Կիպրոսի մէջ վերջերս գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանային խորհրդաժողովին մասնակցելու առիթով, մի քանի օրուայ կարճ կեցութեամբ Աթէնք գտնուեցաւ Արժանթինի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Կոստանեանը։

Ան տեսակցութիւն մը ունեցաւ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան հետ, հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցելով Արժանթինի մէջ գործող միաւորի մասին։ 

Յունիս 2011էն կը գործէ Արժանթինի Շրջանային Վարչութեան այս կազմը, որ Ներկայացուցչական իր Ժողովը պիտի գումարէ այս շաբաթավերջին։ Եղբ. Աւետիս Կոստանեան տասներկու տարի գործած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղական վարչութեան մէջ, ապա ընտրուած է Շրջանային Վարչութեան անդամ։ Ան կը բացատրէ թէ իրենց վարչութիւնը միացեալ ուժերով կը գործէ՝ հինգը Պունէոս Այրէսէն, երկուքը Քորտոպայէն, երկու հոգի ալ Ուրուկուայէն՝ Մոնթեվիտէոյի մասնաճիւղէն։ 

Քանի՞ անդամ ունի ձեր մասնաճիւղը։

Ընդամէնը ունինք մօտաւորապէս 1350 անդամ, երեք մասնաճիւղերու մէջ։ Մենք ունինք 800 մարզիկներ, 280 սկաուտներ եւ մնացածը պարզ անդամներ։ Պարզ անդամները կը յաճախեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի, եւ անհատաբար մաս կը կազմեն մարմնամարզի տարբեր ձեւերուն (թենիս, վոլէյ), բայց որպէս պաշտօնական մարզիկներ գրանցում չունին, հակառակորդ խումբերուն դէմ չեն կրնար մրցիլ։ 

Ե՞րբ հիմնադրուած է Արժանթինի Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ 

Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղը հիմնադրուած է 1927ին։ Յաջորդաբար կազմուեցաւ Քորտոպայի մասնաճիւղը 1970ական թուականներու վերջաւորութեան եւ 1987ին Մոնթեվիտէօ, ուր շարժումը սկաուտական խումբերով սկսաւ, ապա մարզական խումբերով լրացուեցաւ։

Մեր վարչութեան գործերը համակարգելու համար շատ կը ճամբորդենք, քանի որ կարիքը կայ իրենց միջեւ բաւական հեռաւորութիւն ունեցող երեք տարբեր մասնաճիւղերու գործերը համադրելու։

Ամէն մէկ լիագումար նիստը տարբեր մասնաճիւղի մը մօտ կը գումարենք։ Մեր տարեշրջանին ընթացքին հինգ հատ լիագումար ունեցած ենք։ 

Ո՞րն է ձեր ամէնամեծ մարզական միջոցառումը։

Նոյնը չէ բոլորին մօտ, որովհետեւ ամէն մէկ մասնաճիւղ տարբեր մարմնամարզի մը մէջ աւելի զօրաւոր է։ Պուէնոս Այրէսը օրինակի համար շատ զօրաւոր խումբեր ունի տղոց թենիսի եւ ֆութսալի մէջ։ Աղջիկներու պարագային՝ հանտպոլ եւ վոլէյպոլ։

Ուրուղուէյը շատ զօրաւոր է ֆութսալի եւ հանտպոլի մէջ. անոնք չունին թենիս։ Քորտոպան կողովագնդակի խումբեր ունի, ֆութսալ եւ վոլէյպոլ։  

Ոտնագնդակի խումբեր չունի՞ք։

Ոչ. տասնմէկ հոգինոց ոտնագնդակի խումբեր չունինք։ Հակառակ որ երկիրը աւանդ ունի տուեալ մարմնամարզէն ներս, յարմար դաշտ չունենալու պատճառով չենք զարգացուցած ոտնագնդակը ¥յատկանըշականօրէն ըսեմ որ դաշտ մը մէկ անգամ վարձելու համար մօտ 7000 տոլարի պէտք կայ¤։ Յարմար դաշտեր ունենալ եւ պահելը շատ մեծ գումարներու կը կարօտի։ Մենք ունինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեր մարզադաշտը, ուր բոլոր մեր խումբերուն փորձերը կը կատարենք։

Կը նախընտրենք այսպիսի մեծ գումարներ տրամադրել սկաուտական մեր շարժումին, երբ տղաքը կը ճամբորդեն՝ մասնակցելու համար համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու։

Սկաուտական յարմար բանակավայր ունի՞ք Արժանթինի մէջ։ 

Ոչ, բանակավայր կը վարձենք Պարիլոչէյի կողմը։ Քորտոպան եւ Ուրուկուէյը՝ իրենց մօտ։ Անկէ ետք երեք տարին անգամ մը շրջանային բանակում կը կազմակերպենք, ուր իւրաքանչիւր անգամ տարբեր մասնաճիւղ կը ստանձնէ կազմակերպչական աշխատանքը, անշուշտ սկաուտական խորհուրդին հետ համագործակցաբար։ Վերջին բանակումը կազմակերպուեցաւ Ուրուկուէյի մօտ։

Այս տարի Հայաստանի մէջ համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի կազմակերպում նախատեսուած է, ուր կը փափաքինք անշուշտ ներկայ ըլլալ։ Գիտէք, մեզի համար շատ սուղ են այսպիսի մասնակցութիւնները, հեռաւորութեան եւ տոմսակի սղութեան պատճառով։ Կիպրոս մեկնելէս շաբաթ մը առաջ կտրուկ աճ արձանագրեցին տոմսակներու գիները, որ կը տարու-բերին 2.400-2800 տոլարի շուրջ։ 

Ի՞նչ են ձեր յառաջիկայ ծրագիրները։

Ներկայիս կþաշխատինք նոր մասնաճիւղեր հիմնելու ուղղութեամբ։ Կապի մէջ ենք Վենեզուէլայի գաղութին հետ, Սան Փաուլոյի, նոյնպէս Չիլէի եւ Ռոզարիոյի (Արժանթինի մէջ) գաղութներուն հետ, ուր տեղական ուժեր կան։ Արդէն կապեր ունինք անցեալէն, երբ իրենք մասնակցութիւն կը բերեն Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպումին։ Վենէզուէլան վերջին խաղերուն մասնակցեցաւ 12 հոգիով, Պրազիլէն 45 հոգի եկան, Չիլէն նոր սկսաւ՝ 15 հոգիով, Մոնթեվիտէօ 70 հոգի, Քորտոպան 100 հոգի, Պուէնոս Այրէս 150 հոգի մօտաւորապէս։ Ընդհանուրին մէջ շուրջ 400 հոգի կը մասնակցի Նաւասարդեան խաղերուն։ Շատ մարդ կը հաւաքուի, որովհետեւ մարզիկներու կողքին համակիրներու շատ լայն շրջանակ մը կը հաւաքուի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մեծ տօնի մը կը վերածուի կազմակերպումը։ Անցեալ տարի Գառնիկ Սարգիսեանին հրաւիրած էինք, որ իր երգերով խանդավառեց բոլորը։

Պուէնոս Այրէսի մէջ յատկապէս Ապրիլ 24ի նախօրեակին մատաղի պատրաստութեան աշխատանք մը կը տարուի, որ աւելի քան 800 հոգի կը համախմբէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաշտին մէջ։ Շատ մեծ աշխատանք մըն է որ կամաւոր մատուցումի կարիքը ունի։

Լայն շրջանակները ինչպէ՞ս կը մօտենան Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Մեծ մաս մը հայկական վարժարաններէն կուգայ։ Որքան որ փոքր են տարիքով, սկաուտական շարժումին կը մասնակցին աւելի։ Հետզհետէ մեծնալով եւ իրենց հետաքրքրութիւններուն համեմատ՝ կը սկսին նաեւ մասնակցիլ մարզական մեր խումբերուն։ Շաբաթ օրերը կը համախմբուին մեր մարզադաշտը, որ կþեռայ երիտասարդական աշխուժութեամբ եւ խանդավառութեամբ։ Շատ լայն շըրջանակներէ հայութիւն կը համախմբուի մեր մօտ։

Արժանթինի մարզական-սկաուտական ֆետերասիոններու հետ ձեր յարաբերութիւնները ի՞նչ մակարդակի են։

Ընդհանրապէս շատ լաւ են յարաբերութիւնները եւ անոնք մեզի օգտակար կը դառնան։ Յաջողած ենք մօտենալ Արժանթինի մէջ գործող սկաուտական Կեդրոնական Վարչութեան, որ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ միշտ աջակցելու մեր ծրագիրներուն։

Ո՞ւր պիտի կեդրոնացնէք ձեր առաջնահերթութիւնները յառաջիկային։

Պէտք է միշտ ընդարձակենք մեր աշխատանքները եւ փորձենք գերագոյն գործը տանիլ։ Այս մէկը անշուշտ բոլորի կողմէ նուիրում եւ տրամադրուածութիւն կը պարտադրէ։ Վերջին տարիներուն ընթացքին սկսած ենք լրջօրէն դիմագրաւել խառն ամուսնութիւններու հարցը, որ հետզհետէ կը բազմանան, իրենց ծանօթ ազդեցութիւնները բերելով հայ ընտանիքին եւ հայկական միջավայրին։ Մենք կը փորձենք հասնիլ այդ ընտանիքներու տղոց, համախըմբել ու դաստիարակել՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեր շարքերէն ներս։

Յառաջիկային մեր ուժերը պէտք է լարենք յաջողցնելու համար Վենէզուէլայի եւ Չիլէի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու հիմնումը։ Վենէզուէլայի մէջ շուրջ 3000 հայութիւն կայ, հիմնականօրէն Քարաքասի մէջ, որոնք հեռուներէն կը հա- ւաքուին Շաբաթ օրերը, քով-քովի գալու համար։