ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահի Աշոտ Ղուլեանի այցելութիւնը Աթէնք տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման միջազգային գործընթացի մէկ շատ կարեւոր հանգրուանի մը, ի տես Լիտվայի խորհրդարանի կայացուցած որոշումին՝ Արցախ-Լիտվա բարեկամութեան խորհրդարանական խումբ կազմելու կապակցութեամբ:

Բնական էր որ այս հարցը՝ ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահին հետ մեր ունեցած զրոյցին առաջին հարցադրումը պիտի կազմէր.- 

Նախ կ'ուզէի ողջունել ձեզ եւ ձեր թերթին միջոցաւ յունահայ մեր բոլոր հայրենակիցներուն. ուրախ եմ որ հոս կը գտնուիմ եւ տպաւորութիւններս շատ ջերմ են ու ոգեւորիչ: Այստեղ ես տեսայ մեր հայրենակիցներուն, մեր ժողուրդի բարեկամ ազգ մը, եւ մեր ժողովուրդի, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած մարդոց ջանքերը: Այս մէկը ամբողջական ձեւով կþըսեմ, որովհետեւ իրաւունքները շատ են, անոնցմէ ամէնէն կարեւորը ինքնորոշման իրաւունքն է ի հարկէ, բայց այսօր Արցախի թէ՛ պետականութիւնը թէ՛ ժողովուրդը կարիքը ունի իր բոլոր իրաւունքներու ճանաչման, գէթ իր տարրական իրաւունքներու։ 

Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ ի՞նչ կը նշանակէ Լիտվայի որդեգրած քայլը:
Լիտվայի խորհրդարանի որոշումին կապակցութեամբ կ'ուզեմ արձանագրել թէ այդ՝ մեր կողմէ ձեռնարկուած քայլերու արդիւնքներն են, որովհետեւ մենք պատճառ մը չունինք չըսելու թէ՝ կը փորձենք Արցախը աւելի անմիջականօրէն եւ ուղղակիօրէն ներկայացնել աշխարհին։ Այդ ինչ տեղի ունեցաւ Լիտվայի խորհրդարանէն ներս շատ բնական էր, որովհետեւ Լիտվան առաջին երկիրն է որ ճանչցած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը. 1988 թուականի Ղարաբաղեան շարժումէն յետոյ՝ Լիտվան եւ Մերձպալթեան երկիրները շատ սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են Ղարաբաղի ազատագրական շարժման առաջնորդներուն հետ եւ կը կարծեմ որ այդ բոլորը ի զուր տեղ չեն անցած։ Երեւի եկած է ժամանակը, որ ամէն մի երկիր կարողանայ իր տեսակէտները ներկայացնել։

Ես այս որոշումը կը համարեմ խորհրդարանական դաշտի մէջ յա- ջողուած   ամէնաճիշդ քայլերէն մէկը, բայց այս՝ միայն սկիզբն է։ Թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ հեռաւոր Ա ւստրալիայի եւ Ուրուկուէյի հետ առընչութիւնները նոյն աշխատանքի տարբեր քայլերն են, որ ի վերջոյ մեզ պէտք է յանգեցնեն Արցախի միջազգային ճանաչման։

Այսօր աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները այնպիսին են, որ որեւէ վերապահում պիտի չունենանք, որովհետեւ աշխարհի մէջ կան նոր պետութիւններ, որոնք դեռ նոր կը յայտնեն իրենց ինքնորոշման իրաւունքի մասին, եւ կարծեմ թէ Արցախը այս շարքին մէջ վերջին տեղերը չէ որ կը գրաւէ։ Ճիշդ հակառակը։ Իր պետականաշինութեամբ, իր անցած ճանապարհով, իր ժողովրդավարական կերպարով՝ Արցախը շատ աւելի մօտ է միջազգային ճանաչման։ 

Նոր հետեւեցանք դարձեալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հետ հանդիպման: Միջնորդական առաքելութեան ջանքերը «լճացած» ըլլալու տպաւորութիւն կը ստեղծեն: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ներկայ պահը:

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի աշխատանքները ի հարկէ կը շարունակուին եւ պէտք է շարունակուին, որովհետեւ մենք որեւէ այլ բանակցային ձեւաչափ չունինք։ Վերջին հանդիպումները որ տեղի ունեցան, կարծեմ թէ մի շատ լուրջ խնդիր ունին լուծելու. թէ քանի դեռ տարածաշրջանէն ներս Ատըր-պէյճանի քաղաքականութիւնը շատ սանձարձակ է եւ իրեն թոյլ կուտայ մերժել բոլոր հնարաւոր մերձեցումները, որոնք կ'առաջարկուին միջնորդներուն կողմէ (խօսքը այստեղ ե՛ւ թիպուկահարներու ե՛ւ վստահութեան մասին է), շատ դժուար պիտի ըլլայ սպասել որ Ատրպէյճանը կրնայ որոշակի փոփոխութիւն ունենալ իր դիրքորոշման մէջ։

Վստահ եմ, որ աշնան սպասուող ընտրութիւնները այդ երկրէն ներս, կապուած են քաղաքական իրավիճակին, քանի որ կրնան փոփոխութիւններ բերել Ատրպէյճանի դիրքորոշումներուն մէջ, բայց ի հարկէ միջազգային այդ ձեւաչափը Մինսկի խումբի կողմէ, ուր կը մասնակցին երեք լուրջ պետութիւններ, անպայման պէտք է իր շարունակութիւնը ունենայ։

Ես համարում եմ, որ վերջին մի քանի տարիներուն այդ խումբի համանախագահութեան համար բացայայտուած է, որ Ատրպէյճանը որպէս բանակցային գործընկեր (փարթնըր) անյուսալի է, որովհետեւ այն ինչ որ այսօր կը համայձնեցուի, վաղը իրենց համար ի զօրու չըլլար։
Սա կը նշանակէ որ աւելի մեծ ջանքեր կը պահանջուին Ղարաբաղի խնդիրը կարգաւորելու, քան այլ հակամարտութիւններու պարագաներուն։


Բայց իրականութեան մէջ մենք որեւէ արդիւնք տեսա՞նք իրենց միջնորդական ջանքերէն։ Օրինակի համար արդիւնք պիտի ըլլար եթէ համոզուէին, թէ առանց Արցախի ուղղակի մասնակցութեան բանակցութիւններուն, կարելի պիտի չըլլայ վերջնական ու արդար կարգաւորման յանգիլ: 

Ես համոզուած եմ որ եթէ ամէն ինչ կախեալ ըլլար համանախագահներու խօսքէն, Արցախը դեռ երէկ պէտք է մասնակցէր բանակցութիւններուն։

Այստեղ ալ Ատրպէյճանը իրեն կը պահէ շատ տարօրինակ ձեւով, եւ բը- նականաբար իր հետաքրքրութիւններուն մէջ է խնդիրը միայն Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ ներկայացնել. եւ յանկարծ՝ այդպիսի փոփոխութիւն՝ ըլլայ Ղարաբաղի մուտքը, ըլլայ նոր առաջարկութիւններ, Ատրպէյճանը ամէն գնով կը փորձէ անոնք արժեզրկել։ Եւ կը կարծեմ թէ համանախագահները երբ կը տեսնեն թէ բանակցութիւնները փակուղիի մէջ կը յայտնուին, այնքան ալ շահագրգռուած չեն նոր էլէմէնթներ (նախադրեալներ) մտցնելու։ Հաւանաբար չեն խոստովանիր, բայց կը կարծեմ որ բոլորին համար բացայայտ է թէ ո՛վ է խանգարողը...։ 

Ատրպէյճանի ջղագրգիռ կեցուածքը, հետզհետէ սաստկացող ռազմահունչ յայտարարութիւններով, խանգարումներով եւ մթնոլորտը լարելու ջանքերով, ինչպէ՞ս կ'ազդէ միջազգային հանրութեան վրայ:

Գիտէ՞ք, միջազգային հանրութեան համար այսօր Ղարաբաղի խնդիրը օրակարգի թիւ 1 հարցը չէ։ Գուցէ այդ մէկ կողմէ լաւ է, որովհետեւ Ղարաբաղի խնդիրը թէժ խնդիրներէն չէ, եւ մենք պէտք է հասկնանք, որ միջազգային հանրութիւնը միատեսակ չէ։ Քսան տարուայ առաջուան միջազգային հանրութիւնը, հիմա բոլորովին նոր քաղաքական վերնախաւ, նոր սերունդ կը նշանակէ, որոնք տեղեակ ալ չեն թէ Ատրպէյճանը ի՞նչ խնդիրներ ունի, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ինչո՞ւ այսքան երկար կը շարունակուի: Եւ ա՛յս է մեր խնդիրը, որպէսզի միջազգային շրջանակներուն մօտ, անընդհատ, փորձենք Ղարաբաղի խնդիրը ներկայացնել այնպէս, ինչպէս մենք կը տեսնենք, ներսէն։ Եւ ի հարկէ, շատ հնարաւոր է որ բոլորին համար այդ մէկը այդքան ալ ընդունելի չըլլայ, բայց մենք պէտք է յամառօրէն շարունակենք եւ փորձենք բոլորին բացատրել թէ սա ուրիշ բան չէ, քան նոյնը՝ ինչ որ իրենց ժողովուրդները անցած են տարբեր ժամանակներու մէջ։

Ես կը կարծեմ թէ այսօր Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները տարբեր երկիրներ կը հաստատեն հաշիւ ընելով նաֆթային շահերը։ Մենք այդ ալ պէտք է հասկնանք, թէ տարբեր երկիրներ ունին այդպիսի խնդիրներ եւ իրենք շահագրգռուած են տնտեսական այդպիսի գործընկերներ ունենալու։ Բայց այդ մէկը նուիրատուութիւն չէ երկիրներուն: Եւ կը կարծեմ թէ Ատրպէյճանին համար ալ որեւէ տարբերութիւն չկայ թէ որո՞ւ կը վաճառէ։ Ով որ աւելի թանկ վճարեց, անոր հետ ալ գործընկերութիւն պիտի ունենան։

Ուրիշ բան է սակայն, երբ տնտեսական հնարաւորութիւնները կը փորձէ օգտագործել քաղաքական հարթութիւններու վրայ։

Ես կը յուսամ որ նոր սերունդը, տարբեր երկիրներու մէջ երիտասարդ վերնախաւը՝ կը կարողանայ յստակ զատել թէ ո՛ւր է տնտեսական շահը եւ ո՛ւր է քաղաքականը, գիտնալով թէ քաղաքական հայեացքներուն մէջ կարելի չէ որեւէ զիջում կատարել։


Օդանաւակայանի գործարկման գծով ի՞նչ հիմք կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի սպառնալիքները:
 

Ստեփանակերտի օդանաւակայանի հարցը Ատրպէյճանի պահուածքի ամէնատարօրինակն է. որովհետեւ խօսքը Ստեփանակերտ-Երեւան օդային հաղորդակցութեան մասին է, որ նախապատրաստուած է զո՛ւտ քաղաքացիական հիմքի վրայ եւ որեւէ երկրի մէջ այդ կարելի չէ արգելքներու հանդիպի: Որովհետեւ այստեղ հարցը կը վերաբերի մարդու ամէնատարրական իրաւունքին՝ տեղաշարժի իրաւունքին, եւ քանի որ Ատրպէյճանը ի սկզբանէ տրամադրուած է որ ամէն ինչ որ կը վերաբերի Արցախին բացառուած է, թէ պէտք է ամէն ինչ գոցել, փակել, հետեւաբար Ստեփանակերտի օդանաւակայանը դարձած է աչքի փուշ։

Ես կը կարծեմ թէ մեր տարածաշըրջանին մէջ եւ յստակ այս հարցով, բոլոր հետաքրքրուած կառոյցները, պէտք է կարողանան շատ պարզ տրամաբանութիւնը հասկնալ եւ բացատրել նաեւ Ատրպէյճանին։ 

Յունաստանի կուսակցական ղեկավարներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ ձեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ինչպիսի՞ տրամադրութիւն տեսաք:

Ես շատ դրական կը գնահատեմ այստեղ Յունաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու հետ մեր շփումները. բոլոր քաղաքական հանդիպումներուն ժամանակ զգացի թէ հայկական համայնքը, որ այսօր Յունաստանի մէջ կ'ապրի, -ու նաեւ կը ներկայացնէ Յունաստանի քաղաքացիներու մէկ շատ հայրենասէր հատուածը,- կարողացած են   իրենց յոյն շրջանակներուն ներկայացնել հայկական իրականութիւնը։ Եւ քանի որ խոր պատմական հիմքեր ունին Յունաստանի եւ Հայաստանի առաւելութիւններն ու կապերը, որ կը հասնին մինչեւ հին ժամանակներ, այսօրուայ յարաբերութիւնները երկու պետութիւններուն եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ, պէտք է գնահատել որպէս ամէնաբարեկամական յարաբերութիւններէն մէկը: Յունական քաղաքական շրջանակներու վերաբերմունքը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր, դէպի Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւն՝ կը կարծեմ որ շատ պարարտ հողի վրայ է։

Ուրիշ բան է որ տեղեկացուածութեան խնդիր կայ. բոլորի մօտ նոյն տեղեկացուածութեան մակարդակը չկայ եւ կարծեմ որ մեր հանդիպումները պէտք է նպաստեն, որպէսզի այս բացն ալ վերացուի։

Ի հարկէ պիտի ուզէի, որ ասկէ ետք, մենք նոր մակարդակի յարաբերութիւններ ունենանք քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ, որովհե- տեւ այս մէկը մշտական աշխատանք է, պէտք է անընդհատ նիւթեր տրամադրել, պէտք է անընդհատ յարաբերութեան մէջ ըլլալ եւ հաստատ այդ ժամանակը որ մշտական յարաբերութիւններ պիտի ենթադրէ՝ նաեւ իր արդիւնքները ցոյց պիտի տայ։

Ի՞նչ կ'ակնկալէ Արցախի ժողովուրդը։

25ամեակը շատ լաւ առիթ է, որպէսզի մենք վերանորոգենք ե՛ւ մեր յուշերը ե՛ւ քաղաքական մեր ցանկութիւնները, հետեւաբար միայն տօնակատարութիւններու մասին չէ խօսքը. պէտք է մեր հայրենակիցներուն հետ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ փորձենք Ղարաբաղի խնդրի մասին խօսիլ, երկու կտրուածքով՝ մէկը ամփոփելով 25 տարիներու ընթացքին մեր անցած ճանապարհը՝ ինչի՞ ենք հասել, ո՞ր հանգրուանին կը գտնուինք, եւ երկրորդը՝ թէ ի՞նչ պէտք է ընել յաջորդ 25 տարիներուն։

Յատկանշական է թուականը որ կուտամ, որովհետեւ կրնանք շատ աւելի շուտ հասնիլ մեր առաջադրած նպատակներուն, բայց նոյնիսկ 1988 թուականներէն, մենք բոլորս գիտէինք, եւ Սումկայիթի, Կիրովապատի, Պաքուի դէպքերէն վերջ շատ լաւ հասկըցանք, թէ շատ դժուար պիտի ըլլայ քաղաքակիրթ ձեւով բաժանում ընել եւ անկախ ու ազատ, միասնական հայրենիքի մասին խօսիլ: Անոր համար ալ միջանկեալ ճամբան ընտրեցինք, հռչակելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ Գուցէ մի քիչ ռոմանթիք էինք, գուցէ մի քիչ միամտութիւն կար, բայց կարեւորը՝ որ մենք գլխաւոր ճանապարհէն չենք շեղած. որովհետեւ ամէնամեծ արժէքը ազատութիւնն է, ամէնամեծ նպատակը Արցախը հայկական պահելն է եւ այս ճանապարհի վրայ մենք պէտք էինք նաեւ կարողանալ այնպիսի վերադասաւորումներ ընել, այնպիսի վերախմբագրումներ ընել մեր գործերուն մէջ, որ մեզ աւելի ուղիղ պիտի տանին այդ նպատակներուն։  

Համայն հայութիւնը հպարտ եւ հարազատ կը զգայ Արցախի հայութեամբ: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը կը ձգտի միջազգայնօրէն ճանչցուած տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Սփիւռքը ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար ըլլալ Ղարաբաղի պետութեան եւ ժողովուրդին։ Որո՞նք են առաջնահերթութիւնները։

Շնորհակալ եմ որ այդ հարցումը կ'ուղղէք։ Ինձ համար միանշանակ է: Շատ ակնյայտ է որ 1988 թուականէն յետոյ Արցախը ուրիշ է, Հայաստանն ալ ուրիշ է, եւ բարեբախտաբար մենք անկէ ետք ունեցանք անկախ հայկական պետականութիւն։ Եւ ունեցանք երկու հայկական հանրապետութիւններ:

Վստահ եմ որ դուք ալ պիտի համաձայնիք եթէ ըսեմ, որ 1988 թուականէն ետք Սփիւռքն ալ ուրիշ է։ Որովհետեւ մեր բոլոր սփիւռքի լուրջ կեդրոններուն մէջ, մեր հայրենակիցները իրենց աւելի հպարտ կը զգան, որ հայ են։ Արցախը սփիւռքին հնարաւորութիւն տուաւ շտկելու մէջքը, ուղիղ քալելու, բաց ճակատով, համահայկական իղձերու իրականացման շատ կարեւոր աղբիւր էր, որ ազգային զարթօնք հաստատեց բոլոր սփիւռքահայ գաղթօճախներուն մօտ։ Հետեւաբար մեր հետագայ ընթացքը, ինձ կը թուի, թէ դա՛րձեալ Արցախի հետ կապուած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ այդ մեր ազգային նպատակները սնուցող երեւի ճիշդ եւ բոլորին մերձեցնող կէտն է։

Հետեւաբար մեր ընելիքները առաջին հերթին պէտք է ուղղուած ըլլան՝ Արցախը ամրապնդելու, Արցախէն եկած «իմփուլսները» սփիւռքում ճիշդ օգտագործելու, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործը աւելի բարձր մակարդակի վրայ դնելու. եւ բնականաբար առաջին հերթին Արցախի հզօրացման մասին խօսելու ժամանակ՝ տընտետական զարգացումը պէտք է նկատի ունենանք։ Չմոռնանք որ պայքարը դեռ չէ աւարտած։ Ռազմաճակատին վրայ մեր յաջողութիւնը այսօր մենք խնդիր ունինք վերահաստատելու՝ տնտեսական, մշակութային, հոգեւոր, բոլոր ուղղութիւններով եւ ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկածի որ Արցախը մինչեւ վերջ պիտի երթայ այդ ճանապարհով։ Մեր հաւատքը պիտի զօրացնենք այդ գործին ուղղութեամբ:

Առիթը կ'ուզեմ օգտագործել մեր բոլոր հայրենակիցներուն ըսելու, թէ երբ ամէն տարի թէ՛ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի խողովակներով, թէ՛ առանձին, կամ տարբեր բարեգործական ծրագիրներու իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, շատ մեծ գործ կը կատարեն, որովհետեւ այդպէս մենք կը լուծենք որեւէ մէկ հեռաւոր գիւղի շատ կարեւոր խնդիր։ Դրանով մենք լուծած ենք արդէն Ստեփանակերտի ջուրի ծրագիրը, կը կառուցենք ճանապարհները, եւ նոր ու նոր ու աւելի մեծ ծրագրերու մասին պիտի մտածենք։ Եթէ այս համագործակցութիւնը շարունակուի ու աւելի մեծ ծաւալներու հասնի՝ ես համոզուած եմ որ մենք շատ աւելի մեծ յաջողութիւններ արձանագրելու առիթը եւ ուրախութիւնը պիտի ունենանք։

Որպէս յունահայ համայնք, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ, առիթը ունեցած ենք ամէն ամառ վայելելու Արցախէն ժամանող փոքրիկներու ներկայութիւնը։ Միշտ կը հմայէ մեզ երեխաներու համարձակութիւնը, լաւատեսութիւնը։ Արցախի մէջ ժողովուրդը բարձր հոգեբանութիւն ցոյց կուտայ։

Գիտէք, Արցախի ժողովուրդի վստահութիւնը յառաջ կուգայ Սփիւռքէն եւ մայր հայրենիքէն։ Ոեւէ անձ Արցախի մէջ երբեք չի մտածեր թէ մենք միայնակ 150.000 բնակչութեամբ կարող ենք լուծել այսր մեր առջեւ կանգնած այդ լուրջ մարտահրաւէրները։ Եւ քանի որ մենք մեր թիկունքին ունինք Հայաստանի Հանրապետութիւն, ունինք Սփիւռքը, ամբողջ աշխարհով մէկ, սա աւելի մեծ ուժ կուտայ Արցախցիին։ Իսկ ճիշդ նկատած էք երիտասարդներու մօտ լաւատեսութիւնը, որովհետեւ իրապէս նոր սերունդը շատ ա- ւելի բաց է, հաղորդակցելու տրամադրուած է, որեւէ խնդիր չունի աշխարհի հետ կապեր ստեղծելու մէջ, լեզուի, համակարգչային արհեստագիտութեան շնորհիւ։ Այսօր ամէն ինչ ունինք եւ Ղարաբաղի մէջ որեւէ սահմանափակում չկայ։ Այսօր Ղարաբաղի մէջ ապրող հայ երիտասարդը ինքզինք բնաւ կտրուած չի համարեր ամբողջ աշխարհէն։

Յունաստանի պարագային, իրապէս որ կրնամ հաստատել, թէ երեխաներու այցելութիւնը ամէն ամառ այնքան յաջողուած ծրագիր է, որ ուրիշ տեղ այսպիսի յաջողութեամբ կարելի չէ եղած կրկնել։ Հայ երեխաները կուգան Յունաստան, կը շփուին իրենց հասակակիցներուն հետ, ուժ կը ստանան եւ բազմաթիւ նուէրներով ու հոգեպէս լիցքաւորուած կը վերադառնան Արցախ։

Կան տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին շատ շնորհակալ ենք: Եթէ ամէն Սփիւռքի գաղթօճախ կարողանայ իրագործել, այն ինչ որ յաջող կը ստացուի, եւ կապերը ամրացնել՝ մենք կ'ունենանք Արցախը բազմաթիւ թելերով կապուած աշխարհին եւ հայկական սփիւռքին։

Իմ խորին համոզմամբ, այսօր Արցախի հանրութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի ուշադրութեան մշտական վերանորոգման կարիքը ունի: Միայն այդպէս է, որ Արցախցին գիտնալով հանդերձ թէ փոքր հեռաւորութեան վրայ իր հակառակորդին կը դիմադրէ, որեւէ կերպ իրեն տկար չի զգար։ Հակառակորդն ալ գիտէ որ այդ՝ միայն Արցախի սահմանը չէ, այլ ամբողջ հայութեան սամանագիծն է իր դէմ։

Աշոտ Վլատիմիրի Ղուլեան ծնած է 1965ին, Արցախի Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան գիւղը։
1983ին ընդունուած է Ստեփանակերտի մանկավարժական ինստիտուտի պատմական ֆակուլտետը: 1984-86 ին ծառայած է խորհրդային բանակէն ներս: 1990ին գերազանցութեամբ աւարտած է Կիրովականի մանկավարժական ինստիտուտի Ստեփանակերտի բաժանմունքի պատմութեան ֆակուլտետը՝ պատմաբան-իրաւագէտի մասնագիտութեամբ։
1995ի Յունուարէն ղեկավարած է ԼՂՀ արտաքին գործերու նախարարութեան Սփիւռքի եւ երկկողմ յարաբերութիւններու բաժինը, 1998ի Յունուարէն՝ քաղաքական վարչութիւնը։
1998ի Դեկտեմբերիին նշանակուած է ԼՂՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ։
2002ի Հոկտեմբերին նշանակուած է ԼՂՀ արտաքին գործերու նախարար։
2004ի Դեկտեմբերին նշանակուած է ԼՂՀ կրթութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարար։
2005ին ընտրուած է Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ։
2005ին ընտրուած է ԼՂՀ 4-րդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւոր, 2005ի Յունիսին ընտրուած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ։
2010ի Յունիսին վերընտրուած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ։
Ազգային ժողովի «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան անդամ է։
Պարգեւատրուած է ԼՂՀ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով։
Ամուսնացած է, ունի երեք զաւակ։