Օգոստոս 28-էն Սեպտեմբեր 4, Կրետէի մէջ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը: Շուրջ 150 հոգիներէ բաղկացած եւ տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ տիկ. Թենի Սիմոնեան:
Կեդրոնական Վարչութիւնը, որուն ատենապետութիւնը նախորդ նստաշրջանին ստանձնած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 14 տարիներ, քննարկեց Խորհուրդին անցնող տարուան գործունէութիւնը:
Աթէնք վերադարձին՝ «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը այցելեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը, որ հարցազրոյց մը շնորհեց մեր թերթին, անդրադառնալով իր վարած երկու պաշտօններու պարտականութիւններուն։
Կը խնդրենք, որ անդրադառնաք Կրետէի մէջ գումարուած խորհըրդաժողովին եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գործելաձեւին ու կառոյցին։
Առաջին հերթին կ'ուզեմ ուրախութիւնս յայտնել, որ «Ազատ Օր»ի յարկէն ներս կը գտնուիմ։ Որովհետեւ, որպէս հայ մարդ եւ հայ հոգեւորական, կը հաւատամ մամուլի առաքելութեան եւ հայ մամուլն է, որ յատկապէս այսօր աշխարհատարած մեր սփիւռքները իրարու կը կապէ, իրարու կ'օղակէ։ Այդ իմաստով, անշուշտ, մեծ դերակատարութիւն ունի նաեւ ելեկտրոնային մամուլը եւ ուրախութիւն է, որ զանազան հայկական թերթեր հասանելի կը դառնան ելեկտրոնային ճամբով, այսօր, մեր ընթերցողներուն։
Այցելութեանս նպատակը աշխատանքային էր։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին կողմէ նշանակուած եմ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ինծի հետ ունենալով նաեւ տիկին Նորա Պայրաքտարեան-Թապաքեանը։ Ե.Հ.Խ. Կեդրոնական Վարչութենէն ներս երկու անդամ ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ երկու անդամ ալ ունի Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը։ Ուրեմն հայ եկեղեցին իր ամբողջութեամբ, երկու կաթողիկոսական աթոռներով, կը մասնակցի Ե.Հ.Խ.ին, ինչպէս նաեւ այլ միջ-եկեղեցական խորհուրդներու եւ միջ-եկեղեցական շարժումին ընդհանրապէս։
Կեդրոնական Վարչութիւնը մէկուկէս տարին անգամ մը նիստեր կը գումարէ։ Ե.Հ.Խ.ն ունի 348 անդամ-եկեղեցիներ, որոնց հաւատացեալներուն ընդհանուր թիւը մօտ 500 միլիոն կը հաշուէ։ Ե.Հ.Խ.ին կ'անդամակցին ուղղափառ (օրթոտոքս) եկեղեցիները, իրենց երկու ընտանիքներով՝ Քաղքեդոնական եւ ոչ-Քաղքեդոնական, բարեկարգեալ բողոքական եկեղեցիները, անգլիքան եկեղեցին, այսպէս կոչուած ազատ կամ նոր եկեղեցիներէն ոմանք՝ Հոգեգալստական, կամ Քարիսմաթիկ եւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցին (թէեւ անդամ չէ, սակայն կը գործակցի երկու յանձնախումբերու մէջ, գործօն մասնակցութեամբ)։
Ե.Հ.Խ.ը կը նկատուի քրիստոնէական միջ-եկեղեցական մեծագոյն կազմակերպութիւնը. թերեւս կազմակերպութիւն բառը կրնայ աշխարհիկ հընչել, ըսենք՝ խորհուրդ, որովհետեւ կազմակերպութենէ մը շատ անդին է, եկեղեցիներու համախմբում է եւ այն ենթահողն է, ուր եկեղեցիներ կուգան, կը միանան, իրարու հետ կþաղօթեն, հասարակաց հարցեր իրարու հետ կը քննարկեն եւ, միաժամանակ, եթէ իրարու հանդէպ հարցեր կամ դժգոհութիւններ ունին, կ'արտայայտեն զանոնք, սրտբացօրէն կը խօսին ու փոխադարձ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ իրենց աշխատանքը կը վարեն։
Կեդրոնական Վարչութիւնը կ'ընտրուի Ե.Հ.Խ.ի ընդհանուր համաժողովին կողմէ, որ եօթը տարին անգամ մը կը գումարուի եւ, ինչպէս գիտէք, երկու նստաշրջաններ՝ ամբողջ 14 տարի Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը վարեց Ե.Հ.Խ.ի ատենապետութիւնը, որ ընտրեալ բարձրագոյն պաշտօնն է։ Վեհափառ հայրապետի առաջնորդութիւնը պատիւ բերաւ եւ կը շարունակէ մինչեւ այսօր այդ պատիւը շօշափելիօրէն զգալի ըլլալ ամբողջ հայ եկեղեցւոյ, ոչ միայն Կիլիկեան սուրբ աթոռին, այլ ամբողջ հայ եկեղեցւոյ, ամբողջ հայութեան հանդէպ։ Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ խոստովանիմ, որ մինչեւ այսօր կան ժողովականներ, աշխարհական թէ հոգեւորական, որոնք Վեհափառին ատենապետութեան օրերը կը փնտռեն։
Կրետէի մէջ Ե.Հ.Խ.ի խորհրդաժողովին ի՞նչ նիւթեր քննարկուեցան։
Ե.Հ.Խ.ի խորհրդաժողովը կազմակերպչական որոշ հարցերով զբաղեցաւ, ապա՝ յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձուց Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը։ Նոյնպէս շօշափուեցաւ համաշխարհային տնտեսական տագնապի հետեւանքով դիմագրաւուած կացութիւններու հարցը, յատկապէս հարաւային Եւրոպայի տարածքին։
Յառաջիկայ տարի, Հոկտեմբեր 2013ին, Քորէայի՝ Պուսանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ե.Հ.Խորհուրդի համաժողովը: Այդ գծով նախապատրաստական աշխատանք տարուեցաւ։
Համաշխարհային այս կառոյցէն ներս շօշափելի կը դառնայ կրօններու, մշակոյթներու եւ ազգերու գոյակցութիւնը, իրարու հանդէպ յարգանքի, երկխօսութեան եւ գործակցութեան հիմնական սկզբունքներու հիմամբ։
Ներկայ աշխարհին մէջ, միջ-կրօնական գործակցութիւնը հրամայական դարձած է՝ ազգերու եւ եկեղեցիներու հասարակաց արժէքներու, սկըզբունքներու ամրապնդման առումով։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր է ընդհանրական մտահոգութիւններու շուրջ համախմբուիլ եւ նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել հաւաքական կեցուածքով։
Յունաստանի եկեղեցւոյ հետ՝ գիտենք, որ լաւ յարաբերութիւններ կը պահպանուին. համագործակցութիւն կայ եւ հասկացողութիւն։ Այսուհանդերձ, երբեմն, հարցեր կը դիմագրաւուին, օրինակ՝ երբ Զատկուայ ընթացքին հայ եւ յոյն կրօնաւորներու միջեւ կացութիւնը կը լարուի... կամ ուղղափառութեան հարց կը դրուի։
Ինչպէս արդէն նշեցիք, բացառիկ լաւ յարաբերութիւններ կան հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն միջեւ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին կողմէ, ինչպէս եւ Յունաստանի Սուրբ Սինոդին ու Արքեպիսկոպոսին կողմէ կը պահպանուի համագործակցութեան կլիման։
Կը գիտակցինք եւ Յունական եկեղեցւոյ մեր պաշտօնակիցները իրենք ալ կը խոստովանին, որ հին անցեալէն եկող դաւանաբանական տարակարծութեանց կաշկանդիչ աւանդութիւն մը կը յամենայ տակաւին։ Յատկապէս միջ-եկեղեցական շարժումին ստեղծած իրար-հասկացողութեան եւ համագործակցութեան կլիմային հետ քայլ պահելու հնարաւորութենէն զրկուած եկեղեցականներու մօտ կը շարունակուին որոշ վերապահութիւններ։ Վստահ եմ, սակայն, որ ժամանակին հետ կը փարատին այդ բոլորը, եթէ իրարու հետ հաղորդակցութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան ենթահողը ընդլայնի։
Անդրադառնանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի աշխատանքներուն։ Ինչպէ՞ս կը գործէ Դպրեվանքը։ Ինչպէ՞ս հունաւորուած ու կազմակերպուած է դաստիարակութեան բաժինը։
Նախ ըսեմ, որ Դպրեվանքը իր առաքելութիւնը կը սեպէ ամբողջական հայը կազմաւորելու սրբազան գործը։ Հոգեւորական եւ աշխարհական նուիրեալ ուսուցիչներ կը դասաւանդեն Դպրեվանքէն ներս՝ մեր սաներուն փոխանցելով գիտութիւն, լեզու, մշակոյթ, բայց նոյն պահուն նաեւ կազմաւորելով գիտակից ու նուիրեալ հայը։
Ուրախութեամբ կրնամ ըսել, թէ Դպրեվանքը ուսումնական գետնի վրայ յաջող ընթացքի մէջ է, եւ մեր սաներու թիւն ալ ներկայիս կը գերազանցէ նախորդ տարիներուն թիւերը։ Ծնողները իրենց զաւակները կը վստահին մեզի, եւ ոչ միայն Լիբանանէն կամ Սուրիայէն, ինչպէս հաւանաբար կը կարծուի։ Մեր փափաքն է բոլորին հասնիլ, սաներ պահել տարբեր երկիրներէ, զանոնք պատրաստել ու կազմաւորել, որպէսզի ուսանողական շրջանի աւարտին անոնք վերադառնան իրենց գաղութները՝ ստանձնելով կրօնաւորի կամ ուսուցիչի, խմբագրի կամ ազգային ծառայութեան որեւէ այլ պատասխանատու պաշտօն։ Դպրեվանքը մեր հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան դարբնոցն է։
Ես միշտ կը շեշտեմ, թէ Դպրեվանքը, Լիբանանի մէջ մնալով հանդերձ, ուղղուած է ծառայելու մեր բոլորին։ Մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս Դպրեվանքին առաքելութիւնը եւ ներկայութիւնը կրնան շօշափելի իրականութիւն դառնալ։ Ծնողները, Դպրեվանքին վստահելով իրենց զաւակները, մասնակից կը դառնան հայ հոգեւորականի, հայ մշակոյթի գործիչի կազմաւորման կարեւոր առաքելութեան, որ մեր ազգի, մեր գաղութներու ապագայի երաշխիքն է։
Ինչպիսի՞ կրթական ծրագիր կ'իրագործուի։
Մեր դասարանները կը կրեն «Ժառանգաւորաց» եւ «Ընծայարան» անունները, ճիշդ որովհետեւ մեր սաները ժառանգաւորներն են մեր պատմութեան ու մշակոյթին, եւ կը պատրաստուին իրենց կեանքը նուիրելու, իրենց անձը ընծայաբերելու հայ եկեղեցիին ու հայ ազգին։
Ծրագիրը, որ կը գործադրուի, հիմնականօրէն աստուածաբանական ճեմարանի եւ հայագիտական դասեր են, կապուած գիտութեան, մշակոյթի, պատմութեան ¥հայոց պատմութիւն, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, համաշխարհային շարժումներ¤ փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան, ընկերաբանութեան եւ մարդասիրական նիւթերու։ Կը դասաւանդուին նաեւ ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն լեզու, համաշխարհային պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, երկրաչափութիւն, թուաբանութիւն, քիմիական նիւթեր եւայլն։ Անշուշտ նաեւ՝ երաժշտութիւն, քանի որ եկեղեցական մեր արարողութիւնները բոլորն ալ երաժշտութեամբ կը կատարուին։
Առաջին մասը՝ «Ժառանգաւորաց»ը համարժէք է միջնակարգ դպրոցի եւ կը գործադրուի աւելի քան հինգ տարի ժամկէտով: Երկրորդ մասը՝ «Ընծայարան»ը աստուածաբանական բաժինն է եւ կը տեւէ չորս տարի:
Վեհափառ Հայրապետի առաջնորդութեամբ, վերանայումի ենթարկուեցաւ ուսումնական ծրագիրը եւ դարձաւ աւելի համապատասխան ներկայ պայմաններուն եւ ակնկալութիւններուն։ Քսանինը արժանաւոր ու յանձնառու՝ կրօնաւոր թէ աշխարհական ուսուցիչներէ բաղկացած կազմ մը կը կատարէ դաստիարակչական ծրագիրը, գլխաւորութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, քառասունեօթը սաներու համար։ Փոքրաթիւ դասարաններու մէջ ուսուցիչ-ուսանող կապը շատ ամուր կը պահուի այս ձեւով։
Դպրեվանքի սաները կու գան մեր ժողովուրդէն։ Վստահ եմ, որ յառաջիկայ տարեշրջաններուն, երբ ժողովուրդը նաեւ աւելի լաւ գիտակցի Դպրեվանքի կատարած կենսական գործին, առաւել մեծ թիւով ուսանողներ պիտի ունենանք Դպրեվանքին մէջ։ Իմ ակընկալութիւնս է, որ բոլորս բանալի դերակատարութիւն ունենանք այս մարզէն ներս, ապահովելով մեր նոր սերունդներուն հայաշունչ դաստիարակութիւնը։
Ինչպիսի՞ փորձառութիւններ կուտայ ձեզի այս պաշտօնը։
Որպէս հայ հոգեւորական եւ որպէս հայ մարդ կ'ամրապնդուիմ՝ տեսնելով ու գիտակցելով, թէ բոլորս լծուած ենք միեւնոյն առաքելութեան.- ծառայել մեր ժողովուրդին՝ մեր եկեղեցւոյ ճամբով։
Հեռատեսութեամբ կը դիտեմ Դպրեվանքին աշխատանքը՝ գիտակցելով, թէ ան կրնայ որոշիչ դեր խաղալ այս հանգրուանին, ապահովելով ու երաշխաւորելով մեր ընթացքն ու ապագան։ Մեր եկեղեցւոյ հանդէպ ակնկալիքները հետզհետէ կը բազմանան թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ հայկական Սփիւռքին մէջ։ Հայ եկեղեցին կենդանի իրականութիւն դարձնելու համար մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, գաղափարապաշտ երիտասարդ ու եռանդուն սերունդներու պէտք կայ։
Հոգեւորական եւ աշխարհական ամբողջական հայ մարդու պատրաստութեան նուիրական պարտականութիւնը կը տանի Դպրեվանքը, մեր բոլորին մասնակցութեամբ։ Չկարծուի, թէ դպրեվանեցիները մեկուսացած կեանք մը կþապրին, այլ մենք կը խրախուսենք անոնց ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ, իրենց ուսումնառութեան տարիներէն իսկ, հայ եկեղեցւոյ ճամբով մեր ազգին՝ զանազան բնագաւառներէ ներս ծառայելու գաղափարը կը մշակենք:
Ի՞նչ պատգամ կը փափաքիք ուղղել յունահայութեան։
Ծանօթ է մեզի յունահայութեան դիմագրաւած իրավիճակը, որ ստեղծուած է յատկապէս տնտեսական ճըգնաժամի հետեւանքով։ Հաւատալով մեր գաղութներու ունեցած ուժին, որ երկար տարիներու ընթացքին միշտ գտաւ իր յաջող դրսեւորումը, յունահայութեան կացութիւնը բարելաւուած տեսնելու համոզումով կը դիտեմ եւ կþողջունեմ հաւաքական ձեր ճիգերը։
Դպրեվանքի աշխատանքին վստահելու իմ մարտահրաւէրս ուղղուած է նաեւ յունահայութեան:
Շնորհակալ ենք սրբազան հայր։
Շարունակականութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր թերթի աշխատանքներուն։
Նարեկ Սրբազան հայրը ծնած է 1962 թուականին՝ Պէյրութ: Աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը եւ 1981 թուականին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է: 1981-86 թուականներուն դպրեվանքի եւ կաթողիկոսարանի մէջ վարած է վանական պաշտօններ: 1986-91 թուականներուն աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Գանատայի Վանգուվըր քաղաքէն ներս եւ որպէս հովիւ՝ ծառայած է տեղի նորակազմ համայնքին: 1991-97 թուականին իր հովուական ծառայութիւնը շարունակած է ԱՄՆ-ի Նիւ Ճըրզի քաղաքը: 1997 թուականէն ի վեր ան կը վարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի վարիչ-քարտուղարի պաշտօնը: Եպիսկոպոս օծուած է 2002 թուականին, իսկ այսօր ունի արքեպիսկոպոսի տիտղոս:
Ներկայիս ան կը վարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչի պաշտօնը: