Յունահայոց Ազգային Թեմական 39րդ Պատգամաւորական Ժողովէն արդէն անցած է երեք ամիս եւ նորընտիր Ազգային Վարչութիւնը իր ջանքերը կեդրոնացուցած է մեր գաղութի ազգային կեանքը ղեկավարելու գործին մէջ։
Իր գործունէութեան լայն դաշտը կը կազմեն կրօնական-ազգային վարչամեքենայի ու տուեալ բնագաւառներու հարցերը, ուր շեշտը դրուած է ընդհանուր գործին հանդէպ խստապահանջ կեցուածքի, տնտեսական նոր քաղաքականութեան եւ խիստ վերահսկողութեան կարեւոր կէտերուն վրայ։
Բոլոր այս հարցերու մասին հետաքրքրական զրոյց մը ունեցանք ատենապետ Արա Մանկոյեանի հետ, որու հիմնական կէտերը ամփոփեցինք 10 հարցումներու մէջ։
1 - Ազգային Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը նշանակալից էր այն իմաստով որ մեզ բոլորս դէմ յանդիման բերաւ մեր գաղութի ազգային-եկեղեցական վարչամեքենայի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որոնց իրական տարողութիւնը շատ յըստակ պարզուեցաւ։ Գլխաւորաբար ինչպիսի՞ առաջնահերթութեամբ կը դիտէք յառաջիկայ նստաշրջանը։
Յունահայոց Թեմի տարիներէ ի վեր դի- մագրաւած դժուարութիւնները ծանօթ էին անշուշտ ու մտահոգած բոլորին՝ Արամ Ա՛ Վեհափառ հայրապետէն ու Առաջնորդ Սրբազան Հօրմէն սկսեալ, մինչեւ շրջանաւարտ Ազգային Վարչութեան ու անոր յարակից մարմիններու անդամները: Բնական էր ուրեմն, որ Թեմի 39րդ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը (ինչպէս Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով յետ այսու պիտի կոչուին Թեմական Պատգամաւորական Ժողովները) առաջնորդուէր առանց ուշացումի՝ ուղղիչ քայլերու դիմելու տրամադրութեամբ: Փաստօրէն, ուրեմն, Ազգային Վարչութեան առաջնահերթութիւնները ճշտուեցան նոյնինքն Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ, մեկնելով Վեհափառ հայրապետի տուեալ Ժողովին ուղղած պատգամին մէջ նշուած հետեւեալ երեք հիմնական կէտերէն.-
ա) Թեմը դիմագրաւող դժուարութիւններուն դիմաց ազգային-եկեղեցական վարչամեքենայի աշխոյժ, ծրագրուած ու հետեւողական գործունէութիւն ծաւալել, որպէսզի առնչուած մարմինները կարենան թեմը աւելի կազմակերպ հիմերու վրայ դնել։
բ) Թեմական կեանքը վերակազմակերպել, յատուկ կարեւորութիւն տալով կրթական մարզին, միշտ նկատի առնելով թէ գաղութի մը գոյութեան հիմքն ու կենսունակութեան աղբիւրը հայ դպրոցն է։
գ) Ի տես տնտեսական տագնապին՝ թեմի կալ-ւածային ու տնտեսական կարելիութիւնները ի մի խմբել ու զանոնք արժեւորել, օգտագործելու համար թեմի կարիքներուն։
Վերոյիշեալներու հիմամբ՝ նորընտիր Ազգային Վարչութիւնը անմիջապէս դիմեց կարգ մը գործնական քայլերու: Նախ ցանկագրեց յառաջիկայ նստաշրջանի ընթացքին իր կատարելիք աշխատանքները: Ապա յստակացուց յետնեալ պարտքերուն եւ յառաջիկայ նիւթական պարտաւորութիւններուն պատկերը: Ու վերջապէս ատոնց հիմամբ ծրագրեց իր հետագայ աշխատանքները: Հոս պէտք է նշեմ, թէ Ազգային Վարչութիւնը վերադասաւորելով ազգային կառոյցներու առաջնահերթութիւնները, խիստ մեծ կարեւորութիւն տուաւ Տնտեսական եւ Կալուածային Խորհուրդներու վերակազմութեան, անոնց տալով գործելու լայն հնարաւորութիւն, հիմնականօրէն զսպելու համար մեր ելքերը եւ օգտագործելի դարձնելու համար կարգ մը լքուած կալուածներ:
2 - Տնտեսական տագնապի ծաւալներուն հաղորդակից դարձած էր գաղութը անցեալ տարեշրջանէն, երբ յայտնի եղաւ դըպրոցներու մօտ դիմագրաւուող տագնապը, որ ուղղակի առընչուած էր պետական օգնութեան կասեցման։ Ներկայիս ո՞ւր կը գտնուի այս հարցը։
Եթէ այսօր իբրեւ համայնք տնտեսական տագնապ կը դիմագրաւենք, ատիկայ մասամբ միայն կրնանք վերագրել երկրի տնտեսական կացութեան: Կարեւոր պատճառ մը եւս կայ՝ այն թէ մենք տարիներէ ի վեր զրկուած ենք եկամուտի այնպիսի լուրջ աղբիւրներէ, ինչպիսին էին ազգային խոշոր կալուածներէն գանձուող վարձքերը: Ներկայիս չունինք Էրիթրէայի, Բանեբիսթիմիուի եւ կամ ալ Այիաս Թէքլասի նման հասոյթաբեր կալուածներ: Իսկ մնացեալներէն մի քանի առանց վարձակալի մնացած են տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, ուրիշներ ալ հարկադրաբար զեղչուած գինով վարձուած են: Այս բոլորին վրայ բարդուած էր Գոքինիոյ ծերանոցի ստեղծած տարեկան ահաւոր բացը, ինչպէս նաեւ կալուածային հսկայական նոր տուրքերը, որոնց հետեւանքները բոլորիս նման համայնքն ալ կը կրէ: Ոչ մէկ կասկած, թէ լուրջ պատճառ մըն ալ երկու նախորդ դպրոցական տարեշրջաններուն ընթացքին հայ ուսուցիչներու ամսականներու վճարման կասեցումն էր պետութեան կողմէ, որու հետեւանքով ծայր աստիճան ծանրաբեռնուեցաւ ազգային պիւտճէն: Ծանօթ է անշուշտ թէ դպրոցական այս տարեշրջանէն սկսեալ վերսկսան մեր հայ ուսուցիչներու վճարումները Կրթական Նախարարութեան կողմէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի նախորդ երկու տարիներուն՝ նախարարութենէն մեզ վստահեցուցած են թէ վճարման պատուէրները ուղարկուած են պատշաճ սպասարկութիւններուն, սակայն տակաւին կը սպասենք անոնց գործադրութեան: Հակառակ այս իրողութեան, մենք տակաւին լրջօրէն մտահոգուած ենք այս խնդիրով՝ տրուած ըլլալով որ մեր ուսուցիչներու ամսականներու վճարման նկատմամբ գոյութիւն ունեցող օրէնքը, հնարաւորութիւն կ’ընծայէ պետութեան այդ վճարումները որեւէ ատեն դադրեցնելու: Նկատի առնելով նաեւ թրոյքայի ճնշումները կրթութեան վերաբերեալ պետական պիւտճէի խիստ նուազեցման համար՝ մեր առջեւ ցցուող վտանգը աւելի քան ակներեւ է: Այդ իսկ պատճառաւ մեր նոր ճիգը պիտի ըլլայ, յաջողցնել ներկայ օրէնքի բարեփոխումը հնարաւոր կարճ ժամանակի ընթացքին:
Գալով ծերանոցին, որու ստեղծած բացը յաճախ կ’անտեսուէր, արդէն կարդացիք մեր հաղորդագրութիւնը, ուր կը տեղեկացնէինք թէ շրջանաւարտ Ազգային Վարչութեան սկսած գործը շարունակելով՝ համաձայնութիւն կնքեցինք պրն. Միխայիլ Ֆացիսի հետ, հաստատութիւնը վարձելով իրեն, բայց մեզի վերապահելով տասներկու հայ ծերունիներ զեղչուած գինով եւ առաջնահերթութեան կարգով հոն պատսպարելու իրաւունքը: Այս փոփոխութիւնը, մեզի պիտի ձերբազատէ տարեկան շուրջ 120,000 եւրոյի բացէ մը, հետագային որոշ եկամուտ մըն ալ ապահովելով ազգային սնտուկին: Միաժամանակ մենք պիտի շարունակենք սեփական անկիւն մը ունենալ մեր պատսպարեալ ծերունիներուն համար:
3 - Անշուշտ կը գիտակցինք դպրոցներու կենսական դերակատարութեան, գիտնալով թէ մեր գաղութի գոյութեան հիմքն ու կենսունակութիւնը՝ դաստիարակուած հայ նոր սերունդին ձեռքն է միայն։ Ինչպիսի՞ քայլերու դիմած էք այս դերը հաստատ հիմքերու վրայ առաջնորդելու նպատակով։
Կարելի չէ միանշանակ կերպով պատասխանել այս հարցումին: Հոս, Աթէնքի մէջ, երբ դպրոցներու մասին կը խօսինք, ընդհանրապէս նկատի կ’ունենանք Ատտիկէի մեր ամենօրեայ վարժարանները: Անոնց նկատմամբ ազգային իշխանութիւնները զոյգ պարտականութիւններ ունին: Առաջին, ապահովել գոյատեւման համար անհրաժեշտ նիւթական աղբիւրները եւ երկրորդ, Ուսումնական Խորհուրդի եւ Տնօրէններու գործակցութեամբ որդեգրել հայալեզու բաժնին համար յարմարագոյն կրթական ծրագիրն ու դասագիրքերը:
Տրուած ըլլալով որ նիւթական հարցի մասին արդէն խօսեցանք, տեսնենք մնացեալները: Այսպէս, մեր առաջին որոշումներէն մէկը եղաւ հմուտ եւ ազգային գիտակցութեամբ օժտուած անձերէ բաղկացած Ուսումնական Խորհուրդ մը կազմել: Երկրորդ, առաջնորդուելով այն համոզումէն թէ վարժարաններու Տնօրէնները սոսկ պաշտօնեաներ չեն մեզի համար, այլ մեր անմիջական գործակիցները, կապ հաստատեցինք անոնց հետ՝ միասնաբար ու արագ կերպով դիմագրաւելու համար գոյութիւն ունեցող կարգ մը առկախ հարցեր: Արդիւնքը երկուստեք գոհացուցիչ էր եւ անշուշտ յետ այսու ալ պիտի շարունակուի՝ նա մանաւանդ Ուսումնական Խորհուրդի միջոցաւ:
Մեր միւս կարեւոր նախաձեռնութիւնը այն էր, որ նկատի առնելով թէ արեւմտահայերէնը UNESCO-ին կողմէ լրջօրէն վտանգուած լեզուներու շարքին կը գտնուի՝ Նոյեմբեր ամսու ընթացքին դիմեցինք անոր Յունաստանի բաժանմունքին, խնդրելով որ նեցուկ կանգնի մեր այն դպրոցներուն, ուր արեւմտահայերէն կը դասաւանդուի: Նոյն նպատակով խնդրեցինք ՀՀ դեսպանատունէն որ մեզ դիւրացնէ տուեալ գործին մէջ: Շատ չանցած դեսպանատան միջոցաւ փաստաթուղթերու խոշոր փաթեթ մը ստացանք Հայաստանի ԱԳՆ-էն, օգտագործելի նիւթերով: Մեր ձգտումն է կազմել Ուսումնականին ենթակայ յատուկ յանձնախումբ մը՝ որու նպատակը պիտի ըլլայ աչալուրջ եւ հետեւողական կերպով հետապնդել այս աշխատանքը:
Ինչ կը վերաբերի Հիւսիսային Յունաստանին, երբ դպրոցի մասին խօսք կ’ընենք, ի մտի կ’ունենանք այդտեղի միօրեայ վարժարանները՝ որոնց դերակատարութիւնը խիստ կենսական է տեղւոյն հայորդիներու հայեցի դաստիարակութեան համար: Բոլորս ալ գիտենք թէ ներկայիս հազարաւոր հայեր կը բնակին բովանդակ Յունաստանի տարածքին: Անոնցմէ շատեր հեռաւոր ու մեկուսացած շրջաններու մէջ ցրուած ըլլալով, աւելի շեշտուած կերպով ենթակայ են ձուլման վտանքին: Հիւսիսային Յունաստանի մեր թաղային խորհուրդները իրենց կարելին կ’ընեն, այդպիսի վտանգաւոր զարգացումներու առաջքը առնելու համար: Անոնց հիմնական ճիգը կը կեդրոնանայ միօրեայ վարժարաններ պահելուն մէջ: Այսպէս, Թեսաղոնիկէի Ծաղկոցին մէջ ունինք 182 աշակերտներ, Սերրէսի վարժարանին մէջ 37 եւ 133 հայորդիներ Թրակիոյ մեր հինգ վարժարաններուն մէջ:
Հոս Ատտիկէի մէջ եւս, հարիւրաւոր հայորդիներ կ’ապրին, որոնք հայկական վարժարան չեն յաճախեր: Մեր նպատակն է, անոնց համար եւս հայակրթութեան որոշակի ծրագիրներ մշակել, կանխելու համար հետագայ արիւնահոսութիւնը:
4 - Կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել Աթէնքէն դուրս գործող ազգային մեր կառոյցներու մասին։
Աթէնքէն դուրս հիմնականօրէն կը գործեն վեց Թաղային խորհուրդներ, որոնցմէ ամենամերձաւորը Աթէնքէն 500 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թեսաղոնիկէի մէջ, իսկ ամենէն հեռաւորը Թրակիոյ Տիտիմոթիխօ եւ Օրէսթիատա՝ Թուրքիոյ սահմանամերձ զոյգ քաղաքներուն մէջ, կեդրոնէն շուրջ 900 քիլօմեթր հեռու: Թէ՛ Թեսաղոնիկէն եւ թէ՛ Թրակիան, աւանդաբար մէկական հեռանիստ անդամով կը մասնակցին Ազգային Վարչութեան կազմին: Գավալայի (որ Մակեդոնիոյ մարզին կը պատկանի) եւ Թրակիոյ չորս թաղային խորհուրդները (Քսանթի, Գոմոթինի, Ալեքսանտրուփոլի եւ Տիտիմոթիխօ - Օրէսթիատա) կը կազմեն Միջթաղային Խորհուրդ մը եւ կ’ընտրեն դիւան, համադրելու համար իրենց միակ հոգեւոր հովիւի եւ ընդհանրապէս շրջանի բազմապիսի աշխատանքները: Սերրէսի մէջ եւս սրահ մը վարձած ենք, որ կը գործածուի իբրեւ վարժարան եւ ակումբ: Հոն կը գործէ նաեւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը:
Ազգային Վարչութիւնը, նկատի առնելով թէ Հիւսիսային Յունաստանի մեր համայնքներու նկատմամբ յատուկ գուրգուրանք պէտք է ցուցաբերուի, արագօրէն այցելեց այդ շրջանները: Հոն առիթը ունեցաւ մասնակցելու Միջթաղային Խորհուրդի նոր նստա- շրջանի առաջին նիստին, որու ընթացքին մանրամասն կերպով քննուեցան շրջանի կարեւոր հարցերը: Ինչպէս նախապէս ալ ըսի, իւրաքանչիւր թաղային խորհուրդի հովանիին տակ կը գործէ միօրեայ վարժարան մը, ուր ընդհանրապէս արեւելահայերէն կը դասաւանդուի: Բնականաբար, շրջանին մէջ կը գործեն նաեւ մեր միութիւնները, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւ գործունէութիւն ծաւալողները Հայ Գթութեան Խաչն ու Համազգայինը կը հանդիսանան: Յատկապէս Գոմոթինիի մէջ կը գործէ նաեւ «Գոմոթինիի Հայ Մշակութային Միութիւնը» հիմնուած 1980-ին:
Գալով Թեսաղոնիկէին, պէտք է շեշտել թէ անոր դերը ընդհանրապէս Յունահայ համայնքին մէջ եզակի է ու ծանրակշիռ: Սելանիկը (ինչպէս մենք հայերս կը կոչենք քաղաքը) հինէն ի վեր հիւսիսային Յունաստանի մեր ազգային կեանքին կեդրոնը կը հանդիսանայ: Թաղային Խորհուրդը որ սերտօրէն կը գործակցի Հայ Գթութեան Խաչին հետ, կը հովանաւորէ թէ՛ Սելանիկի եւ թէ՛ Սերրէսի Ծաղկոց վարժարանները, ինչպէս նաեւ Հ.Գ.Խաչի Խալքիտիքիի համբաւաւոր ամարանոցը: Թաղային Խորհուրդի աշխատանքներուն կ’օժանդակէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմինը: Քաղաքին մէջ կը գործեն նաեւ Համազգայինը, ՀՄԸՄը եւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը: Վերջինը, ուշագրաւ գործունէութիւն կը ծաւալէ մասնաւորաբար ի նպաստ Հայ Դատին:
Անխտիր բոլոր վերոյիշեալ շրջանները, կենսական դերակատարութիւն ունեցած են ու մինչեւ հիմա կը շարունակեն ունենալ Յունահայ իրականութեան մէջ: Եթէ մտաբերենք անցեալը, մեր աչքերուն առջեւէն պիտի տողանցեն դէմքեր, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը դրած են ամբողջ գաղութի կեանքին մէջ: Դէմքեր, որոնք նուիրումով ու անշահախնդրօրէն գործած են մեր ազգային կեանքէն ներս եւ ազգային շունչով տոգորուած սերունդներ հասցուցած: Բարեբախտութիւն է որ այսօր եւս ունինք, թէ՛ հին յունահայ եւ թէ՛ հայաստանցի ազգասէր գործընկերներ, որոնք իրենց անհատական կեանքը միախառնած են ազգայինին եւ կամաւոր կերպով հոսանքն ի վեր կը թիավարեն, վառ պահելու համար հայկական ոգին հիւսիսային Յունաստանի այդ հեռաւոր քաղաքներուն մէջ:
5 - Եթէ արժեւորենք Ազգային Վարչութեան առջեւ բացուող գործունէութեան դաշտը, ո՞ւր պէտք է փնտռենք կարելիութիւնները եւ ո՞ւր խոցելի կէտերը։
Պատասխանելու համար հարցումին, պէտք է նախ ճշտորոշենք Ազգային Վարչութեան գործունէութեան դաշտը: Ընդհանրապէս իբրեւ այդպիսին կը նկատենք եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ ազգային այլ հասատատութիւններու մատակարարումը: Այդպէս եղած էր տարիներէ ի վեր, այդպէս ալ կը շարունակուի մինչեւ հիմա: Ասոնք հիմնականներն են անշուշտ, սակայն ո՛չ բոլորը: Լրիւ դաշտը պէտք էր որ սահմանուած ըլլար Թեմի Կանոնագրութեան մէջ: Դժբախտաբար, մինչ 1863-ի Ազգային Սահմանադրութիւնը կը սկսի նպատակներու բաժինով «Հիմնական Սկզբունքներ» խորագրին տակ՝ մեր այժմու կանոնագիրը նման բաժին չունի: Խիստ կարեւոր է ուրեմն նախ եւ առաջ ցանկագրել այդ նպատակները, որպէսզի համապատասխանեն սփիւռքեան մեր այժմու իրավիճակին եւ ձգտումներուն: Առաջարկուող նոր կանոնագրի նախագիծին մէջ ներառնուած է այդպիսի կարեւոր բաժին մը, ուր արձանագրուած են մեր նպատակները, որոնց կարգին ի միջի այլոց՝ (1) Պահպանել ու ամրապնդել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ու ա- ւանդութիւնները Յու- նահայոց մօտ: (2) Զարկ տալ Յունահայ համայնքէն ներս համահայկական մտածողութեան զարգացման՝ միջ-գաղութային ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդումով: (3) Սատարել Հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային արժէքներու ծանօթացման ու գնահատումին: (4) Պահել ու պահպանել մեր ազգային ժառանգութիւնը ու նպաստել երիտասարդ սերունդի հայկական ինքնութեան պահմանման եւ զարգացման, (5) Նպաստել ու բովանդակ ուժերով զօրավիգ կանգնիլ Յունաստանի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան ու իրար մերձեցման նպաստող փոխադարձ նախաձեռնութիւններուն, եւայլն, եւայլն:
Այս բոլորը մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուին, պայմանաւ որ գործելու տրամադիր ատակ անձեր գտնուին: Վերջին ամիսներու փորձառութիւնը ցոյց տուաւ թէ այդպիսի անձեր կան թէ՛ հին յունահայերու եւ թէ՛ մեր նորեկ հայրենակիցներուն միջեւ, բաւ է որ դուրս գանք մեր պատեանէն ու սրտաբաց կերպով մօտենանք իրենց: Իսկ եթէ խոցելի կէտեր կը փնտռենք՝ ահա այս մէկն է ամենակարեւորը, որ թէեւ ունինք արժանաւոր հայրենակիցներ բազմաթիւ մարզերէ ներս, անոնց ընդհանրապէս չենք օգտագործեր մեր ազգային կեանքին մէջ: Գաղութը մարդուժի երաշտէ չի տառապիր: Փա՜ռք Աստուծոյ ունինք ահագին մասնագէտ երիտասարդներ, բժիշկներ, իրաւաբաններ, հոգեբաններ, մեքենագէտներ, ճարտարագէտներ, համալսարանի դասախօսներ, ընկերութիւններու տնօրէններ, համակարգիչներու մասնագէտներ ու վարպետ արհեստաւորներ: Աւելին՝ ունինք հայութիւն մը որ կը յատկանշուի իր բազմազանութեամբ: Հին Յունահայեր, Հայաստանցիներ, Միջին Արեւելեան երկիրներէն գաղթածներ եւ ուրիշներ: Եթէ այս բոլորը համախմբուին ու գործի լծուին, մենք կրնանք ունենալ նախանձելի գաղութ մը: Հաւատացէ՛ք թէ Ազգային Վարչութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ այդպիսիներուն մեր ազգային մեքենային մէջ ներգրաւելու համար:
6 - Մեր կառոյցները դժբախտաբար հեռու են ինքնաբաւ ըլլալէ, հակառակ որ կալուածային հարուստ ժառանգութիւն մը ունի մեր գաղութը։ Ինչպէ՞ս կը կատարուի կալուածներու մատակարարումը։
Գաղութը կալուածային հարուստ ժառանգութիւն ունէր անցեալին, բայց ո՛չ հիմա։ Ներկայիս Ազգային Վարչութեան հասոյթ բերող կալուածները մատի վրայ կը համրուին: Ինչպէս արդէն նշեցի, անոնցմէ մի քանին առանց վարձակալի մնացած են, ուրիշներու ալ վարձքը նուազած է: Անդին՝ ունինք մի քանի կալուածներ ալ որ ցարդ չեն օգտագործուած: Անոնցմէ մէկը կը գտնուի Հին Ֆալիրոյի մէջ, միւսը «Ազատ Օր»ի խմբագրատան կողքին, ուրիշ մըն ալ ծերանոցի հողամասին վրայ, որ ապօրինի կերպով գրաւուած է անհատի մը կողմէ: Այս բոլորը մաքրուելու եւ ապա լուրջ նորոգման կը կարօտին: Ունինք նաեւ հողամաս մըն ալ Կորինթոսէն քիչ անդին:
Անշուշտ դժուար է այս օրերուն նոր վարձակալ գտնելը. կարելի է սակայն վաճառել Աթէնքէն դուրս գտնուող հողամասը եւ անոր փոխարժէքով նորոգել ու մեր ներքին կարիքներուն համար օգտագործել վերոյիշեալ շէնքերը: Այսպիսով առնուազն կը դադրինք մենք ուրիշներու վարձք վճարելէ, ինչ որ նոյնքան կարեւոր է վարձք գանձելուն հետ: Ներկայիս, Տնտեսական եւ Կալուածային Խորհուրդները այս ուղղութեամբ ալ կ’աշխատին:
7 - Հեռանանք սակայն տնտեսական հարցերէն եւ քննենք ընկերային բնագաւառը։ Մեր գաղութի բաղկացուցիչ տարրը միատեսակ չէ։ Ինչպէ՞ս կը համարկուին իր բաղադրիչ մասերը։ Կարելի՞ է ներկայանալ որպէս մէկ ամբողջութիւն։ Համախոհութեան հարցեր կը դիմագրաւուի՞ն։
Ո՛չ միայն մեր, այլ եւ սփիւռքի բոլոր համայնքները խճանկարի կը նմանին այսօր: Հին սփիւռքահայեր զանազան քաղաքական եւ դաւանական շերտաւորումներով: Նորեկներ, որոնք ժամանած են հայրենիքէն կամ ալ ուրիշ գաղութներէ: Այս բոլորը տարբեր սովորութիւններ եւ մտայնութիւններ կը կրեն: Նոյն վիճակը կը տիրէր անշուշտ սփիւռքի կազմութեան առաջին տարիներուն եւս, երբ Մշեցիներու կողքին գտնուած էին Հաճընցիներ, Վանեցիներու կողքին Իզմիրցիներ, Պոլսեցիներու կողքին Աֆիոնցիներ, եւայլն: Բոլոր ասոնք, ստիպուած էին զիրար ճանչնալ եւ իրարու հետ գոյակցիլ: Եթէ նկատի առնենք թէ Կիլիկեցիները շուրջ 900 տարի առաջ գաղթած էին պատմական Հայաստանէն եւ հազարաւոր մղոններ հեռու հաստատուած՝ կարելի է երեւակայել թէ որքան տարբեր խառնուածք եւ բարքեր ունէին արեւելահայ իրենց ազգակիցներէն: Բայց եւ այնպէս, քանի մը տասնամեակներ բաւական եղան հարթելու համար այդ բոլոր զանազանութիւնները: Դժբախտաբար, կեանքը նոր տարբերութիւններ սկսաւ ստեղծել, իւրաքանչիւր երկրի միջավայրի ազդեցութեան տակ: Սփիւռքեան մակարդակի վրայ թէեւ դադրեցանք Ատանացի, Մշեցի կամ Պոլսեցի ըլլալէ, դարձանք սակայն Յունահայ, Լիբանահայ, Ֆրանսահայ, Ամերիկահայ՝ եւ մասամբ նորին: Այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր գաղութի հայութիւնը առանձին - առանձին դիտելով, կը նկատենք թէ մէկ կամ երկու սերունդ ետք, տեղական գետնի վրայ գրեթէ լրիւ համարկում տեղի ունեցաւ: Յունաստանի մէջ՝ նոյն այդ գործընթացը սկսած է ներկայիս եւս, հիմնականօրէն մշակութային մարզէն ներս «Համազգային»ի միջոցաւ:
Գալով ազգային իշխանութեանց՝ թէ՛ Թրակիոյ եւ թէ՛ Ատտիկէի Թաղային խորհուրդներուն մէջ մեր հայաստանցի հայրենակիցներուն մասնակցութիւնը լուրջ համեմատութիւն մը սկսած է կազմել, ինչ որ բնականաբար հետզհետէ պիտի աճի:
Պէտք է նշել սակայն առարկայական դժուարութիւն մը, որ մենք իբրեւ Ազգային Վարչութիւն չենք կրնար դիմագրաւել: Ատիկայ կը վերաբերի առաւելաբար հայերէնի ուղղագրութեան: Առանց մեր պատասխանատւութեան՝ մեր երեխաները տեղ մը դասական ուղղագրութիւն կը սորվին, ուրիշ տեղ մըն ալ աբեղեանական: Հաւանաբար աշխարհի մէջ միակ ազգն ենք որ երկու տարբեր ուղղագրութիւններ կը գործածէ: Այս մէկը գործնական հասկնալի դժուարութիւններէն զատ, կրնայ հոգեբանական խրամատ ստեղծել համայնքի բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ, ո՛չ միայն խոչընդոտելով համարկումը, այլ նոյնիսկ իրարմէ անջատ զուգահեր համայնքներու ստեղծման պատճառ դառնալով: Խնդրի արմատական լուծումը մենք պիտի սպասէինք հայրենի իշխանութիւններէն եւ մանաւանդ մտաւորականութենէն: Բայց կը թուի թէ անոնք Սփիւռքի ապագայով այդքան ալ մտահոգուած չեն տակաւին:
8 - Գաղութի ապագայի հարցը ուղղակի առընչութիւն ունի նաեւ մեր գաղութի մտաւորական, մշակութային ներուժին հետ, մեր հասարակական կեանքը ծաղկեցնելու ու վերստին զարգացնելու իմաստով։ Կ՞ան այսպիսի հնարաւորութիւններ։
Այս հարցումը հիմնականօրէն պէտք է ուղղել Համազգայինին եւ գաղութի մտաւորականներուն: Ազգային Վարչութիւնը չի կրնար ու պատճառ մըն ալ չունի Համազգայինի գործը իր ուսերուն վրայ վերցնելու: Անոր պարտականութիւնն է անշուշտ, գէթ բարոյապէս, նեցուկ կանգնիլ որեւէ այդպիսի նպատակ հետապնդող ծրագրի՝ բան մը որ պատրաստ է ընելու, իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ անշուշտ: Մենք ուրախ ենք տեսնելով՝ թէ Համազգայինը իր ճիւղերը հետզհետէ կ’երկարէ ամբողջ գաղութին մէջ: Այդպիսով է որ մշակութային ծաղկում կրնայ յառաջանալ: Ճիշտ է թէ ներկայիս ան իր հետաքրքրութիւնը կեդրոնացուցած է պարախումբեր ու երգչախումբեր կազմելուն մէջ եւ բաւականին անտեսած է գրական աշխատանքներով զբաղելու իր պարտականութիւնը: Այդ ալ կրնայ ըլլալ սակայն, եթէ մեր մտաւորականները թիկունք կանգնին Համազգայինին: Իսկ պարախումբերն ու երգչախումբերը, բնականաբար մեծապէս կը նպաստեն թէ՛ հայ երիտասարդութեան մեկտեղման եւ թէ՛ մեր ելոյթներու շքեղացման:
Հոս կ’արժէ նշել մեր գաղութի եզակիութիւնը ընդհանրապէս: Մենք յաճախ կ’անտեսենք այն իրողութիւնը՝ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Յունահայ գաղութը բացառիկ է Եւրոպայի, եւ ինչո՞ւ չէ բովանդակ սփիւռքի տարածքին: Ան միակն է այս ցամաքամասին մէջ, որ հակառակ իր անդամներու համեմատաբար փոքր թիւին եւ նիւթական խիստ դժնդակ պայմաններուն, եկեղեցիներէ զատ կը պահէ նաեւ բազմաթիւ հայկական վարժարաններ, հայալեզու եւ յունալեզու մամուլ, ինթերնէթային ռատիոկայան, խիտ ակմբային ցանց, կուսակցութիւններ ու մշա- կութային, երիտասարդական, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններ, ինչպէս նաեւ սկաուտական խումբեր: Ահա թէ ինչո՛ւ հպարտ ենք մեր գաղութով: Այս բոլորը շարունակել պահելու համար սակայն, անհրաժեշտ է դիմագրաւել այժմու դժուարութիւնները եւ շրջահայեաց կերպով ծրագրել ապագան՝ օգտագործելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հնարաւորութիւնները:
9 - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ յարաբերութիւնները ի՞նչ գետնի վրայ կը գտնուին։
Բարոյական գետնի վրայ Յունահայ Թեմի յարաբերութիւնները մեր Կաթողիկոսութեան հետ միշտ եղած են սերտ ու սիրալիր։ Ինչ կը վերաբերի նիւթական բաժնին սակայն՝ պէտք է խոստովանիլ թէ ծայր աստիճան թերացած ենք մեր պարտականութեանց մէջ: Այսպէս, 2007 թուականէն ասդին ո՛չ աթոռատուրք վճարած ենք եւ ո՛չ ալ «Նոր Կիլիկիա» ծրագրի նկատմամբ մեր պարտաւորութիւնները կատարած: Հետեւանքը այն է, թէ կուտակուած է այնպիսի խոշոր գումար մը որ ներկայ Ազգային Վարչութիւնը ի վիճակի չէ տրամադրելու: Կը մնայ Կաթողիկոսութեան եւ ի մասնաւորի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան հասկացողութեան ապաւինիլ:
10 - Ի՞նչ է այդ, որ ձեր վարչութեան մեծագոյն նուաճումը պիտի նկատէք ձեր նստաշրջանի աւարտին։
Մեծագոյնի, փոքրագոյնի հարց չի կրնար դրուիլ: Հաւասարապէս կարեւոր են տնտեսական տագնապի դիմագրաւումը, անխտիր մեր բոլոր վարժարաններու գոյատեւման ապահովումը, ազգային գիտակցութեան ամրապնդումը, ազգային կառոյցներէն հեռու մնացող մեր հայրենակիցներու եւ մասնաւորաբար երիտասարդ տարրերու ներգրաւումը, համահայկական ծրագիրներու մեր մասնակցութիւնը եւ ընդհանրապէս հայրենիքի հետ մեր կապերու ամրապնդումը:
Նոյնպէս անկախ մեր խոշոր բրոպլեմներէն, չենք կրնար անտարբեր մնալ Սիւրիոյ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն ապրած աննախընթաց ողբերգութեան առջեւ: Հետեւաբար մենք եւս պարտաւոր ենք զօրաշարժի ենթարկուելու մեր հնարաւորութեանց սահմաններուն մէջ մասնակցելու համար համազգային այս գերճիգին: Կասկած չունիմ թէ յունահայութիւնը պատիւի հարց համարելով այս մէկը, իր մասնակցութիւնը պիտի չզլանայ նման ծրագրի մը:
2013-ի ընթացքին, Ազգային Վարչութիւնը երկու լուրջ պարտաւորութիւններ եւս ունի.- (1) Արտակարգ Թեմական Ժողով հրաւիրել՝ միակ օրակարգ ունենալով Թեմի Կանոնագրի վերանայումը եւ (2) թեմական ընտրութիւններ կայացնել՝ տրուած ըլլալով որ յառաջիկայ աշնան իր աւարտին կը հասնի ներկայ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նստաշրջանը: Յատկապէս թեմական ընտրութիւնները պէտք է առիթ հանդիսանան, որ երէցներու կողքին երիտասարդ ուժեր եւս մուտք գործեն մեր ազգային մեքենային մէջ, նոր շունչ ու եռանդ տալով բովանդակ Յունահայ համայնքին ու մանաւանդ մեր կառոյցներուն:
Վերջապէս չմոռնանք թէ երկու տարի յետոյ կը լրանայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը՝ որ կոչուած է անկիւնադարձային ըլլալ բովանդակ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ազգային Վարչութիւնը եւ իր բոլոր յարակից մարմինները, իրենց ուժերը պիտի լարեն արժանավայել կերպով մասնակցելու համար համապատասխան համագաղութային ծրագիրներուն:
Եթէ այս բոլորը կարենանք իրականացնել, կ’ենթադրեմ թէ իրաւունք պիտի ունենանք նստաշրջանի աւարտին հանգիստ զգալու: