Print
Category: Հարցազրոյցներ

Տարիներ առաջ, ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, աշխատանք տարուած էր, Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Իզմիրի աղէտէն վերապրած եւ Յունաստան  հաստատուած հայրենակիցներու յիշողութիւններու արձանագրութիւնները հաւաքելու ու գրի առնելու գծով:


Լսած եմ թէ այդ աշխատանքը օրին լաւապէս կատարուեցաւ: Անկեղծօրէն չեմ գիտեր սակայն, եթէ իսկապէս օգտագործելի դարձան օրին կեդրոնացած փաստերը, որ մեր պատմութեան բերանացի վկայութիւններն են:
Իզմիրի աղէտէն 90 տարիներ ետք, այսօր, այդ մարդոց մեծամասնութիւնը չապրիր: Շատ քիչ են այլեւս անոնք, որոնք նման վկայութիւններ կրնան փոխանցել, օգնելով  յիշողութիւնները վառ պահելու գործի յաջողութեան:
«Ազատ Օր»ի խըմբագրութեան աշխատանքներուն ընդմէջէն առիթը ունեցանք անցեալ տարի մեր գաղութէն ներս ապրող երկու հայրենակիցներու՝ Գարէա բնակող տիկին Մարի Մինասեանի եւ Ամֆիթէա բնակող պրն. Բաբգէն Գասպարեանի յիշողութիւնները արձանագրելու եւ թերթի էջերէն լոյս ընծայելու: Վերապրողներու յիշողութիւնները թանկագին այն փաստերն են որ կենդանի են, պատմութեան փոշոտած էջերու մաս չեն կազմեր, այլ պատմական փաստին զուգահեռ՝ զգացումներ եւ մտածումներ փոխանցող կենդանի խօսքեր են, որ խորապէս կը տպաւորեն ունկնդիրը:
Թէ որքան դժուար է այդ փաստերը հաւաքել, կամ մարդոց համոզել, որպէսզի դիտաւորեալ մոռացութեան մատնուած անցեալի էջերը վերաբանան՝ կրնանք անվերապահօրէն հաստատել: Անցեալի տխուր ու մութ էջերը մարդոց կը հիասթափեցնեն. անոնք ինքզինք համոզած են թէ շատ հեռու են այդ օրերը, երբեք նորէն պիտի չգան, եւ սրտնեղած ու մեծ ճիգով կը խօսին անոնց մասին, շատ անգամ նոյնիսկ կարծես ուրիշի մը պատահած բաներու մասին ըլլայ խօսքը:
Այս կեցուածքը դարձեալ տեսանք Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս Դաջուածքները» ֆիլմը դիտելու ժամանակ եւ այս վարուելակերպը նոյնն էր, հակառակ որ պայմանները տարբեր էին:


Հ.

«ԱԶԱՏ ՕՐ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՆԱՆՍԻ ՀՈՐԹԸՆԻ ՀԵՏ

Մեր անցեալի էջերուն անդրադարձող մէկ այլ վկայութիւն մը առիթը ունեցանք լսելու, երբ Ղլիֆատայի իր բնակարանին մէջ հանդիպեցանք Իզմիրի մէջ 1922ին պաշտօնավարող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճորճ Հորթընի դուստր՝ 100-ամեայ տիկին Նանսի Հորթընի հետ: Ան վերջին 10 տարիներուն ընթացքին բնակութիւն հաստատած է Ղլիֆատայի մէջ, եւ իր պարտականութիւնը կը սեպէ շարունակել տարածել իր հօր գաղափարները եւ գրագիտական աշխատանքը: Ինք եւս գրագիտական եւ բանաստեղծական գործեր ունի, անգլերէն եւ յունարէն լեզուներով:

Նանսի Հորթըն ամերիկացի դիւանագէտ Ճորճ Հորթընի կրտսեր զաւակն է, իր երրորդ կողակից՝ յոյն Էքաթերինի Սաքոփուլուի  կողմէ: Իզմիրի աղէտին՝ 1922ին ինք արդէն տաս տարեկան էր:

Նանսի Հորթըն դժուարութեամբ կը նկարագրէ իր անձին եւ իր անձնական յիշողութիւններուն վերաբերող անցեալի մանրամասնութիւնները: Ճիշդ հակառակը սակայն կը պատահի երբ իր հօր մասին կը խօսի: Քաջածանօթ է իր հօր կատարած աշխատանքին եւ անդուլ ճիգով կը շարունակէ անոր յիշատակը վառ պահել:
Իզմիրի աղէտին անդրադառնալով կը բացատրէ թէ իր հայրը առարկայական ձեւով մօտեցաւ պատմական դէպքին եւ շարունակական գրաւոր զեկոյցներ ուղարկեց Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան, քրիստոնեայ ժողովուրդներուն դէմ թուրքերու իրագործած բռնութիւնները նկարագրելով:
Սթէյթ Տիփարթմընթ 1969ին հանրութեան տուաւ Հորթընի 1922ի զեկուցագրերու բնագիրները, որ մինչ այդ ամերիկեան գաղտնի արխիւներու մաս կը կազմէին:
Ճորճ Հորթըն գիրքերու հեղինակ է. Իզմիրի աղէտին անդրադարձող իր գիրքը՝ «Ասիոյ կործանարարը» (Η μάστιγα της Ασίας) վառ կերպով կը նկարագրէ քաղաքը  բնաջնջած հրդեհին գործած աւերը, նաւամատոյց հասած սարսափահար ժողովուրդի  փըրկութեան ջանքերը, օգնութեան ճիչերը:
Հորթըն մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ յոյն եւ հայ ընտանիքներու փրկութեան, անոնց ամերիկեան քաղաքացիութեան թուղթեր տրամադրելով եւ շատերու պատսպարելով ապահով պայմաններու մէջ, մինչեւ որ Յունաստան ուղարկուին, որպէս գաղթականներ:
Նանսի Հորթըն հետաքրքրութեամբ հարց կուտար թէ ինչպէ՞ս է այսօրուան Իզմիրը՝ Նէա  Զմիռնիի քաղաքապետութիւնը եւ շրջանէն ներս ապրող հայերու իրավիճակը, հիացմունք արտայայտելով ջարդէն վերապրած հայութեան ուժի եւ վճռակամութեան գծով: