Print
Category: Հարցազրոյցներ

Հալէպահայութիւնը Տակաւին Իր Դպրոցներով, Եկեղեցիներով,
Մարդուժով Եւ Իր Կարողականութիւններով Ներկայ Է

 

Վերապատուելի համայնքապետ, կը խնդրեմ զեկոյց ներկայացնէք Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմինի կազմութեան մասին:

Շուրջ մէկ տարի առաջ իբրեւ Հայ երեք համայնքապետներ մեր հերթական հանդիպումերուն եւ մեր աշխատանքներուն մէջ սերտօրէն կը ծրագրէինք եւ կը քննարկէինք գաղութային դժուարութիւնները, միջհամայնքային մտահոգութիւնները եւ մարտահրաւէրները եւ դուրս եկած անհրաժեշտութիւնը՝ գոյացնելու Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան միացեալ մարմին (ՍՇՕՄՄ) եւ այդտեղ կազմակերպուեցաւ ՍՇՕՄՄի գործադիր բաժինը, որուն մէջ հետագային ներառուեցան մեր երեք կազմակերպութիւնները եւ բարեսիրական միութիւնները:
Այս իմաստով, այնքան անհրաժեշտ է եւ էական իր կարեւորութեամբ եւ աշխատանքի ծաւալով, որ ՍՇՕՄՄը մօտալուտ ապագային հասնի Սուրիոյ ժողովուրդի կարիքներուն եւ դժուարութիւններուն, նամանաւանդ երբ աննախընթաց դէպքեր յառաջացան մեր հայաբնակ թաղամասերուն, դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ: Մինչ մեր ժողովուրդի զաւակներուն վիճակը տնտեսապէս կը վատթարանայ՝  ՍՇՕ մարմինը կ՛օժանդակէ եւ կը հասնի անոնց ցաւը ամոքելու, այցելութիւններ կը կատարէ եւ համապատասխան լուծումներ կ՛առաջարկէ:
Այս մարմինը կը համագործակցի հայ երեք համայնքներուն, հայ երեք կազմակերպութիւններուն եւ բարեսիրական միութիւններուն հետ, ամբողջական եւ սիրալիր համագործակցութեան ոգիով:

Համագործակցութեան եզրերու մասին աւելի լայնատարած զեկոյց կարելի՞ է տալ:

Համագործակցութեան եզրերը մէկէ աւելի են: Նախ՝ պէտք է լուսարձակել համագործակցութեան նիւթին մէջ մեր հայ երեք համայնքներու համատեղ աշխատանքի բնութագրումը, այդ, կը նշանակէ թէ Շտապ օգնութեան մարմինը իր աշխատանքը եւ իր մեկնակէտը ճշդեց ու կողմնորոշուեցաւ, առանց համայնքային  խտրութեան ե՛ւ օգնողներու ե՛ւ օգտուողներու: Այս իմաստով բոլոր կողմերը հաւասարապէս մասնակից եղան կազմուած մարմինին: Իւրաքանչիւրը փորձեց իր ունեցած կապերով, իր կարողականութիւններով եւ կարելիութիւններով մեր ժողովուրդին ապահովել օժանդակութիւն եւ ապա հաւասարապէս բաշխել, ուրեմն այստեղ կարելի է ըսել կայ համագործակցութիւն՝ առանց համայնքային խտրականութեան: Համայնքային այլազանութեան կողքին նաեւ կար գաղափարական եւ գաղափարախօսական տարբերութիւններ, որ գաղութին զարդարանքը կը սեպեմ անձնապէս, եւ բոլորին միացեալ ջանքերով փորձեցինք քով-քովի գալ մեր ժողովուրդին օգտակար դառնալու թելադրականութեամբ:

Քանի մը օր առաջ www.1-in.am կայքէջին հետ ձեր կատարած հարցազրոյցին մէջ նշած էիք, որ շտապի աշխատանքներուն մէջ կազմակերպուածութեան յստակ բացթողումներ կան, կարելի՞ է նշել  բացթողումները:

Տուեալ համայնքի կամ կազմակերպութեան աշխատանքի ոճի այժմէականութիւնը եւ ընդհանուր դրուածքը իր կազմակերպուածութեան մէջ կը կայանայ: Կազմակերպուած գործը արդիւնաւէտ կ’ըլլայ եւ բեղուն: Եթէ խօսքը կը վերաբերի ՍՇՕՄՄին եւ մեր կազմակերպած աշխատանքին, ես Ա. Լրատուականի մէջ ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին դիտել տուի, թէ՝ կազմակերպուած ըլլալ պիտի նշանակէր, ժամանակ առաջ՝ քիչ մը աւելի կանուխ շարժիլ մեր աշխատանքին ծրագրումին մէջ ընդհանրապէս նկատի ունենալով մեր ապահովական դրուածքը, մեր վարժարաններուն բաց կամ փակուած մնալու իրականութիւնը, մեր ժողովուրդին արտերկիր գաղթելու կամ չգաղթելու իրավիճակը, մեր տեղացի հայ ժողովուրդի դիմագրաւած եւ դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն կանխարգիլումը, այս  բոլորը ըլլալու էր աւելի կազմակերպուած:
Շտապողականութեան ու դէպքերու անակնկալ զարգացումներուն բերումով չկրցանք ունենալ այն տուեալները, որոնք պիտի օժանդակէին մեզի՝ շատ կարճ ժամանակի մէջ աւելի կազմակերպուած լուծումներ առաջադրելու եւ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հարցերուն  լուծումներ գտնելու:

Նոյն հարցազրոյցին մէջ նշած էք, որ գաղութը ազգային իշխանութեան կողմէ լքուած կը կարծէք եւ անոր համար ամէն մարդ իր գլխուն ճարին կը նայի. իսկապէ՞ս նման բան գոյութիւն ունի այսօր Հալէպի մէջ:

Իսկութեան մէջ այս հարցը ունէր երկու ենթաբաժանումներ: Առաջին՝ այն էր, որ ընդհանրապէս սուրիահայութիւնը երբ կը գաղթէր, աշխարհով մէկ մարդիկ սկսան տարբեր-տարբեր մեկնաբանութիւններ տալ, թէ ինչո՞ւ համար գաղութը կը պարպուի, Հալէպ ընդհանրապէս մարդ չմնաց: Հետաքրքիր մասը այն էր, որ ժողովուրդին Հալէպ քաղաքը ձգելու օրերը կը զուգադիպին ամրան շրջանին ու արձակուրդներու օրերուն, մանաւանդ երբ տեղւոյն քաղաքական ու ապահովական դրուածքը անստոյգ էր եւ ժողովուրդը աւելի ազատ կը զգար հեռանալով: Բայց այդ հեռացողները միշտ ի մտի ունէին եւ կը ծրագրէին վերադառնալ վերամուտին: Այս դժուարութիւնը երկու տարբեր տեսակի հարցեր յառաջացուց: Առաջին՝ անոնք որոնք գացին, ընդհանրապէս պատրաստուած չէին եւ դիմագրաւեցին անձնական, ընտանեկան եւ հաւաքական դժուարութիւններ, իսկ երկրորդ՝ անոնք, որոնք վերադարձան՝ ընդհանրապէս,  անժամանակ վերադարձան ու անժամանակ վերադարձած ըլլալով հարցերը կուտակուեցան ու աւելի բարդացան իրենց ընտանեկան հարցերուն առընթեր:
Ես յիշեցի եւ դիտել տուի, թէ այս անապահովութեան մէջ ժողովուրդը  կարծէք թէ ինքնիրեն կ՛որոշէր, թէ ինչպէ՞ս պիտի վերաբերի իր դժուարութիւններուն հետ, անոնք ունէին այն զգացողութիւնը, թէ նոյն ատեն, երկրի իշխանութիւնները ընդհանրապէս հոգածու չկրցան ըլլալ եւ թերացան մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորելու, անոր համար իւրաքանչիւր միութիւն, կազմակերպութիւն, եկեղեցի, համայնք իր վրայ պարտականութիւն վերցուց ժողովուրդը պահելու եւ առաջնորդութիւն տալու: Այս իմաստով Ժողովուրդը մնաց անտէր, անընդունելի է:

Ուրեմն «լքուածութեան» գաղափարը ընդհանրապէս գաղութի լքուածութեան հարցն է եւ ոչ թէ անհատի՝ ազգային իշխանութեան կողմէ, այլ ընդհանուր երկրի մակարդակին գաղութի լքուածութիւնը  երկրի իշխանութենէն:

Այո՛, ընդհանրապէս գաղութն ու երկիրն էին, որոնք լքուած էին եւ անուղղայ. այս միայն հայ ժողովուրդին չէր վերաբերեր, այլ ընդհանրապէս Սուրիոյ ժողովուրդին:

Իսկ ինչպէ՞ս պէտք է մեկնաբանել, որ գաղութը պարպուեցաւ միտքերէ, գաղափարներէ, վաճառականներէ, մեծահարուստներէ, այնպէս որ վերջաւորութեան հաստատած էք, որ գաղութին մէջ մարդ չէ մնացած, չնայած այսօրուան չափորոշիչներով գաղութի մեծ մասը ներկայ է Հալէպի մէջ, տակաւին չենք խօսիր Սուրիոյ միւս քաղաքներուն մասին, ուր հայութեան մեծամասնութիւնը տակաւին այնտեղ է:

Իրատես ըլլալու համար ըսելու ենք, որ բաւականաչափ մարդիկ գաղութը լքեցին եւ մենք այս տեսակի հարցերու մէջ մեր մատին ետեւը պիտի չպահուըտինք: Գիտենք եւ լսեցինք, ինչպէս նաեւ այլ տեղեկանքներու համաձայն, որ մարդիկ ձգեցին երկիրը ու հեռացան: Բայց ի՞նչ համեմատութեամբ, կարեւորը այդ է: Իրականութեան մէջ կարգ մը գործատէրեր եւ աշխատանոց ունեցող մարդիկ, իրենց անձնական ապահովութիւնը իրենց համար գերակայ նկատելով, եւ իրենց աշխատանոցներու դրուածքը վտանգուած ըլլալուն բերումով, նախընտրեցին այլ վայրի մէջ իրենց աշխատանքը եւ գործը ծաւալել եւ այդ իրենց անձնական որոշումն էր, որ նաեւ ունեցաւ իր ժխտական եւ բացասական անդրադարձը ներկայ տուեալներուն վրայ եւ մեր համագաղութային կեանքին մէջ: Բայց այդ երբեք չի նշանակեր, որ գաղութը պարապ է այսօր իր ժողովուրդէն ու բնակիչներէն: Գաղութը, հալէպահայութիւնը ընդհանրապէս, տակաւին մեծամասնութեամբ, իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, մարդուժով եւ իր կարողականութիւններով ներկայ է: Հալէպը կենսունակ է եւ Հալէպի կենսունակութիւնը կարելի չէ խլել քանի մը ընտանիքներու եւ հատուածներու հեռանալով, երանի թէ չհեռանային եւ աւելի կենսունակութիւն աւելցնէին մեր հայկական իրականութեան մէջ: Բայց մենք այստեղ պիտի մնանք մեր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ կենսունակ կեանքով, միշտ վստահելով Ամենակալին եւ հաւատք ընծայելով Անոր հաւատարիմ պաշտպանութեան, հայրենիքի հանդէպ հայրենասիրութիւնը կեանքի գնով պաշտպանող ժողովուրդը պիտի մնայ ու պիտի փարի իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, կազմակերպութիւններուն եւ բարեսիրական միութիւններուն:

Հալէպի եկեղեցիներուն անդրադառնալով, ձեր հարցազրոյցին մէջ յիշած էք, որ եկեղեցիները փակ են ե՛ւ քաղաքական պայմաններու բերումով ե՛ւ պատասխանատուութիւն չստանձնելու նկատառումներով: Ընդգծենք «պատասխանատուութիւն չստանձնելու» պարագան եւ մեկնաբանենք, թէ ի՞նչ ըսել ուզած էք այդ բառերով:

Այս նիւթով նախքան որեւէ արտայայտութիւն ունենալը, կ՛ուզեմ սրտի մեծ ցաւով յիշել Հայ Առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հրկիզուած իրավիճակը: Այս խոցելի ցաւ է մեր ժողովուրդին համար: Մենք այս ցաւէն ինչպէ՛ս դուրս պիտի գանք… կ՛երեւի նախ Աստուած պիտի օգնէ մեզի, անկէ ետք միասնաբար մեր ջանքերը պիտի մեկտեղենք, որպէսզի վերակառուցենք Ս. Գէորգ եկեղեցին:
Նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ Ս. Քառասնից Մանկանց աթոռանիստ եկեղեցին իրենց դրուածքին մէջ, աշխարհաքաղաքական իմաստով, անապահով վայրերու մէջ են եւ այդ անապահով վայրերու մէջ մեր այս զոյգ եկեղեցիները իրենց դռները բաց կը պահէին մեր սիրեցեալ հաւատացեալ հետեւորդներուն առաջ: Սակայն մեր հաւատացեալները դէպի այս եկեղեցիները հրաւիրել ու զանոնք մասնակից ընել ծէսերուն, պաշտամունքներուն ու պատարագներուն, պատասխանատուութիւն մըն է, որ չէինք կրնար ստանձնել, որովհետեւ երբ հաւատացեալները առաջնորդենք այս վտանգաւոր վայրերու մէջ գործող եկեղեցիները, այդ պարագային, մենք նաեւ անոնց կեցութիւնը եւ վերադարձը դէպի տուն ապահովելու ենք: Այդ իմաստով էր իմ ըսածը, մասամբ անվըտանգութեան պատճառաւ, մարդիկ իրենց տուներուն մէջ կ՛որոշեն մնալ եւ մասամբ կարելի չէ նման անապահով օրերուն պատասխանատուութիւն ստանձնել: Մենք յստակօրէն յայտարարած ենք, որ մեր շուրջ գտնուող ժողովուրդին տեղափոխութիւններու պարագային ոչ մէկ ապահովական պատասխանատուութիւն կը ստանձնենք:

Յստակ էր ձեր մեկնաբանութիւնը եկեղեցիներուն հետ կապուած, ուրեմն կարելի է նոյնը ընդհանրացնել նաեւ դպրոցներուն հետ առընչուած: Ինչքան որ հասկնալի է Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանը աշխարհագրականօրէն աւելի ապահով շրջանի մէջ կը գտնուի եւ հնարաւորութիւն ունի աշակերտութիւն ընդունելու: Ընդհանուր աշակերտութեան ընդառաջումին մասին ի՞նչ կը պատմէք:

Իսկութեան մէջ Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը նկատի առած, այսօր ապահով տեղ չմնաց եւ բոլոր թաղամասերն ու քաղաքները նոյն երկրին մէջ հաւասարապէս անապահով իրավիճակ կ՛ապրին եւ այս բոլորով մենք պէտք էր յատուկ քաղաքականութիւն վարէինք, թէ ինչպիսի՞ ընտելացում պէտք էր ծրագրուեր եւ հրապարակուեր, որպէսզի ժողովուրդը նաեւ ահ ու դողէն ելած կարենար իր առօրեան ապրիլ: Նոյն հետեւողութեամբ, պիտի թելադրէի, որ եթէ երբեք մեր դպրոցները կարենանք բաց պահել նուազագոյն ապահովութիւնը երաշխաւորելով, այսինքն՝ դպրոցաշէնքին մէջ եթէ կրցանք աւելի փակ տեղեր, համեմատաբար աւելի ապահով դասարաններ բանալ եւ մեր աշակերտները հիւրընկալել եւ այդպէս ընելով մեր ընտանիքները նուազագոյն կապուածութիւնը պիտի ունենան, եւ պիտի չլքեն գաղութը ու գաղթեն:
Ինծի համար սրտացաւ ու հոգեխոց էր տեսնել մեր ընտանինքերը շարան-շարան, թէկուզ ժամանակաւոր, կը լքէին քաղաքը: Ասիկա մտավախութիւն յառաջացնող վիճակ է: Ես կը կարծեմ, որ պէտք է յաղթահարել եւ նուազագոյն ապահովութիւնը երաշխաւորելով մեր դպրոցներէն երկուքը գոնէ, թէկուզ հերթափոխութեամբ բաց պահել, այսինքն՝ նոյն դպրոցաշէնքին մէջ կարելի էր նաեւ այլ աշակերտներ հիւրընկալել, ես անձնապէս, նաեւ պիտի առաջարկէի Հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի դպրոցաշէնքը տրամադրած ըլլալ Ազգային առաջնորդարանին. եթէ երբեք կարենանք աշակերտներ հիւրընկալել այստեղ եւ մեր դպրոցի ժամերը աւարտելէ ետք, եթէ 4-5 ժամով այլ աշակերտներ տեղաւորել եւ օգտուիլ հաստատութենէն՝ ինչու չէ: Մեր բոլոր կարելիութիւնները մեր ազգի զաւակներուն առաջ անխտիր բացուած են:
Տակաւին ուշ չէ կ՛երեւի եւ կարելի է մօտիկ ապագային այս մէկը իրականացնել եւ հերթափոխութեամբ քանի մը հազար աշակերտներ դպրոցներուն մէջ ունենալ:

Նոյն հարցազրոյցին մէջ նկատողութիւններ փոխանցած էիք «Օգնի՛ր Եղբօրդ» սուրիահայութեան օժանդակութեան ծրագիրին մասին, կը բացատրէ՞ք այդ նկատողութիւնները:

Ողջունելի եւ շնորհաւորելի նախաձեռնութիւն էր «Օգնի՛ր Եղբօրդ» ծրագիրը, որ Հ.Յ.Դ.ն նախաձեռնեց Հայաստանի մէջ: Նախաձեռնութիւնը եւ ընդհանուր աշխատանքի ծաւալը ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու նախայարձակ ըլլալու հանգամանքը կը պատկանի, շատ յստակ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին եւ որուն ընկերակցեցան Հայաստանի մէջ բոլոր կողմերը իրենց մասնակցութիւնը բերելով եւ իրենց լումաները աւելցնելով այս գանձանակին մէջ, յօգուտ՝ սուրիահայութեան:
Այդ նիւթին մէջ այնքան զոհողութիւններ ձեռք առին Հայաստանի մեր եղբայրները եւ այդ զոհողութիւնները պէտք էր ամբողջական ու լիարժէք մեր ժողովուրդին հասնէր: Հաւանաբար պիտի ըսէք ի՞նչ են այդ նիւթերը: Ես կը կարծեմ երկու բաժին են անոնք, առաջին՝ եթէ երբեք այսքան մեծ աշխատանք պիտի տարուէր սուրիահայուեան համար, երանի հարց տրուէր սուրիահայութեան պատասխանատուներուն, թէ իրենց անմիջական կարիքները այս տագնապի օրերուն ինչ նիւթեր կրնան ըլլալ: Սննդամթե՞րք, այո՛, մեր ժողովուրդը միշտ պէտք պիտի ունենայ սննդամթերքի, բայց կրկնութիւններէ խուսափելու համար երեւի պէտք է հարց տրուէր տեղւոյն պատասխանատուներուն: Իսկ երկրորդը՝ աւելի լաւ կ՛ըլլար այդ նիւթական հնարաւորութիւնները այլ միջոցներով հասնէր Սուրիա: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մի՛շտ յայտարարութիւններ կատարած է սուրիահայութեան օժանդակելու պատրաստակամութեան մասին: Հետեւաբար այդ միջոցով կարելի էր հանգանակուած  գումարները հասցնել Հալէպ՝ Բերիոյ թեմ եւ Ազգային առաջնորդարանի կարգադրութեամբ կարենայինք այդ գումարները օգտագործել լաւագոյն ձեւով, որպէսզի հասնինք մեր ժողովուրդի դժուարութիւններուն եւ կարիքներուն:

Որպէս ՍՇՕՄՄի մէկ կողմը ներկայացնող անդամ, ի՞նչ ունիք փոխանցելիք գաղութէն ներս թէ դուրս գտնուող սուրիահայութեան:

Ինքզինքիս իրաւունք կու տամ գերաշնորհ տէր Շահան Ս. Սարգիսեանի եւ արհիապատիւ Տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանի անունով, ողջունել բոլոր այն կողմերը, որոնք Սփիւռքի տարածքին իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն եւ օժանդակութիւններ կը հանգանակեն մեր ժողովուրդին վատառողջ վիճակը բարելաւելու համար: Այս իմաստով ես կոչ կ՛ընեմ Սփիւռքի տարածքին սփռուած հայ ժողովուրդի զաւակներուն՝ միաւորուելու. թող միաւորուին բոլոր անոնք, որոնց սիրտը կը տրոփէ սուրիահայութեան եւ յատկապէս հալէպահայութեան հետ: Այսօր ԱՄՆի, Եւրոպայի եւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ շատ մը քաղաքական, կրօնական, կրթական, մշակութային եւ տարբեր մարզերու մէջ գործող ղեկավարները Հալէպէն գացած են, այսինքն՝ Սուրիան եւ յատկապէս Հալէպը եղած է այն բնօրրանը, ուր տուած է ղեկավարներ տարբեր բնագաւառներու մէջ: Ես կոչ կ՛ուղղեմ յանուն հայ երեք համայնքապետերուն, որ այսօր մեր ժողովուրդը հետեւելով «Օգնիր Եղբօրդ» ծրագիրին, ամէն մարդ եւ կողմ իր լուման  դնէ այս գանձանակին մէջ, որպէսզի մեր տառապեալ, տնազուրկ, անգործ, իրենց ինչքերէն զրկուած, իրենց առօրեայ պէտքերուն նկատմամբ անկարող մեր ժողովուրդին մենք մեր լաւագոյնը կարենանք ընել՝ անխտիր: Այս ճգնաժամը պիտի անցնի մեր գլուխէն, եւ մենք դուրս պիտի գանք աւելի տոկուն եւ միակամ: Պէտք չէ անյոյս ըլլանք: Մեր յոյսը դնելու ենք Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի հաւաքական ուժին եւ միասնակամ աշխատանքին վրայ:


ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ