«Կեանք»ը Կ՛ապրի՞նք, Թէ՝ Մահաքունի Մէջ Ենք
Թատերագի՞ր, արձակագի՞ր, նկարի՞չ: Հաւանաբար այս բառերու յաջորդականութիւնը պայմանական է: Ճշգրիտ բնութագրումը պայմանաւորուած է ստեղծագործական նախաձեռնութեանդ տեսակէն՝ ցուցահանդէսի պարագային նկարիչը առաջ կու գայ, թատերական ներկայացումի պարագային՝ թատերագիրը, կամ բեմադրիչը, կամ դերասանը: Դուն ո՞ր ստեղծագործական տարերքը կը նկատես աւելի հոգեհարազատ:
Ինծի համար շատ դժուար է այդ հարցումին պատասխանել, որովհետեւ բոլոր արուեստի մարզերն ալ իրար կապուած են, ձեւով մը իրարու մէջ հիւսուած են եւ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Օրինակի համար, բեմադրելու ատեն միայն բեմադրիչ չեմ, այլ՝ գրող, նկարիչ եւ դերասան: Կարեւորը որեւէ ստեղծագործութիւն կատարելու ժամանակ դուն քեզի հետ հարիւր առ հարիւր անկեղծ ըլլալ եւ անշուշտ հոգիիդ բոլոր ծալքերը առանց վախի բանալն է:
«Կեանք»ի ներկայացման ճանապարհին, իւրայատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպեցիր՝ «Կենաց»ը, որ Վահէին արուեստի աշխարհին հաղորդուելու պատրաստ հարիւրաւոր երիտասարդ ու տարեց արուեստասէրներ հաւաքած էր եւ որոնց աչքին առջեւ Վահէ նկարիչը կենդանի ստեղծագործական պահ մը ընծայեց: Իբրեւ հանդիսատեսներ՝ հրաշալի վայելքը ապրեցանք վկայելու արուեստի գործի մը ծնունդը: Քու անկիւնէդ, ինչպէս կը գնահատես այդ ձեռնարկը:
Ինծի համար իսկապէս հոգեպարար էր «Կենաց»ը, նախ որովհետեւ տարբեր տարիքի եւ ենթահողերէ այդքան մարդ եկած էր, ինչ որ մեզի շունչ տուաւ, որ նոր թափով շարունակենք «Կեանք»ը բեմ հանելու աշխատանքները: Ատկէ զատ, ներկաներուն, մանաւանդ երիտասարդներուն հակազդեցութիւնը այնքա՛ն խրախուսիչ էր, որ ինծի համար, անձնապէս, ներշնչման նոր աղբիւր էր:
Այս տեսակի երեւոյթներ կարեւոր են արուեստագէտի մը համար, հաստատելու, որ ըրածը գնահատուած է, կամ խօսքը տեղ մը կը հասնի:
«Կեանք»ի ծննդոցին մասին: Ի՞նչ կեանք: Մեր կեանքը, քու կեանքդ, մեր բոլորին կեանքը: Ի՞նչ կեանքի մասին է «Կեանք»ը: Կեանքի մասին ի՞նչ նոր խօսք ըսելիք ունի Վահէ Պէրպէրեանը, որ պիտի արտայայտուի «Կեանք»ով:
Պէտք է խոստովանիմ, որ թատերախաղին վերնագիր գտնելը բաւական չարչարեց զիս, բայց երբ «Կեանք»ը մտաբերեցի, կասկած չունէի, որ գտած եմ պատշաճ վերնագիրը: Այստեղ «կեանք»ը քանի մը տարբեր ենթաթեքստեր ունի: Առաջին հերթին, թատերախաղին մէջ կայ քոմայի մը (մահաքուն) պատմութիւնը, որուն պատճառով հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ է տարբերութիւնը անոր, որ ֆիզիքապէս քոմայի մէջ է, եւ ուրիշի մը, որ կը կարծէ թէ կ՛ապրի, բայց հիմնականին մէջ իր առօրեային մէջ այնքա՛ն կորսուած է, որ չանդրադառնար թէ իր կեանքը քոմայի վերածուած է: Ասոր կողքին կայ այն իրողութիւնը, որ ինծի համար թատերախաղը ընտանիքի մը կեանքէն փրցուած էջերէ կազմուած է: Կայ նաեւ այլ երես մը՝ «կեանք»ը իբրեւ աշխարհի ամէնէն յարգի բանը, այն իմաստով, որ կեանքի մէջ յաճախ մեզի համար մեր սիրելիները (կին, ամուսին, սիրահար, երեխայ) կը դառնան մեր «կեանք»երը:
Այս թատերախաղի դերասանական խումբը կը ներկայացնե՞ս: Ոչ մասնագէտ դերասաններու հետ աշխատելու փորձառութեանդ լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կը գնահատես այս խումբի կատարողական հնարաւորութիւնները:
Ինքզինքս շատ բախտաւոր կը զգամ, որովհետեւ դերասաններու հոյակապ խումբ մը ունիմ «Կեանք»ը բեմ հանելու համար:
Անի Նահապետեանը, որ օտար շրջանակներու մէջ ճանչցուած է Anne Bedian անունով, սինեմայի եւ հեռատեսիլի արհեստավարժ դերասան է: Սագօ Պէրպէրեանի հետ տարիներով աշխատած ենք եւ իսկապէս հոյակապ դերասան է: Մարօ Աճէմեանը երկար տարիներ աշխատած է ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբին հետ: Ռուբէն Գարակէօզեանը բեմ ելած էր՝ «Պարոն Կարպիս»ին մէջ, իսկ Բալենի Թոփճեանը եւ Հուրի Մահսերեճեանը մօտ երկու տարի մեր թատերական արհեստանոցի անդամներ եղած են: Նաեւ «Սօնա»ի փոխանակող Փաօլա Գասսապեանը բեմին վարժ է իր «Հոյ Լարի» մանկական ծրագիրով: Այնպէս որ, բոլորն ալ այս կամ այն ձեւով փորձառութիւն ունին եւ պէտք է ըսել, որ քանի մը ամսուայ ընթացքին մէկ ընտանիքի վերածուած ենք: Ես միշտ պնդած եմ, որ բեմ բարձրացողը չեմ ուզեր որ դերը «խաղայ», այլ կերպարին հետ նոյնանայ, եւ կարծեմ արդէն հոն հասած ենք:
«Կեանք»ի կենսունակութեան աղբիւրը ո՞ւր պահուած է՝ պատմութեա՞ն, նկարագիրներու միջեւ բախումի՞ն, անակնկալ զարգացումներո՞ւն, դարձուածքներո՞ւն մէջ: Թէ՝…
Կը յուսամ, որ բոլոր յիշածներուդ մէջ, որովհետեւ թատերախաղի մը յաջողութիւնը ճիշդ հոն է: Հեկելը ըսած է, որ ողբերգութիւնը ճիշդին եւ սխալին միջեւ եղած բախումը չէ, այլ՝ ճիշդին ու ճիշդին: Ինծի համար «Կեանք»ին կերպարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բախումը ողբերգութեան վերածողը այն իրողութիւնն է, որ բոլոր կողմերն ալ իրաւունք ունին եւ բոլորին ցաւն ալ, կը յուսամ, որ հասկնալի է: Ասոր կողքին, այս թատերախաղը քանի մը հետաքրքրական դարձուածքներ ունի, ինչ որ ներկայացումը պիտի թարմ պահէ:
Թատերասրահը այս անգամ, ի տարբերութիւն նախորդին՝ «Պարոն Կարպիսի»ին, մեծ է: Ատիկա ինչ որ նկատառումո՞վ ըրիր, թէ մեր պայմաններու (թատերասրահ չունենալու) պարտաւորութիւններէն մեկնած կարգադրութիւն է:
«Պարոն Կարպիս»ի պարագային, ունէինք երկու խումբ, որ իրար կը փոխանակէին: Մէկ խումբը Հինգշաբթի եւ Շաթաբ օրերը կը խաղար, իսկ միւսը՝ Ուրբաթ եւ Կիրակի, այնպէս որ դերասաններուն բեռը այդքան ծանր չէր, եւ ատոր համար ալ ամիսներ շարունակ խաղացինք: Բայց այս պարագային՝ անկարելի պիտի ըլլար ատանկ բան մը ընելը, որովհետեւ վեց կերպարներ են եւ նոյն դերերուն համար կրկնակի դերասաններ գտնելը անհնարին էր: Այս անգամ միակ դժուարութինը այն է, որ մի- այն 11 ներկայացումներ պիտի ունենանք եւ կը յուսանք, որ հանդիսատեսները սկիզբէն իրենց տեղերը ապահովեն, որպէսզի յետոյ տեղ գտնելու դժուարութիւն չունենան: Գալով թատերասրահ չունենալնուս… Ինչ ըսեմ, ցաւերս մի բանար:
Ձեռնարկի կազմակերպական գործը դուն անձամբ չես ըներ այլեւս, կամ արդէն երկար ժամանակ է որ ունիս կազմակերպող խումբ մը: Կը ներկայացնե՞ս այդ խումբի անդամները, անոնց պարտականութիւնները:
Այդ կողմէ ալ շատ բախտաւոր եմ, որովհետեւ իսկապէս կայ հոյակապ խումբ մը, որ ահագին գործ կը տեսնէ: «Կեանք»ի արտադրիչները՝ կինս՝ Պեթթին, որուն հետ առաջին օրէն իսկ աշխատած եմ, եւ տարիներու գործակիցս Քրիստինա Շիրինեանն են, իսկ մարքեթինկի եւ յայտագիրի պատասխանատուն է Մելիսա Մազմանը, որ տարիներէ ի վեր հետերնիս կ՛աշխատի: Այս կորիզէն զատ կայ հին ընկերներու եւ երիտասարդներու խումբ, որ մնայուն ներկայութիւն է:
Թատրոնի ամէնէն գրաւիչ բանը հաւաքական գործն է եւ այն մտերմութիւնն ու մօտիկութիւնը որ համագործակցութենէն կու գայ, ուրիշ տեղ դժուար է գտնել:
Արուեստդ բաւական մեծ թիւով երիտասարդներ՝ ամերիկածին, թէ այլ աշխարհագրական ծննդավայր ունեցողներ, կը հրապուրէ, կը հաւաքէ: Ունիս մնայուն կերպով աճող հիացողներու, աշխատանքիդ ու ստեղծագործութիւններուդ հանդէպ հետաքրքրութիւն ու սէր ունեցողներու բանակ մը: Որքա՛ն ալ մեծնայ անոնց թիւը, կարծես յատուկ ճիգ կը թափես ամէնուն հետ շփումդ պահելու, հաղորդակցելու: Ինչպէ՞ս կը գտնես ժամանակը: Ի՞նչ կու տայ քեզի այս կենդանի շփումը: Լիցքաւորուելու համար անհրաժե՞շտ է:
Այո, լիցքաւորումի համար կենսական է, որովհետեւ ստեղծագործութիւնը սիմպիոթիք (փոխսնուցանող) ընթացք մըն է արուեստագետին եւ զինք գնահատողներուն միջեւ: Երկուքը ի- րարմով կ՛աճին եւ կը զարգանան: Արուեստագէտը ինքն իրեն համար չի ստեղծագործեր, այլ՝ իր գործը գնահատողներուն համար: «Կեանք»ին մէջ կայ տող մը, ուր կերպարը կ՛ըսէ, որ գիրք գրելը նամակ գրելու կը նմանի: Մէկ կը գրես, երկու կը գրես, եւ եթէ կարդացող չկայ, կը դադրիս գրելէ: Բոլոր արուեստներու պարագային ալ նոյնն է: Ես օրուան կարեւոր մէկ մասը ելգիրերու պատասխանելով կ՛անցընեմ: Աշխարհի ամէն կողմէ նամակ կու գայ եւ կը փորձեմ բոլորին ալ պատասխանել: Մարդկային կենդանի շփումը ինքնին ամէնէն կարեւոր արուեստն է:
«ԱՍՊԱՐԷԶ» կը յայտնէ, թէ Վահէ Պէրպէրեանի հեղինակած վերջին՝ «Կեանք» թատերախաղի 11 ներկայացումներ տեղի պիտի ունենան, Քալիֆորնիոյ մէջ
Հարցազրոյցը վարեց
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ