Հինգշաբթի 7 Փետրուար 2013ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս կազմակերպուեցաւ ժողովրդային զրոյց-հանդիպում Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն-խմբագիր ընկ. Շահան Գանտահարեանի հետ:
Նիւթն էր՝ «Սուրիոյ-Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան ներկայի տագնապալի կացութիւնն ու ապագայի մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն դերակատարութիւնը »:
Ստորեւ դասախօսութիւնը՝ ամբողջութեամբ.-
Օրուայ դասախօսը շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոն կազմակերպած Արամ Մանուկեան կոմիտէին եւ Ազատ Օրի խմբագրութեան, նշելով թէ բանաձեւուած նիւթը, հրատապ եւ այժմէական թեմա է։ Ան ըսաւ թէ խորքին մէջ կայ որոշ դժուարութիւն նիւթի ներկայացման համար կարելիի սահմաններուն մէջ ճիշդ ուղղութիւնները ճշդելու։
Կը խորհիմ որ տարածաշրջանին ամէնէն թէժ կէտին վրայ կեդրոնացումը այս պարագային աւելի ընկալելի է։ Առնչուած խնդիրները, յատկապէս Լիբանանի պարագան կարելի է քննարկել զրոյցի բաժինով։
Իսկ Սուրիոյ պարագան-, իր կարգին բնականաբար ունի իր ենթաբաժինները՝ քաղաքական, ներազգային եւ տեղեկատուական։ Նախընտրելի պիտի ըլլար անշուշտ ընդհանուր ուրուագծումը կատարել այս բաժիններուն, որմէ ետք զրոյցի ճաբով փորձել կեդրոնանալ աւելի մասնակի խնդիրներու։
Քաղաքական վիճակ
Իրան
Սուրիան այսօր յայտնուած է աշխարհաքաղաքական ուժերու կարեւորագոյն օրակարգի կիզակէտին վրայ։ Խնդիրը, ինչպէս կը յայտարարուի սոսկ իշխանափոխութիւնը չէ.վարչակարգի հեռացումը կամ ժողովրդավար կարգերու հաստատումը չէ։Ժողովրդավարացումը, մարդկային իրաւունքները կարգախօսեր են, շղարշներ պարզապէս, որոնց անունին տակ կամ որոնց ետին գերտէրութիւնները կ՛իրականացնեն տարբեր ծրագիրներ։ Շահագրգիռ կողմերը Ռուսիան, Միացեալ նահանգները, Թուրքիան եւ Իրանն են։ Իրանը եթէ մէկ քայլ ետեւ կ՛երեւի այս բոլոր զարգացումներուն մէջ այնուամենայնիւ պաշտօնական Թեհրանը բացայայտ յայտարարած է, որ Արեւմուտքի եւ ԱՄՆ-ի ծրագարած սուրիական իշխանափո-խութեան նպատակը քանդել է Ռուսիա-Իրան-Սուրիա առանցքը։ Թեհրանի յայտարարութիւնը հեռու չի թուիր իրականութենէ։ Փաստօրէն Սուրիոյ վարչակարգը մինչեն այն ատեն, որ չէր խորացուցած իր համագործակցութիւնը Թեհրանի հետ նման խնդիրներ դիմագրաւելու վտանգէն առ նուազն այս անմիջականութեան առջեւ չէր։ Ի վերջո իշխող փոքրամասնութեան Դամասկոսի վարչակարգը նախընտրելի էր, քան սիւննի մեծամասնութիւնը ներկայացնող իշխանութիւնը։ Ասատի Սուրիան փաստօրէն կայուն գոյավիճակ էր նաեւ Իսրայէլի համար, որուն գլխաւոր տարածաշրջանային թշնամին Իրանն էր։
Խնդիրը հետզհետէ սրեցաւ երբ Դամասկոս մէկ կողմէ յենած Մոսկուային միւս կողմէ դարձաւ ռազմավարական կամուրջ Թեհրանի եւ Լիբանանի մէջ գործող շրջանային ուժի վերածուած Հըզպպալլա կազմակերպութեան միջեւ։ Ահա ռազմավարական այս կամուրջի քանդումն էր, ըստ պաշտօնական Թեհրանին, որ տեղի կ՛ունենար մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարու- թեան հաստատման արեւմտեան կարգախօսերուն տակ։ Թեհրանի ակտիւացումը այս խնդիրներուն ուղղութեամբ մենք պիտի շարունակենք նկատել ամէն անգամ որ Թել Աւիւը իր զինուորական դէմքով յայտնուի այս հարցին մէջ։ Յիշենք, վերջերս Սուրիական կեդրոններու դէմ իսրայէլեան օդանաւերու յարձակումին դիմաց Իրանի կեցուածքներու սաստակցումն ու համապատասխան յայտարարութիւնները։
Ռուսիա
Միւս կողմէ իր վէթոներով միջազգային ընտանիքի կողմէ զինուորական արտաքին միջամտութիւններ կանխարգիլող Մոսկուան գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ ոչ նոյն ոճով այլ համեմատաբար դիւանագիտական բառապաշար գործածելով կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Ասատի վարչակարգին։ Այստեղ սակայն միանշանակ չեն նոյնիսկ յայտարարութիւններու բովանդակութիւննները։ Պաշտօնական Մոսկուայի բանբերները դերերու բաշխում կատարած են կարծէք. Անոնցմէ մէկը կը յայտարարէ, որ մօտալուտ է Դամասկոսի ղեկավարներուն անկումը, միւսը կը հերքէ։ Մէկը յստակ կը դարձնէ որ Սուրիոյ նախագահը ճակատագրական սխալ գործած է, ուրիշ մը կ՛ըսէ թէ նման յայտարարութիւններ պետական կեցուածքը չեն ներկայացներ։ Բայց այդ մէկերն ու ուրիշները կա՛մ վարչապետներ են, կամ արտաքին գործոց նախարարներ կամ ալ անոնց տեղակալները։
Անկախ զինուորական օժանդակութիւններէն պէտք է պարզապէս նշել երկու կարեւոր փաստ. Նախ այն որ ռուսական ռազմանաւերը կը վերահսկեն Սուրիոյ ծովեզերքը եւ երկրորդ Ռուսիան կը շարունակէ սեւ ծովու եւ այս պարագային միջերկրական ծովու սուրիական կողմերը կազմակերպել աննախընթաց զօրավարժութիններ։ Ռուսական ուժի այս ցուցադրութիւնները ուրիշ բան չեն եթէ ոչ փոխանցել այն ուղերձը, ըստ որուն Մոսկուան դիւրին հրաժարողը չէ տարածշրջանի իր ազդեցութեան գօտիէն։ Եւ ասիկա անկախ Ասատի իշխանութեան մնալ չմնալու խնդիրէն։ Որովհետեւ չմոռնանք, որ խնդիրը ազդեցութեան գօտիի պահպանումն է եւ ոչ թէ անձնաւորութիւնները փրկելը։ Ռուսամէտ վարչակարգն է, ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ կարգավիճակն է, որ անկախ անձէն կը շահագրգռէ Մոսկուայի իշխանութիւնները։
Թուրքիա
Վերջապէս Թուրքիան, որ ներսուրիական խռովութիւններու սկիզբէն քիչ առաջ մերձեցման աննախադէպ տարողութիւն ապահոված էր Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններուն։ Կընքուած էին բազմաթիւ պայմանգիրներ, ջնջուած էին սահմանները, ժողովուրդները եղբայրացած էին։ Սուրիոյ հողային զիջումներու մասին նոյնիսկ գաղտնի համաձայնութիւներու մասին լրատուութիւններ կը սպրդէին եւ երկկողմանի կը յայտարարուէր պատմութեան նոր էջ բնաալու մասին։ Մերձեցման այս վիճակին մէջ երբ ջնջուած էին սահմանները Անգարան փաստօրէն հսկայական ծաւալներով թափանցած էր երկիր.շատ արագ Դամասկոսը կը դառնար թշնամի Ասատը կը նմանցուէր Հիթլէրի եւ քաղաքական ցինիզմի ընդգծուած օրինակով Անգարան Դամասկոսը կ՛ամբաստանէր ցեղասպանութիւն իրականացնելու յանցանքով։
Եւ եթէ Ուաշինկթընի եւ այդ ճամբով ԹելԱւիվի համար այս բոլորին մէջ Իրանի գործօնն է առաջին մտահոգութիւնը, ապա Անգարայի համար նախատեսուող պատուհասը քիւրտերն են առաջին հերթին։ Անտանգութեան գօտի ստեղծելու Թուրքիոյ ճիգերը խորքին մէջ ոչ թէ գաղթականներուն կը վերաբերի ինչպէս կ՛ուզէ շղարշել Անգարան ներկայանցող որեւէ պաշտօնատար, այլ կը միտի արգելակել Իրաքի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ քիւրտերու միաւորումը։ Իսկ այդ միաւորումը փաստօրէն Մեծն Քիւրտիստանի ստեղծումն է։
Վերլուծական եւ տեղեկատուական շատ կեդրոններ վերջին շրջանին կը խօսին Քիւրտիստանի ստեղծման մասին։ Այդ բոլորը քաղաքական այս կամ այն ուժին, պետութեան քարոզչական քաղաքականութեան պարունակին մէջ կարելի է դիտարկել։ Յատուկ ուշադրութեամբ պէտք է կարդալ Միացեալ նահանգներու պետական քարտուղարութեան վերլուծական բաժանմունքի հրապարակած տեղեկագրին Թուրքիոյ վերաբերող բաժինը, ուր յստակօրէն կ՛ըսուի, որ յառաջիկայ քսանամեակին, մինչեւ 2030 թուականը կը նախատեսուի Թուրքիոյ մասնատումն ու բաժանումը։ Այնտեղ կ՛արծարծուի նաեւ Քիւրտիստանի ստեղծման տեսութիւնը։
Պետական քարտուղարութեան բաժանմունքի ստորագրութիւնը կրող տեղեկագիրը պաշտօնական Ուաշինկթընի տեսակէտով կը մեկնաբանուի։ Ուղերձը այս պարագային յստակ է։ Եւ այստեղ եթէ առ երեւոյթ Սուրիոյ իշխանութեան տապալման առաջադրանքով կը միանան Անգարայի եւ Ուաշինկթընի շահերը, ապա քրտական գործօնի ուղղութեամբ առ նուազն տարբեր են երկու պետութիւններու մօտեցումները, չըսելու համար որ ուղղակի կը հակադրուին իրարու։
Քրտական վախը կարեւորագոյն շարժառիթներէն կարելի է համար Սուրիոյ հարցին մէջ Անգարային այս տարողութեամբ թափանցուածութիւնը հիմնաւորելու համար։
Բաժանումի եւ մասնատումներու գերտէրութիւններու ծրագիրներու կամ միջին արեւելքի նոր քարտէսներու տեսութիւնը միայն քիւրտիստանին եւ Թուրքիոյ չեն վերաբերիր։
Իրողական վիճակը՝ Սուրիոյ մէջ - ժողովրդագրական պատկերի վերաբերող փոփոխութիւններ
Ներկայ Սուրիան, կը թուի, որ ժողովրդագրական պատկերի տեղաբաշխումի նոր զարգացումներու գործընթացին մէջ է արդէն։ Ժէզիրէի շրջանը ամբողջ իրողապէս ինքնավար քիւրտիստան է։ Քիւրտերը զինեալ վիճակի մէջ կը վերահսկեն քիւրտ ազգաբնակչութեամբ յատկանշուող տարածքները։
Սուրիական ծովեզերքը, որ գրեթէ զերծ է պատերազմական երեւոյթներէն նաեւ անոր հետեւող կենցաղային դժուարութիւններէն, մեծամասնութեամբ բնակեցուած է ալաուիներով։ Ալաուիները այն փոքրամասնական համայնքն են որ կը տիրեն ուժային կառոյցներուն, զինեալ ուժերուն։ Ուրեմն այս պահի դրութեամբ Սուրիոյ մէջ ինքնավար Քիւրտիստանի կողքին յառաջացած է նաեւ ինքնավար ալաուիստան մը, սերտօրէն կապուած՝ Դամասկոսի վարչակարգին։
Եթէ Սուրիական Քիւրտիստանը անուղղակիօրէն կը հովանաւորուի Արեւմուտքին եւ Ուաշինկթընի կողմէ, ծովեզերայ ալաուսիտանի ուղղակի եւ գլխաւոր երաշխաւորը Մոսկուան է, որուն ռազմանաւերը կը վերահսկեն ամբողջ ծովեզերեայ տարածքը։ Գերտէրութեան կողմէ ցուցադրուող այս վերահսկողութիւնը եւ մինչեւ այս պահը ծովեզերայ Սուրիոյ հեռու մնալը պատերազմական թատերաբեմէ ինքնաբերաբար կը մղէ Սուրիոյ քաղաքացին եւ այս պարագային առաւելաբար քրիստոնեայ տարրը դէպի այդ տարածքները նայելու։
Վտանգաւոր խնդիրը - նաեւ մեզի համար, այս պարագային Հալէպն է, ուր մեծ թափանցում կատարած է Թուրքիան։ Բայց այդ մասին քիչ ետք, երբ կը խօսինք ներազգային խնդիրներու մասին։ Միայն նկատի ունենանք նախագահ Ասատի հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ ինք կրնայ երկու շաբաթէն անդորրութիւնը վերահաստատել Սուրիոյ մէջ եթէ Թուրքիան դադրի զինելէ եւ ֆինանսաւորելէ իր բառերով «ահաբեկիչ»ները։
Հայ տեղեկատուութեան առջեւ կանգնած խնդիրներ
Պատերազմին զուգահեռ քաղաքագիտական պարզ տեսութիւն է ժամանակակից աշխարհի մէջ, որ նոյնքան թէժ եթէ ոչ աւելի տեեկատուական պատերազմ է։ Իսկ տեկատուական պատերազմը բնականաբար խնդիր ունի լրագրական հաւաստիութեան հետ կապուած էթիքայի, առարկայականութեան կամ լրագրողական արհեստավարժութեան հետ առնչուած երեւոյթներու։ Խնդիրը շեշտակի կերպով դիմացի կողմին բարոյալքումն է եւ հասարակութիւնը իր ուզած ձեւով կողմնորոշելը, զինուորական այս կամ այն գործողութիւնը արդարացնելը, յարձակողպաշտութիւնը ինքնապաշտպանութեամբ հիմնաւորելը։ Այս բոլորը ուրեմն տեղեկատուութենէն աւելի ապատեղակատուութիւն են։ Մէկ կողմէ իշխանութեան լրատուամիջոցները ունին իշխանութեան քաղաքականութիւնը բացատրելու, լուսաբանելու առաջնային խնդիր, միւս կողմէ ընդդիմադիր կողմը իր բոլոր գործողութիւնները բռնատիրութեան դէմ իբրեւ ազատագրութիւն ներկայացնելու մօտեցում։ Հարցը այստեղ չաւարտիր անշուշտ։ Տրուած ըլլալով որ Սուրիան, ինչպէս ըսուեցաւ, յայտնուած է գերտէրութիւններու թէժ օրակարգի վրայ, միջազգային մամուլը իր տարբեր ուղղուածութիւններով այս հարցերը լուսաբանելու, կամ աւելի ճիշդը ապալուսաբանելու գործին լծուած է։ Սուրիական բազմակողմանի աղբիւրները շուքի մէջ են ամերիկեանին, ռուսականին, եւրոպականին դիմաց։ Եթէ համակողմանի աղբիւրներու հետեւող է ոեւէ անձ ամէնէն պարզ հարցին գծով, չի կրնար կողմնորոշուիլ 180 աստիճան տրամագծօրէն տարբեր բովանդակութեամբ լուրերուն նկատմամբ։ Ասատի վարչակարգի գոյութեան կամ տապալման մասին եթէ արեւմտեան աղբիւրները մնայունօրէն կը շեշտեն անոր շատ մօտալուտ ըլլալը, մինչ իրանեանը, կամ ռուսականը կը խօսին անոր երկարատեւութեան կամ նոյնիսկ տապալման անկարելիութեան մասին։ Ամէն մէկ կողմի դաշտին մէջ տակաւին կան իրար հակասող, մէկ հաստատող-մէկ հերքող յայտարարութիւններ, որոնք կողմնորոշելու տեղ կ՛ապակողմնորո- շեն հետեւողը։ Պայթումի մը հետեւանքով բնակարանային շէնք մը փուլ կու գայ եւ քաղաքացիներ կը զոհուին, ընտանիքներ ամբողջ։ Մէկ կողմը կը յայտարարէ, որ կառավարական օդանաւերը վերէն հարուածած են շէնքը, միւս կողմը կը պնդէ որ ընդդիմադիրները պայթեցուցած են զայն։ Իրականութիւնը կը կորսուի սկզբունքով շատ պարզօրէն յստականելի նման հարցերու մէջ։
Պարզ օրինակներէն գանք, աւելի բարդ եւ նուրբ հարցերու, որոնք կը վերաբերին հայկական գործօնին։Տեղեկատուական պատերազմը տեսականօրէն կ՛աշխատի տուեալ կողմի կառքին լծել տարբեր հատուածներ եւ հաւաքականութիւններ։ Բազմաթիւ անգամներ հայութիւնը խուճապի մատնելու միտումով լրատուութիւններ դրուեցան շրջանառութեան մէջ։ Իշխանամէտ կայք մը Դամասկոսի մէջ հայ ընտանիքի մը կոտորուելուն մասին զգայացունց լուր հաղորդեց։ Լուրին ճշմարտացիութեան տպաւորութիւն ստեղծելու համար նոյն կայքը նշեց դէպքի վայր, ժամանակ, ընտանիքի անուններ նոյնիսկ։ Պէտք եղաւ սպասել, ստուգել թէ ո՞ր ընտանիքին մասին էր խօսքը. Ի յայտ եկաւ որ նման պատահար չկար։ Մինչ այդ սակայն, հայկական լրատուամիջոցներ՝ Սփիւռքէն Հայաստան անդրադարձած էին դէպքին եւ մթնոլորտը ստեղծուած էր։ Այն մթնոլորտը, որ էթնիքական հողի վրայ սպանութիւներ սկսած էին եւ ընտանիքը զոհուած էր պարզապէս հայ ըլլալուն համար։
Ընդդիմադիր սպաննուած տարրերու մէջ ադրբեջանցի կռուողներուն անձնագրերուն լուսանկարները յատուկ լուսարձակի տակ առնելով լրատուութիւններ թողարկելը իր կարգին որոշ նպատակ կը հետապնդէր անշուշտ։ Չէ բացառուած որ լուրը իրականութեան կը համապատասխանէր. Յատուկ ընդգծումները սակայն բնականաբար հայկական հատուածին ուղերձ կը փոխանցէին հակամարտութեան մէջ ո՛ր կողմին մօտ աւելի հանգիստ եւ ապահով զգալու եւ ըստ այնմ դիրքորոշուելու համար։
Թրքական տեղեկատուական մեքենան ուղղակի հայկական հարցերուն վերաբերեալ կը թուի որ աքտիւ աշխատանք չէ կեդրոնացուցած։ Առաջնակարգ խնդիրնրը թրքական լրատուամիջոցներուն համար Սուրիոյ վարչակարգն է, քրտական գործօնը անշուշտ եւ Սուրիացի գաղթականները։ Հայկական հարցերուն վերաբերող աշխուժութիւն մը երեւցաւ սուրիահայ գաղթականներ Թուրքիոյ մէջ ընդունելու պետական պատրաստակամութիւնը լուսաբանելու պահուն. Զուգահեռ՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու՝ սուրիահայ գաղթականներ Թուրքիոյ վրայով Հայաստան անցընելու համար։ Այստեղ հայկական հակազդեցութիւնը թոյլ էր. պէտք էր յիշեցնել Անգարային եւ համայն աշխարհին թէ այն սուրիահայերը որոնց նկատմամբ խաղասիրական եւ մարդասիրական շռայլանքներ կը ցուցադրէ Անգարան, նոյն Անգարայի երէկուան վարիչներուն կողմէ Ցեղասպանութեամբ տեղահանուած եւ սպաննուածներու ժառանգորդներն են, որոնց հրաւէր կ՛ուղղուի հաստատելու նոյն երկրին մէջ։
Ինչ կը վերաբերի մեր միւս հակառակորդին՝ Ադրբեջանին, ապա պաշտօնական Պաքուն հայկական առումով բողոք բարձրացուց, ի տես սուրիահայ ընտանիքներու Արցախի վերաբնաեցման երեւոյթին։ Պաքուն յայտարարեց, որ բողոքը պիտի փոխանցէ ԵԱՀԿին։ Նոյնը պատահած էր, երբ Դամասկոսի մէջ ադրբեջանական դեսպանատունը հաշիւ պահանջած էր Սուրիոյ կառավարութենէն իրաքահայերու իբրեւ թէ Սուրիայէն դէպի Արցախ զանգուածային բնակեցման երեւոյթին դէմ։
Հայկական լրատուական կայքէջերու պարագային կը թուի, որ ճգնաժամաի տեւողութեան զուգահեռ որոշ ճամբայ կտրած է նաեւ թէ՛ տագնապին եւ թէ՛ սուրիահայութեան իրավիճակին մասին համազգային ճանաչողութեան խնդիրը։ Գրեթէ դադրած են նախնականութեան չափանիշերով յատկանշուած տեսական առաջարկները:
Հեռանկարային խնդիրներ՝ հայկական գործօնի նկատառումով
ՄիջինԱրեւելքի հայկական գաղութները մեր դասական Սփիւռքի հզօրագոյն կռուաններն են։ Աշխարհագրական իրողութեամբ՝իբրեւ հայաստանամերձ գաղութներ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ազգային միջավայրեր են անոնք, ուր կազմակերպ կեանքը իբրեւ համայնք ունի յստակ կառուցակարգ, հոգեւոր, կուսակցական, ազգային, յարանուանական իր բոլոր բաղադրիչներով։ Լիբանանի պարագան առնելով հինէն աւանդուած համասփիւռքեան կեդրոններու գոյութիւնը այնտեղ այս շրջաններուն համար ապահոված կեդրոնական գաղութի հանգամանք։ Հայկական յարանուանութիւններու համասփիւռքեան կեդրոնները հոն են.նախապէս նաեւ երեք աւանդական կուսակցութիւններունը.այսօր թերեւս մասնաճիւղային կարգավճիակով.հոն կը գործէ Սփիւռքի միակ հայկական համալասարանը.եւայլն։
Փոփոխուող աշխարհին հետ կը փոխուին նաեւ Սփիւռքի պայմանները։ Այս մէկը ոչ անպայման դասական եւ նոր սփիւռքներու յղացքներուն կը վերաբերի։Ինքնին նոյնինքն ներմիջինարեւելեան իրադրութիւններու զարգացումով կը փոխուին միջին արեւելքի հայկական գաղութները իրենց թիւով, դիմագրաւած տագնապներով։ Եւ այստեղ նոր պայմաններն ու նոր ժամնակները ի նպաստ հայկական գործօնին չեն։ Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ որոշուղ միջին արեւելեան նոր ծրագիրները բաժանումներու միտումով, քարտէսներու վերագծումով կ՛ընթանան լարուած, անապահով իրավիճակներ ստեղծելով։ Այս ցնցումները, անապահով վիճակը բայց մանաւանդ կրօնական ծայրայեղութեան արմատաւորումը եւ անոր զանազան դրսեւումները պատճառ կը դառնան զանգուածային տեղաշարժերու եւ արտագաղթի։ Կը գաղթեն տարբեր կրօններու պատկանող ազգաբնակչութիւնները։ Այսօր Միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն պատկերը մութ հեռանկարներ կը պարզէ։ Մէկ ու կէս միլիոն կը հաշուէր Իրաքի քրիստոնեայ համայնքը։ Այսօր մէկ երրորդը նոյնիսկ հարցական է իբրեւ շարունակուող գոյութիւն։ Եգիպտոսի քրիստոնեաները սուր կերպով կը քննեն իրենց ապագան արաբական այդ երկրին մէջ։ Լիբանանի պէս Քրիսոտնեայ դիմագիծին վրայ գրաւ դնող երկրի մը իսլամ-քրիստոնեայ համեմատութիւնը եօթանասունըչորս քսանըվեց յարաբերակցութեան մէջ է։ Այս պահու դրութեամբ չկան տուեալներ Սուրիոյ քրիստոնեաներու թիւին մասին։
Քրիստունէութեան այս վիճակին մասին խօսեցանք, որովհետեւ հայութեան վիճակը եւս այս ընդհանուր ուղղուածութեան մէջ պէտք է դիտարկել։ Արտահոսքը այս շրջաններէն որոշ ընդմիջումներով, կայացած ուղղութիւնն է։ Ուղղութիւնը սակայն չունի ուղղուածութիւն։ Ակնկալելի առաջադրանքը անշուշտ այս արտահոսքը դէպի հայրենիք ներհոսքի վերածելն է։ Ճիշդ է, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը իր համապատասխան գերատեսչութիւններով հնարաւոր դիւրութիւնները կ՛ընծայէ ճգնաժամերու բերումով հայրենիք մեկնած ազգայիններուն։ Քաղաքացիութիւն, ուսում, կենցաղային որոշ դիւրութիւններ, այսուհանդերձ աշխատանքի խնդիրը, եւ աշխատավարձի հարցը կը մնան կենսական խնդիրներ։
Գաղութային խնդիրները ըլլան ներրհամայնքային ըլլան միջգաղութային այս դասախօսութեան սահմննարեէն կրնայ դուրս իյնալ նկատի ունենեալով նիւթին տարածուածութիւնը։
Թիւերով խօսելու համար արձանագրենք, որ Սուրիոյ մէջ հայ մահացածներուն թիւը շուրջ 50 է. վիրաւորներունը՝75. նահատակուած՝ 10, առեւանգուած՝ շուրջ 30. փրկագինները՝ 2.000-50.000. վնասուած, քանդուած բնակարաններ՝ 220. հրկզուած, գողցուած եւ աւերուած գործարաններ՝ 450։ Հրկիզուած է Սբ. Գէորգ եկեղեցին. Վնասուած է մխիթարեան վարժարանը, հայ ծերանոցը, նորակառոյց պատսպարանը, Տէր Զօրի մատուռը։
Այստեղ նուրբ է խնդիրը։ առնենք Սուրիոյ պարագան. Սուրիահայերը նաեւ Սուրիոյ քաղաքացիներ են եւ իրենց առաջին քաղաքացիութեան հայրենիքը շուտով եւ անվերադարձ լքելու երեւոյթը երկրորդ կարգի քաղաքացիի կարգավիճակ կը ստեղծէ հոն մնացողներուն կամ ընդհանրապէս համայնքին հաշուոյն։
Մինչ հակառակ ներքին եւ արտաքին դժուարութիւններուն եւ որոշակի ձախողութիւններուն նոր օսմանականութեան վերականգնումի կարգախօսով քաղաքականութիւն ճշդած Անգարան առաջին թիրախ ունի արաբական աշխարհն ու միջին արեւելքը։ Այս տարածաշրջանի հայութիւն ուրեմն ունի ծարայեղ իսլամութեան եւ թրքական գործօնի աշխուժացման վտանգներէն բխող հետեւանքները դիմակայելու խնդիր։ Անոնք ուղղուած ըլլան ուղղակի թէ անուղղակի միջին արեւելքի հայկական գործօնին դէմ։
Եզրակացութիւն
Միջին Արեւելքի մեր գաղութները ռազմավարական նշանակութիւն ունին համասփիւռքեան առումով, յատկապէս մեր կազմակերպ կեանքին մարդուժ տրամադրելու տեսակէտէն։ Աոնց ապագան, հեռանկարը, լեզուական, մշակութային քաղաքական եւ հոգեւոր խնդիրները պէտք է քննարկել համասփիւռքեան ձեւաչափերով։ Միջին արեւելքի երկիրներու նկատմամբ հայրենիք-սփիւռք համատեղ քննարկումներու մակարդակով անյետաձելի է նախ յատուկ հայեցակարգի մշակումը եւ ապա այդ հիմնադրոյթներուն վրայ ծաւալող աշխատանքներու կազմակերպումը։
Հայաստանի պետութեան ներգրաւուածութիւնը այս խնդրին խիստ կենսական է, որովհետեւ Միջին Արեւելքի առաջնային թիրախ է այսօր Անգարային համար։ Մեր յստակ առաւելութիւնը այս պարագային այս շրջաններուն մէջ գործող տեղւոյն քաղացին հայրեն են, որոնք Երեւանի եւ միջին արեւելեան երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ մարդկային կամուրջի անփոխարինելի դերակատարութիւնը կրնան ստանձնել։ Հակառակ Անգարայի ունեցած անհաւասար միջոցներուն հայ- կական կողմը ունի այս յստակ առաւելութիւնը։