Երիտասարդ գիտնական տիկին Արտա Ճէպէճեան ընկերալեզուաբան է: Ան հետազօտական աշխատանք մը կատարած է, ուսումնասիրելով հայերէն լեզուի գործածութեան բոլոր ազդակները: Այդ աշխատանքի հիմամբ, բայց նաեւ անձնական կարծիքներու հանդիսադրումով,
հետաքրքրական զրոյց մը ունեցանք  իր հետ՝ «Ազատ Օր»ի խմբագրատունէն ներս:


Դոկտ. Ճէպէճեան, ձեր մասնագիտութեան ճիւղէն ներս, շատ լայն ուսումնասիրութիւն մը կատարած էք հայերէն լեզուի գործածութեան վերաբերեալ: Կրնա՞ք անդրադառնալ ձեր աշխատանքին:

Ուսումնասիրութիւնս Պէյրութի մէջ՝ 18էն մինչեւ 80 տարեկան հայերու միջեւ կատարուեցաւ եւ կը վերաբերէր հայերէն լեզուի գործածութեան բոլոր ազդակներուն եւ մարդոց կեցուածքին անոնց հանդէպ՝ օրինակի համար հայ լեզուի հանդէպ, հայ դպրոցին, հայ մամուլին, հայ  եկեղեցիին եւ ընտանիքին մէջ:
Նմանօրինակ աշխատանք առաջին անգամ էր որ կÿըլլար. մենք դիմեցինք 200 հոգիի, այս տարիքային լայն սահմաններով, ինչպէս վերը նշեցի, անձնական եւ խմբային զրոյցներով ու հարցաթերթիկներով:
Ուսումնասիրութեան հետապնդող նպատակներէն մէկն էր հասկնալ, թէ ինչպիսի՛ բաղդատականներ կարելի է ընել որոշ կարեւոր հարցերու մասին, ո՞ւր էինք եւ ո՞ւր ենք, ի՞նչ կը նախատեսենք:  Այդպիսի հարցեր են՝  խառն ամուսնութիւնները, հայերէն լեզուի գործածութիւնը, հայ դպրոցի անհրաժեշտութիւնը եւայլն:


Ինչպիսի՞ն էին տարբերութիւնները տարիքային խմբակներուն միջեւ:

Ընտրուած մարդիկը շատ մեծ տարբերութիւններ ունէին իրենց միջեւ. կար ուսեալը, կար նուազ ուսում ստացածը, կար տանտիկինը, երիտասարդն ու երէցը, որպէսզի ըստ հնարաւորի աւելի ամբողջական պատկեր մը կարելի ըլլայ կազմել:
Առաջին խումբը 18-25 տարեկան տղաք էին, յետոյ կար միջահասակներու խումբը, ապա երէցները:
Տուեալները ի յայտ բերին, թէ մօտեցումներու եւ ըմբռնումներու շատ մեծ տարբերութիւններ կային: Մանաւանդ սկզբունքային հարցերու մէջ. այդպիսի հարցերու, որ նախորդ սերունդին պատկանող մարդոց համար՝ սրբութիւններ էին. օրինակի համար «անպայման հայու հետ պէտք է ամուսնանալ», «անպայման զաւակս հայկական դպրոց պէտք է ղրկել», կամ «անպայման մեր տունը հայկական օրաթերթ պէտք է գայ»:
Երբ որ փոքրերու խումբին կը դիմէիր, նոյն հարցերուն վերաբերեալ տարբեր մօտեցումներ կը տեսնէիր: Օրինակի համար երիտասարդ ծնողները կը տարակուսէին թէ «ինչո՞ւ արդեօք հայկական դպրոց պէտք է զաւակս ղրկել, քանի որ մտահոգ եմ կրթական մակարդակով» (անոնք բաղդատականը կ'ընէին արաբական դպրոցներուն հետ, որովհետեւ Պէյրութի մէջ ալ կայ այն մտայնութիւնը, թէ հայերը լաւ չեն տիրապետեր արաբերէնի եւ օտար դպրոցը կրնայ աւելի օգտակար դառնալ այս հարցին:
Նման պատճառներ կուտային:
Նոյնիսկ իրենց լեզուին մէջ շատ խառնակութիւն կար. այս մէկը լեզուաբանականօրէն հարց չէ. ըսեմ որ Լիբանանի մէջ երիտասարդները կը խօսին հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ կը խառնեն այս լեզուները, ինչ որ կը նշանակէ թէ շատ աւելի խելացի անձեր են: Երիտասարդները որ կը պատճառաբանէին թէ ինչու չորս  խառնակ լեզուներ կը խօսին, կ'ըսէին  թէ երբ նախադասութեան մը մէջ հայերէն բառը ծանօթ չէ, կամ այդ պահուն կարելի չէ մտաբերել, արագօրէն կը փոխարինեն այլ լեզուի մէջ նոյն իմաստը տուող բառով մը: Այսպէս խօսակցութիւնը աւելի սահուն կ'ըլլայ: Մեր գիտութեան մէջ այս կը նշանակէ թէ լեզուն խաթարուած է:
Կարեւոր է նշել, թէ հայերէն լեզուն յատուկ  տեղերու մէջ կրնաս գործածել:  Ուրեմն երբ այդ տեղերը կը պակսին, բնականաբար լեզուի գործածութեան նուազում ալ կ'արձանագրուի: Միայն տունին մէջ քիչ մը խօսելով, ուր նոյնիսկ հօր հետ ուրիշ լեզու կը գործածուի, կամ մօր հետ ուրիշ, եւ միայն տատիկին ու պապիկին հետ հայերէնը կը գործածուի, յայտնի է թէ լեզուի տկարացման կÿառաջնորդուինք: Աւելցնենք, որ երիտասարդներու առօրեան այնքան խճողուած է, որ տատիկին ու պապիկին հետ զրուցելու պահերն անգամ նուազած են: Շատեր կÿամչնան նոյնիսկ կէս-կատար հայերէն խօսելու: Այս ձեւով եթէ կապը  կտրուի, ամէն ինչ բարդ կը թուի ըլլալ: Բայց մինչեւ հոն պէտք չէ հասնիլ:
Երիտասարդներէն ոմանց հետ որ կը խօսէի, անմիջապէս ինծի կÿըսէին. «դուն եղբօրս հետ պէտք է խօսիս»,  երբ ինչո՞ւ կը հարցնէի՝  «անոր հայերէնը դեռ աւելի վատ է» կ'ըսէին... Կամ երբ հարցաթերթիկը իրենց կը յանձնէի, անմիջապէս անգլերէն կամ ֆրանսե- րէն   լեզուով գրուած տարբերակը կը խնդրէին...

Որքա՞ն ժամանակ տեւեց ձեր աշխատանքը:

Որպէս գիտական աշխատանք այս ուսումնասիրութիւնս հրատարակուած է Հայկազեան համալսարանի «Ռիվիու»ին մէջ: Եւ մաս առ մաս, գրութիւններով ու յօդուածներով, կ'անդրադառնամ այս հարցերուն: Աննախընթաց աշխատանք մըն է այս հետազօտութիւնը, որու արդիւնքները դիւրաւ ընդունելի չեն դառնար մեր շրջապատէն:
Ներկայ պայմաններով, կրնանք հաստատել, թէ շատ մեծ աճ արձանագրած է մանկապարտէզէն կամ նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղող երիտասարդներու թիւը, որոնք հայկական վարժարան չեն յաճախած: Նոր սերունդի շատ մեծ համեմատութիւն մըն է այս խաւը: Ուսումնասիրութեանս մէջ յստակ թիւերով նշուած է, թէ նախորդ սերունդին եւ այս սերունդին մէջ, քանի՞ է տոկոսը հայկական դպրոց յաճախող մանուկներուն:

Երբ կ'ահազանգենգ թէ արեւմտահայերէն լեզուն վտանգուած է, ի՞նչ կը նշանակէ:

Արեւմտահայերէնը վտանգուած է, այս իմաստով որ հիմա հայ մանուկը հայերէն չի կրնար խօսիլ բաւարար ձեւով: Այս կը նշանակէ, թէ ինք պիտի չկարողանայ լեզուն յաջորդ սերունդին փոխանցել: Ահազանգը կը վերաբերի հիմնականօրէն հետզհետէ մեծցող  այդ թիւին:
Վտանգուած ըլլալու հանգամանքը 100 տարուայ ժամանակաշրջան մը կ'ընդգրկէ եւ ոչ թէ 10 կամ 20 տարուայ:
Վերադառնամ նախորդ սերունդին հետ բաղդատականներուն, ուր կը նկատենք, թէ իրենց գոյութեան հետ կապուած էին հարցերը: Սրբութիւններ էին որոնց կարելի չէր դպնալ:
18-20 տարեկան խմբակին մօտ բնական է, որ հարցումներ կը տրուէին՝ «թէ ճիշդ ինչո՞ւ արաբի հետ կարելի չէ ամուսնանալ», կամ «ո՞վ պիտի ստիպէ ինծի որ զաւակս հայկական դպրոց ղրկեմ»: Եւ այս հարցումները յառաջ կուգային սրբութիւնները պահպանած ընտանիքներու զաւակներէ, որոնց վստահաբար փոխանցուած են այս գաղափարները եւ սկզբունքները:
Ծնողներն ալ հետաքրքրական պատասխանաներ կուտան այս երեւոյթներուն մասին. օրինակ՝ ցեղասպանութեան հարցի մասին. անոնք կÿըսէին թէ պարտուողական կեցուածք ես չեմ ուզեր փոխանցել զաւկիս. պէտք է մոռնալ: Կեանքը արդէն պայքար մըն է, որ մեզի առջեւ պիտի տանի:
Այս խօսքերէն յայտնի է որ արդէն սկսած է փոփոխութիւնը:
Ընկերալեզուաբանութիւնը կ'ըսէ թէ պէտք է դաստիարակենք ծնողները: Որովհետեւ ծնողքը ինքն է, որ կÿորոշէ թէ պզտիկը հայերէն պիտի չսորվի, կամ արաբական ընկերութեան մէջ պիտի ապրի, իր ընկերային շրջանակը հայկականէ հեռու պիտի կազմէ: Փոքրիկը սկիզբը ոչ կարծիք ունի, ոչ ալ կրնայ տարբերութեան գիտակից ըլլալ: Մինչդեռ նախորդ սերունդը ունէ՛ր իր հայկականութիւնը պահելու ապրումը: Լիբանանի մէջ դեռ դիւրին էր, այն իմաստով, որ ամբողջ թաղը հայերէ բնակուած էր, նպարավաճառը հայ էր, ընկերները՝ անշուշտ հայ:
Նաեւ, չմոռնանք որ գաղթական եկած հայը, թրքերէն լեզուի գործածութենէն ձերբազատուելու բարդոյթը ունէր: Կամ քրտերէնէն:
«Հայկական դպրոց գնա՛, որ հայ ըլլաս» այս լոզունգը կը տիրապետէր:

Հայաստանի անկախացումէն յետոյ, հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ զօրացած կապը, ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ունեցաւ:
Մանաւանդ լեզուի պահպանման տեսակէտէ, պետականօրէն այլեւս առնուած նախաձեռնութիւնները (ամպիոններ, ուսուցիչներու վերապատրաստումներ) բաւարար դարձա՞ն:

Կարեւոր է այս կէտը: Նախ ըսեմ, որ սրբութիւններու կարգին էր նաեւ հայրենիքի գաղափարը, որ մեզի հայ պահեց սփիւռքի մէջ: Գոնէ Լիբանանի իմ փորձառութիւնս ցոյց կուտայ թէ այս երազը շատ աւելին էր, քան մղիչ ուժը: Պատահական չէր ներգաղթի իրագործումը: Մեր ազգի մեծ թիւ մը ձգեց սփիւռքի աւելի լաւ պայմանները եւ հայրենիք ներգաղթեց:
Եւ երբ որ անցեալի պատը կտրուեցաւ, եւ սփիւռքահայը  սկսաւ շփուիլ հայրենիքի հետ, սկիզբը հիացում կար երկու կողմէն: Բայց հետաքրքրական է նշել, թէ ըստ հարցախոյզէն ստացած պատասխաններուն, կայ շատ մեծ թիւ մը, որ կը խոստովանի թէ դժուար կը հասկնան իրար: Որքան ալ գրականութիւն սերտած ըլլան դպրոցի մէջ, որքան ալ արեւելահայերէն գրութիւններ ընթերցած ըլլան, կը խոստովանին թէ դժուար է հաղորդակցութիւնը: Ատոր մէջ դեր կը խաղայ նաեւ ռուսերէն բառերու օգտագործումը. հիմա կը տեսնեմ, թէ սփիւռքի թերթերը կը փորձեն երբեմն    հայերէն  բառը գրել՝ ռուսերէն կամ անգլերէն բառի կողքին:
Տեսէք, օրինակ մը տամ այս հարցով: Հայաստանի մէջ արդէն կազմուած է յանձնախումբ մը, որ ճիշդ հայերէն բառերու օգտագործումը կը թելադրէ. գիտէ՞ք ինչ է այս յանձնախումբին անունը. «Թերմինաբանական կոմիտէ». երկու բառ, երկուքն ալ օտար: Գիտեմ, որ բարի տրամադրութիւնը կայ, բայց վստահ որ պէտք է միասնաբար աշխատինք այս մարզէն ներս:
Հիմնականը անշուշտ կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, թէ Հայաստանի մէջ պետական եւ գործածական լեզուն է հայերէնը, մինչ սփիւռքի մէջ՝  նախընտրութեան   կարգով  (օփթիոնալ) է:
Անոր համար պէտք է միշտ շեշտենք, թէ որքան մեծ մարտահրաւէր մըն է սփիւռքի համար, հայկականութեան պահպանումը, որ անշուշտ տարիներէ ի վեր յաջողուած է, մեր դպրոցներուն, մամուլին, եկեղեցւոյ, կուսակցութիւններու սիրոյն:

Ուրի՞շ գաղութներու մէջ նմանօրինակ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են: Ձեր անձնական փորձառութիւնը նոյն եզրակացութիւններուն կը յանգեցնէ՞:

Գիտական սերտողութիւն ընելու համար, պէտք է առանձին տեսնել ամէն մէկ սփիւռքեան գաղութ: Որպէսզի նոյն եզրակացութիւններուն չի յանգինք: Բայց կարեւոր է դրական կեցուածք մշակել, հայրենի լեզուին հանդէպ: Սիրել հայերէն լեզուն, սիրել հայերէն երգը եւ խօսիլ: Չի վարկաբեկել այն, գերադասելով ուրիշ լեզուներ:  Մանաւանդ գիտակցելով, թէ որքան հարուստ է մեր լեզուն, մեր գրականութիւնը, մեր եկեղեցւոյ շարականները: Բայց պէտք է գիտնանք, որ կարողանանք հպարտանալ: Այս է որ երբեմն բաւարար չափով չենք կատարեր նոր սերունդներուն մօտ: Ասոր արդիւնքն է, որ կը տեսնենք շատ մը մարդոց, որոնք մեծ տարիքի մէջ այլեւս, կը տագնապին, կÿուզեն լեզուն սորվիլ, մշակոյթին ծանօթանալ, որովհետեւ զրկուեցան անկէ, երբ փոքր էին:
Եւ այս մէկը կրնանք ընդարձակել, տեսնելով թէ Ամերիկայի մէջ ապրող յոյները կամ չինացիները, Ֆրանսայի մէջ ապրող արաբները, ասոնց երիտասարդները սկսած են վերագտնել իրենց արմատները, եւ կը հպարտանան իրենց պատմութեամբ ու մշակոյթով: Բայց որպէսզի կարողանան այս ընել՝ հիմնա- կան նախադրեալը լեզուն է:
Ըսեմ, որ ընկերալեզուաբանութիւնը գրելէ եւ կարդալէ աւելի՝ խօսելու վրայ կը կեդրոնանայ:
Մասնագէտները շատ յստակ կÿըսեն, թէ կան պարագաներ, ուր կը լսենք թէ   «ես հայերէն չեմ խօսիր, բայց հայ կը զգամ»: Այո, զօրաւոր կրնայ ըլլալ այս զգացումը, բայց քանի՞ սերունդի կրնայ փոխանցուիլ, առանց լեզուի գիտակցութեան:
Այս հանգրուանը վտանգաւոր է: Այսպիսի պատճառներով է, որ ժամանակին 12.000 լեզու գոյութիւն ունեցած է, աշխարհի վրայ: Իսկ այսօր 6.000ի իջած է այս թիւը: Յառաջիկայ 100 տարուան ընթացքին գնահատում կայ թէ 2.500 լեզու եւս պիտի անհետանայ: UNESCO կը մատնանշէ վտանգը: Մենք, մեր կարգին պէտք է տեսնենք այս տուեալները, ճիշդ գնահատենք, ահազանգ հնչեցնենք, բայց առանց հիասթափելու, կամ կրաւորական դիրք որդեգրելու անհնար նկատելով որեւէ լուծում, կամ ապարդիւն նկատելով որեւէ ջանք:
Մենք պէտք է որպէս հանգրուան մը տեսնենք այս պահը, ուր պէտք է  լրջօրէն խորհիլ՝ առաջքը առ-նելու համար:

 

Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեան ծնած է Հալէպ, փոքր տարիքին ընտանեօք կը տեղափոխուի Պէյրութ, ուր իր նախակրթութիւնն ու միջնակարգի ուսումը կը ստանայ Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝  Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին:  Ապա կ՛անցնի Հայ- կազեան Գոլէճ ու կը հետեւի անգլիական գրականութեան: 1986-ին այդ գծով կ՛արժանանայ Պսակաւոր Արուեստից վկայականին ու մուտք կը գործէ ուսուցչական ասպարէզ: Հետամուտ բարձրագոյն ուսման, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ կը հետեւի մասնագիտական դասընթացքներու, եւ 1999-ին կ՛արժանանայ Մագիստրոս Արուեստից վկայականին անգլիական գրականութեան մէջ:  Դասախօսի պաշտօնով կ’աշխատի Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանին մէջ (LAU) մինչեւ Կիպրոս փոխադրուիլը 2005ին:  Կը հետեւի Անգլիոյ Լեսթըր Համալսարանին լեզուաբանութեան դասընթացքներուն, ուրկէ 2007ին Դոկտոր լեզուաբանութեան աստիճանին արժանացած է պաշտպանելէ ետք՝ «Գաղափարախօսական Փոփոխութիւններ եւ Արտալեզուական Տուեալներ Պէյրութի Հայ Գաղութի Լեզուապահպանման եւ Փոփոխութեան մէջ»: 
Դոկտ. Արտա  Ճէպէճեան պատրաստած է 19 անգլերէնի դասագիրքեր,  365 պատմութիւններ Աստուածաշունչէն՝ հայերէնով, զանազան յօդուածներ ստորագրած է լիբանանահայ եւ այլ սփիւռքեան մամուլի մէջ լեզուապահպանման, լեզուափոխութեան, ընկերալեզուական, եւ փոքրամասնութիւններու լեզուական իրաւունքներու մասին, հայերէնի թարգմանած է «Մանկա Մեսիա» մանուկներու աւետարանը, եւ խմբագրած է յօդուածագիր-հրապարակագիր՝ Հրայր Ճէպէճեանի «Հայուն Գոյապայքարի Ճանապարհը» հատորը:  Ան ներկայացուցած է դասախօսութիւններ զանազան միջազգային համագումարներու ընթացքին, ինչպէս Անգլիոյ Լեսթըր Համալսարանին, Կիպրոսի Պետական Համալսարանին, Ամերիկայի Լուիվիլ Համալսարանին, Լիբանանեան Ամերիկեան Համալսարանին եւ Նիկոսիոյ Համալսարանին մէջ: 
Դոկտ. Ճէպէճեան այժմ կը դասախօսէ Նիկոսիոյ Համալսարանի Բանասիրական Բաժանմունքին մէջ:  Ամուսնացած է Հրայր Ճէպէճեանի հետ եւ ունին երկու զաւակ՝ Վահէ 19 տարեկան եւ Ալիք 17: