վրայ աշխատելով զբաղած է, այնպէս որ այս անգամ չկրցաւ ֆիզիքապէս իր մասնակցութիւնը բերել, բայց իր ներդրումը միշտ ալ հոն է: Ասկէ զատ անշուշտ կան տասնեակ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնց հազար տեսակ գործ կը վստահուի, նկարահանումներէն բռնած մինչեւ հանդիսատեսին իր աթոռը տանելու գործը: Եւ այս բոլորը կ՛ըլլայ բացառիկ բծախնդրութեամբ: Արդէն երբ ձեռնարկներուն ներկայ կ՛ըլլաք, վստահ եմ որ կ՛անդրադառնաք:
Նկարչական ոլորտի մէջ վերջին տարիներուն ի՞նչով զբաղուած ես: Ցուցահանդէսներ, անհատական, խմբային:
Այս վերջին շրջանին նկարչական նոր շարքի մը վրայ կ՛աշխատիմ, որ բաւական տարբեր է նախկին գործերէս: Այս նոր գործերը շատ աւելի գունաւոր են եւ մէջը շատ շարժում ըլլալով, քիչ մը իմ երիտասարդութեան օրերու նկարներս կը յիշեցնեն: Ներկայիս La Joya-ի իմ կալերիս (Midison Gallery) գործերս կը ցուցադրէ Aspen-ի տարեկան մեծ ցուցահանդէսին եւ ատոր համար շատ ուրախ եմ: Ծրագիրներ կան Պէյրութի մէջ ցուցահանդէս մը տալու, բայց Լիբանանի քաղաքական կացութեամբ քիչ մը մտահոգ եմ: Չեմ գիտեր: Անշուշտ Լոս ԱնՃելըսի մէջ ալ այս տարուան վերջաւորութեան ցուցահանդէս մը ունենալու մասին կը խօսինք, բայց թուականը յստակ չէ տակաւին: Պէտք է ըսել որ այս վերջին երկու տարիները նկարչութեան մէջ, ինծի համար շատ կարեւոր եղած են, որովհետեւ նոր, հետաքրքրական տեղեր գտած եմ ինքզինքս:
Թատերագիր ու արձակագիր Վահէէն յառաջիկային անակնկալներ կրա՞նք սպասել:
Ներկայիս ամէնէն հետաքրքրական ծրագիրը որուն վրայ կ՛աշխատիմ Armenian Improv-ն է: Թատրոնի խումբէն եօթը դերասաններով, ներառեալ ես, որոշած ենք Յուլիս 21էն սկսեալ վեց յաջորդական Կիրակիներ, հանրութեան համար հայերէն լեզուով յանկարծաբանութեան երեկոներ ներկայացնել Sherman Oaksի Whitefire Theatre-ին մէջ: Հոն ուր պարոն Կարպիսը ներկայացուցինք: Այս յանկարծաբանութիւնները բոլորովին խենդ ու խելառ, տեղւոյն վրայ շինուած բաներ են, միայն ոչինչէն բան մը ստեղծելու եւ ժողովուրդը զուարճացնելու համար, սակայն հոն հասնելու համար ահագին լուրջ աշխատանք դրած ենք: Ասոր արտադրիչը Մելիսսան է, խումբին մեծ մասը երիտասարդներ են եւ ժանրը բոլորովին նորութիւն է թէ՛ մեզի եւ թէ Սփիւռքի հայութեան համար: Ինչպէս ըսի, ասիկա միայն ու միայն հաճելի ժամանցի համար է, ուղղուած առաւելաբար երիտասարդ հանդիսատեսին:
Գալով գրելուն, վերջերս անգլերէն լեզուով նոր բան մը գրեցի արուեստագէտի մը մասին: Կտորը ամբողջութեամբ երկխօսութիւն մըն է նկարիչին եւ իր սիրահարին միջեւ, սակայն տակաւին չեմ որոշած թէ ինչի պիտի վերածեմ՝ թատրոնի, թէ ֆիլմի սքրիբթի: Ատկէ զատ դարձեալ անգլերէն լեզուով թատերախաղ մը վերջացուցած եմ, որ կը մտածեմ արտադրել, բայց քիչ մը դաւաճանութեան պէս բան մը կը զգամ, երբ հայերէնի փոխարէն անգլերէնով աշխատիմ:
Կրնա՞ս նկարագրել Վահէի ապրած միջավայրը:
Իր աշխատանոցը, իր շրջապատը, իր ընկերութիւնը, իր ընտանիքը, իր ընթերցումները, իր ժամանցը:
Բաւական դժուար հարցում է: Կ՛ապրիմ 6 յարկաբաժիններէ բաղկացած շէնքի մը մէջ, որուն երեք յարկաբաժինները մերն են: Մէկուն մէջ կը բնակինք, միւսը արուեստանոցս է, իսկ երրորդն ալ նկարներու պահեստանոցս է, ուր յաճախ այցելուներ կու գան գործերու նայելու: Նոյն շէնքին մէջ նաեւ կ՛ապրի մայրս, քրոջս հետ, եւ Պեթթիին քրոջը տղան ու իր կինը: Այնպէս որ ամբողջ շէնքը տեսակ մը compound է, եւ մնայուն կերպով եռուզեռ մը կայ: Երբ կը ներկեմ, արուեստանոցիս դուռը միշտ բաց է, եւ երիտասարդութիւն մը կայ որ իր տան պէս հարազատ կը զգայ այստեղ: Երբեմն երաժշտական երեկոներ կ՛ունենանք: Երբեմն աշխատելու ժամանակ ընկերներ կը նստին կը խմեն ու ինծի կ՛ընկերակցին: Մէկ խօսքով միշտ բան մը կայ որ մեզի արթուն կը պահէ: Նոր թատերախաղիս մէջ նկարիչը կ՛ըսէ որ «Ես շատ առանցին ձգուելիք մարդ չեմ, ինքզինքս կրնամ շատ դիւրին խենթացնել»: Կարծեմ ես ալ քիչ մը այդպէս եմ, պէտք է միշտ շուրջս մարդ ըլլայ, որ զիս տխուր տեղերէ հեռու պահէ:
Երբ երիտասարդ էի, նկարներս երիտասարդութեանս թարմութիւնը եւ ինքզինքս փաստելու կիզիչ մարմաջը կը ցոլացնէին: Գործածած գոյներս միշտ վառ էին եւ փայլուն: Շատ կը սիրէի նախնական գոյներ գործածել՝ կարմիրներ, դեղիններ եւ նարնջագոյններ: Ցուցամոլութեան պէս բան մը կար գործերուս մէջ, թաքուն փափաք մը տպաւորելու եւ սահմաններս գծելու: Սակայն ան-դրադարձած եմ, որ արուեստագէտ մը որքան տարիքը առնէ, այնքան կը հասուննայ եւ որքան հասուննայ այնքան նուազ կը փորձէ ինքզինք փաստել: Ժամանակի ընթացքին գործերս աւելի եւ աւելի անկեղծ եւ համեստ դարձան: Հիմա ինծի համար որակաւոր արուեստի ամէնէն կարեւոր հրամայականը իմ ներաշխարհիս բոլոր ծալքերը ամէնէն անկեղծ ձեւով արտայայտելն է: Իմ յստակ գունատախտակս ունիմ հիմա: Որոշ գոյներ կան որ այլեւս բնաւ չեմ գործածեր, իսկ այն գոյները որ կը գործածեմ՝ աչք ծակող, վառ գոյներ չեն: Գործերս աւելի անկեղծ եւ անպաճոյճ դարձած են եւ որքան տարիքս առնեմ այնքան աւելի մանկականութիւն մը եւ միամտութիւն մը կը մտնէ գործերուս մէջ: Բիւրեղութիւնը բանալին է: Կը յիշեմ, տարիներ առաջ երբ նոր սկսած էի գործերս ցուցադրել, մէկը ինծի ըսաւ «Այս նկարներդ, չեմ գիտեր, երեխաս ալ կրնայ ընել»: Ես ալ ըսի, որ «Հաւանաբար երեխադ կրնայ ընել, բայց կը կասկածիմ որ դուն կրնաս:»
Աբօ Պողիկեան