Տանիէլ եւ Տիանա Աբիկեաններու Quality Wines ընկերութիւնը 16-19 Մարտ 2012ին, մասնակցութիւն բերաւ «Ինորամա 2012» եւ Զափիոնի մէջ իրագործուած ցուցահանդէսներու, ուր ներկայացուեցան «Արարատ» քոնեակը եւ հայկական գինիները:
Վերջին ցուցահանդէսը Quality Wines ընկերութեան մասնակցած 8-րդն էր, որոնց միջոցաւ տարիներէ ի վեր լուրջ աշխատանք կը տարուի հայկական որակեալ քոնեակն ու գինիները Յունաստանի շուկայէն ներս ծանօթացնելու գծով: Տուեալ ցուցահանդէսներուն մասնակիցները առիթը ունեցան տեղւոյն վրայ համտեսելու հայկական արտադրանքները:
Ինչպէ՞ս ընդունուեցաւ հայկական արտադրանքը Յունաստանի շուկայէն ներս եւ ի՞նչ հանգրուաններէ անցաւ ծանօթացման աշխատանքը:
Մօտաւորապէս 10 տարուան գործընթաց մըն էր յունական շուկայէն ներս հայկական քոնեակի եւ գինիի ծանօթացումը, որ հազիւ վերջին երեք տարիներուն սկսաւ արդիւնքներ արձանագրել: Մեկնակէտն ու շարժառիթը՝ սէրն էին, սէրը հայկական գինիին հանդէպ եւ անվերապահ գիտակցութիւնը առարկայի բարձր որակին գծով:
Սկիզբը եղաւ նռան գինիով, որ բոլորովին նոր տեսակ մըն էր յունական շուկային համար: Հետզհետէ զարգացուցինք մեր տեսակները, նռան գինիէն անցնելով քոնեակին:
Երկար տեւեց գործընթացը: Երեք տարուայ ժամանակաշրջան մը անհրաժեշտ էր նախապէս, մինչեւ որ կարելի դառնայ Յունաստանի պետական մարմիններուն մօտ օրինական ձեւով ներկայացնել նռան գինին, որովհետեւ այդպիսի դասակարգում չկար Յունաստանի մէջ, ուր գինին միայն խաղողի արտադրանք է:
Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ թէ հարիւրաւոր վաւերաթուղթեր պէտք եղան, Յունաստանի քիմիական պետական հաստատութեան մօտ հաստատելու համար օրինական նոր արտադրանք մը: Անկէ ետք, յաջողեցանք առանձին դասակարգում ունենալ նռան եւ սերկեւիլի գինիներուն համար: Շիշերուն վրայ զետեղուած պիտակին վրայ կարելի է կարդալ «αλκοολούχο ποτό από ζύμωση ροδιού», որ իսկական պետական ճանաչումն է:
Օրինականը կը շեշտեմ, որովհետեւ մինչեւ այդ պահը, իւրաքանչիւր անհատ կրնար ոչ սեփական գործածութեան համար ապրանք բերել Յունաստան եւ վաճառական նպատակներով օգտագործել: Այսպէս Յունաստան հասան բազմաթիւ ցած որակի ապրանքներ, որ տեղական շուկային մէջ կարելի էր օգտագործել, բայց բոլորովին ան- յարմար էին արտադրումներու համար: Ուրեմն մենք տեսանք որ թիւր տպաւորութիւն սկսած էր ստեղծուիլ, երբ մարդիկ հայկական քոնեակ կը փորձէին, որ սակայն ոչ մէկ կապ ունէր «Արարատ»ի հայկական որակաւոր եւ հռչակաւոր խմիչքով:
Quality Wines ընկերութիւնը հիմնեցինք ճիշդ այս նպատակով, որպէսզի կարողանանք օրինաւոր կերպով Յունաստան բերել հայկական բարձր որակի ապրանքատեսակը: Եւ կրնամ վստահեցնել թէ բնաւ դիւրին գործընթաց չէ որակը պահպանելու աշխատանքը, այդ իմաստով, որ օրինաւոր ապրանքը Հայաստանի գործարաններէն եւ պետական մարմիններէն կը քննուի, ապա Յունաստան հասնելով դարձեալ անալիզներու կ'ենթարկուի. եթէ փաստուի որ պահպանուած է որակը, այն ժամանակ միայն արտօնութիւն կը տրուի, որպէսզի շուկայ մտնէ:
Լրջութիւն, գումար եւ հետեւողականութիւն պահանջող գործընթաց մըն է: Բայց կարծեմ որ յաջողեցանք այս ձեւով Յունաստանի մէջ վերականգնել հմայքը հայկական ապրանքանիշին: Եւ ոչ միայն հանրութեան շատ ծանօթ անուններուն գծով:
Ինչպէ՞ս կարելի է պահպանել որակը:
Կրցանք Հայաստանի մէջ լաւ գինետուներու հետ գործակցիլ: Յունական շուկայի մէջ պահանջարկը նկատի առնելով, կարողացանք յստակ ապսպրանքներ կատարել: Իրաւունք ձեռք ձգեցինք Յունաստանի մէջ Հայաստանի ամէնէն բարձր որակի՝ «Արարատ» քոնեակի ներկայացուցիչները դառնալու մասին: «Արարատ»ի գործարանը կը պատկանի Ֆրանսական «Փերնօ Ռիքարին», որ համաշխարհային առումով ճանչցուած եւ յարգուած ընկերութիւն է: «Փերնօ Ռիքար» իր համամտութիւնը տուաւ, որպէսզի Յունաստանի համար «Արարատ Քուալիթի ուաինս»ը ստանձնէ ներկայացուցչութիւնը: Ես ուրախութեամբ կը նշեմ այս պարագան, գիտակցելով նաեւ որ «Փերնօ Ռիքար»ը առաջին օտար ընկերութիւնն էր, որ Հայաստանի մէջ հաստատուեցաւ տէր դառնալով Երեւանի քոնեակի գործարանին եւ ուրոյն աւանդ ներկայացնող ու յարգանք վայելող ընկերութիւն է: Ֆրանսացիները այս քայլին դիմեցին լաւապէս գիտակցելով, որ հայկական քոնեակը այնքան բարձր է որակով, որ ֆրանսական քոնեակներուն կրնայ բաղդատուիլ: Շատ լաւ եւ արդար համաձայնութիւն մը գոյացաւ Հայաստանի պետութեան հետ, որ յստակ պայմաններ դրաւ՝ նախ, միայն հայկական խաղողներ օգտագործել հայկական քոնեակի պատրաստութեան մէջ, երկրորդ՝ պահպանել հայկական անուանումը: Աւելցնեմ նաեւ թէ աշխատողները բոլորը հայ են:
Ուրիշ ո՞ր գինիները ծանօթ են:
Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ գինիներ, որոնց ներկայացուցիչները դարձեալ մենք ենք Յունաստանի համար: Խաղողները կը հաւաքուին տարբեր շրջաններէ, տարբեր գինիները յառաջ կուգան տարբեր շրջաններու մէջ աճող որդատունկերէ: Աշխարհի մէջ կայ 4.000 խաղողի տեսակ. Հայաստանի մէջ կ'աճի 5-7 տարբեր տեսակ: Այդ խաղողի տեսակներէն, ամէնէն նշանաւորը Արենի խաղողն է, որ կ'աճի ընդհանրապէս Արենի գիւղի շրջակայքին: Ծանօթ է անշուշտ բոլորին Արենի 1 կոչուած քարայրին մէջ գտնուած հնամեայ հունտերու պարագան, որ ցոյց տուաւ թէ Հայաստանի մէջ գինեգործութիւնը հինէն կուգայ: Քարայրին մէջ գտնուած հունտերը ներկայի Արենի խաղողի նման հունտերէն են:
Անկէ զատ կայ նաեւ Ներկելի խաղողի տեսակ եւ կայ նաեւ սպիտակ խաղող՝ Ոսկեհատը, որ շատ բարձր որակի սպիտակ գինի կ'արտադրէ:
Ասոնք են ամէնէն ծանօթ գինիները: Խաղողներ ալ կան, որ կ'օգտագործուին նաեւ քոնեակի արտադրութեան համար:
Հայաստանի մէջ կան մօտաւորապէս 40 տարբեր գինետուներ, որ քոնեակ ալ կÿարտադրեն: Չենք կրնար ըսել, որ ամէն տեղ բարձրագոյն որակը կը պահպանուի:
Արարատի քոնեակի գործարանը կը գործածէ միայն 6 տեսակի խաղողէ արտադրուած գինին, որ քոնեակ կը դառնայ, երբ հիւթը երկու անգամ կը զտուի: Այս ձեւով պաշտպանուած կÿըլլայ բարձր որակի արդիւնքը: Այս գործընթացը կը նշանակէ թէ 1 թոն խաղողէ պիտի գոյանայ 200 քիլօ հիւթ: Եթէ երկու անգամ կ'ընես նոյն գործընթացը՝ ապա 80 տոկոսը հազիւ կը մնայ նախնական քանակութեան...:
«Արարատ»ի քոնեակի գործարանը իւրայատկութիւն մը եւս ունի: Այդ է քոնեակին հնացման համար օգտագործուած տակառներու տեսակը, որ կը կառուցուին միայն հայկական կաղնիի ծառերէ, այդ նոյն հողէն առնուած ծառն ու խաղողը միայն կրնայ տուեալ որակաւոր արդիւնքը ունենալ: Շատ նուրբ գործընթաց մըն է այս:
Պետութեան օրէնքներու դաշտը ինչպէ՞ս կ'ապահովէ մակարդակը:
Դժբախտաբար Հայաստանի ներքին շուկային մէջ այսքան խիստ ձեւով չի պահպանուիր որակը: Քոնեակը շատ դիւրին ձեւով կրնայ կեղծուիլ:
Օրինական ձեւով արտադրանքի տրամադրուած ապրանքի որակը սակայն, շատ խիստ ձեւով պահպանուած է: Դէպի Եւրոպական Միութիւն գացող ապրանքին համար օրէնքը իրապէս խիստ է:
Եւրոպայի մնացեալ երկիրներուն մէջ կա՞յ հայկական գինի եւ քոնեակ:
Այո, Գերմանիոյ մէջ կայ նոյն ապրանքը, Իտալիա, Չեխիա, Ֆրանսա, նոյնպէս Անգլիա, ուր նոր կը սկսի տարածումը: Մենք նպատակ ունինք շուտով մեր միջոցներով Կիպրոս ալ ուղարկել «Արարատ»ի քոնեակը, ինչպէս Սերպիա կ'ուղարկենք քոնեակ եւ գինի:
Յունական շուկան պատրա՞ստ էր հայկական քոնեակը ընդունելու:
Յունական շուկայէն ներս 2-3 տարի առաջ շատ աւելի դիւրին էր օտար ապրանք ներդնել: Տնտեսական տագնապի բերումով սակայն մարդիկ ստիպուած եղան պահպանելու տեղական արտադրանքները, այսպէս կրնամ ըսել, որ պայմանները դժուարացած են: Բայց կրցանք երկու բան ընել. ուժ տուինք նախ բարձր որակով պատրաստուած նռան գինիին: Նոյնը ըրինք անշուշտ կարմիր եւ սպիտակ գինիներուն համար: Նախընտրեցինք զարկ տալ նռան եւ սերկեւիլի գինիներուն, որ բոլորովին նոր տեսակներ են յունական շուկայէն ներս:
Քոնեակի պարագային տարբեր էր. սկսած ենք յոյներուն սորվեցնել թէ ի՛նչ է քոնեակը: Շատերը կը կարծեն թէ Մեթաքսան քոնեակ է, բայց մենք կը բացատրենք որ այդպէս չէ: Մեթաքսան օրինակի համար իրաւունք չունի քոնեակ կամ պրանտի անունը օգտագործելու: Քոնեակ չէ, որովհետեւ որակով աւելի ցած է: Մերը քոնեակ, կամ պրանտի անունով նոյն խմիչքն է: Ֆրանսացիները վերջին տարիներուն ընթացքին քոնեակ բառի օգտագործումը սահմանափակեցին միայն իրենց արտադրանքին համար: Հաստատ կրնամ ըսել, որ թեւակոխած ենք հայկական պրանտին յոյներուն սորվեցնելու հանգրուանը, որ կամաց-կամաց սկսած են իմանալ մեր հռչակաւոր խմիչքի արժէքն ու համը: