«Ղարաբաղի վէրքերը» խորագրով ֆիլմաշարի ցուցադրութեան առիթով, Աթէնք այցելեց պուլկարացի լրագրող Ցվետանա Փասքալեւա: «Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցաւ իր հետ:

Կրնա՞ք նկարագրել թէ ինչ էր այդ՝ որ ձեզ Ղարաբաղ ուղղեց պատերազմի առաջին  օրերուն:

1991ին էր, երբ ես արդէն ստացած էի բարձրագոյն կրթութիւնս եւ շարժանըկարի բնագաւառէն ներս փորձառու- թիւններ ձեռք կը ձգէի: Առաջին անգամ ըլլալով Ղարաբաղի հարցի մասին տեղեկացայ Մոսկուայի մէջ, հակառակ որ լռութիւն կը տիրէր այս հարցով: Ոչ լուրերէն, ոչ ալ մամուլէն որեւէ տեղեկութիւն կը փոխանցուէր, Ղարաբաղի մէջ ազերիական բռնութիւններուն, տեղահանութիւններուն մասին:
Անմիջապէս փափաքեցայ տեղւոյն վրայ գտնուիլ եւ ռեփորթաժ մը կատարել:
Նախ հասայ Շահումեան, իսկ առաջին երիզագրումներովս ցոյց տուի, թէ ինչպէս խորհրդային բանակը ատրպէյճանական ՕՄՕՆականներուն հետ կը տեղահանէր հայկական բնակչութիւնը իր հողերէն: Բարձրախօսներով շարունակ կը լսուէին ազերիական բանակի նախազգուշացումները, թէ պէտք է քաղաքը պարպել, թէ պէտք է մեկնիլ անկէ: Յարձակող ջոկատները արդէն պատրաստ էին. հետզհետէ կը շրջապատէին քաղաքը:
Ես անդրադարձայ որ պէտք էր այդ երիզները հասցնեմ լրատուական գործակալութիւններուն: Ժողովուրդը սկսաւ մեկնիլ շրջանէն: Մնացին ինքնապաշտպանութեան դիմած խումբերը Ճիւանի գլխաւորութեամբ: Ճիւան ինքնագիտակից ու յանդուգն անձ էր. չէր ծխեր, չէր խմեր, բոլորին կը խրախուսէր, իսկ ինձ կը փորձէր համոզել որ հեռանամ: «Տա՛ր ֆիլմերդ ցուցադրէ -  կ'ըսէր ինծի-, որպէսզի ապացուցանենք ղարաբաղցիներու պայքարի ճշմարտացիութիւնը: Հոս պէտք չէ որ մնաս, որովհետեւ վաղը յարձակում պիտի ըլլայ»:
Ըսեմ, որ ելեկտրականութեան հոսանքը ընդհատուած էր. երիզագրման սարքս սկսած էր արդէն պարպուիլ. պէտք էր ամպայման վերահաստատէի «պաթըրի»ն:
-Լաւ ըսի, եւ որոշեցի մօտակայ գիւղը անցնիլ, ուր հիւանդանոցը «ճեներէյթոր»ով կը գործէր: Լեռներուն վրայէն քալելով, զինուած մարտիկի մը ընկերակցութեամբ, կարողացանք անցնիլ եւ ետ վերադառնալ յաջորդ առաւօտ, երբ արդէն սկսաւ «Օղակ» կոչուած յարձակումը:
Ճիւան խոհեմ էր: Գիտէր որ յարձակողները գիւղերու ամէնահարուստ տուները չէին փճացներ, որպէսզի կարողանան հոն ապաստանիլ: Գիւղին կեդրոնը այսպիսի երկու տուներ կային, հոն առաջնորդուեցանք եւ պատսպարուեցանք: Օղակը կը սեղմուէր մեր շուրջ եւ արդէն կը տեսնէի թէ փամփուշտները կը սպառէին: Որոշեցինք դուրս գալ անկէ, մէկիկ-մէկիկ դէպի լեռ փախուստ տալով: Մինչեւ հիմա չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կարողացանք ազատիլ փամփուշտներու եւ ռումբերու տարափէն, առանց ոեւէ մէկ զոհ տալու: Հասանք Վերին Շէն։ Անկէ ետք Գետաշէն, Կիւլիստան, Քելբաջար եւ Աղտամ, բոլոր տեղերը գտնուեցանք, անվերջ մարտերու... Ես կը խորհէի թէ անոնք անմահ հերոսներ են։ Անկարելի էր անոնց կորուստը երեւակայել։ Ինձ խորհուրդ կուտային   տղաքը՝ «ցոյց մի տար քամերադ, այդ է որ թիրախ կը դառնայ իրենց համար»...
Երեւան գացի, Մոսկուա ղրկեցի երիզները։ Յանդուգն ռուս լրագրողներ ստանձնեցին ցուցադրումը եւ առաջին անգամ ըլլալով ցոյց տրուեցաւ ռուս վարձկան բանակայիններու ոճիրը՝ սովետացի քաղաքացիներու հանդէպ...

Անկէ ե՞տք որոշեցիք Արցախ մնալ:

Օրերը, ամիսները, կ'անցնէին եւ ես հոն էի: Փաստօրէն որոշում չտուի. միշտ ալ կը խորհէի թէ նոր հանգրուան մը  թեւակոխած է պատերազմը եւ ես պարտաւոր էի այդ մէկն ալ նկարահանելու:
Ղարաբաղի ազատագրութեան տարիներուն ժողովուրդին մօտ գտնուելով տեսա՛ իրենց ցաւը, յոյսն ու յուսահատութիւնը, բնակավայրերու մէջ, հիւանդանոցներու եւ խրամատներու մէջ անոնց աւերուած կեանքը: Ցաւը ահաւոր էր, երեխաներ կը վիրաւորուէին եւ ես մէկ կողմէ կը նկարահանէի, միւս կողմէ կը փորձէի քաջալերական խօսքեր ըսել...  Անընդհատ ռմբակոծումները ահաւոր վիճակ ստեղծած էին, բայց ճնշիչ այդ պայմաններուն տակ յոյսը երբեք չկորսուեցաւ:
Երեւան էի, երբ հեռաձայնս հնչեց եւ իմացայ Ճիւանի եւ Վարդանի սպանութեան լուրը։ Չուզեցի հաւատալ, ինծի համար անմահ հերոսներ էին անոնք, ինչպէ՞ս կարելի էր սպաննել... Անոնք զոհուած էին Վերին Շէնի պաշտպանութեան ժամանակ։
Որոշեցի Շահումեան վերադառնալ։
Այն ժամանակ էր, երբ փորձեցի փնտռել հայկական հեռուստատեսութեան լրագրող Վահագն Յովհաննիսեանը, որ անյայտ կորսուած էր երկար ժամանակէ ի վեր։ Երկար տեւեց գործընթացը մինչեւ որ յայտնի դարձաւ թէ ան Գանձակի մէջ արգելափակուած էր։ Չ'երկարեմ. ընտանիքին լուրը հաղորդեցի. անհաւատալի էր իրենց համար թէ իրենց հարազատը ողջ էր... Ուրախութեան պահեր ապրեցանք բոլորս միասին:
Շուշիի ազատագրման ներկայ չկարողացայ ըլլալ։ Այն ժամանակ ժապաւէններս ներկայացուած էին Ժընեւի Շարժապատկերի Փառատօնին եւ արժանացած յատուկ մրցանակի։ Հոն կը գտնուէի, ապա կարճ ժամանակով Պուլկարիա անցած էի, ուր պետական հեռուստակայանին մէջ կ'աշխատէի։  Հոն իմացայ ուրախ լուրը։
Ղարաբաղցիներուն համար վճռական էր այդ պահը, երբ համոզուեցան թէ ամէն ինչ կարելի էր յաջողցնել, մանաւանդ Շուշիի գրաւումէն ետք, որ անյաղթահարելի բարձունք մըն էր բոլորի աչքերուն առջեւ։

Ժամանակի հեռաւորութենէն դիտելով ձեր աշխատանքը, ինչպէ՞ս կը նկարագրէք ձեր ունեցած փորձառութիւնը։

Քաղաքական բոլոր այն շրջանակները, որոնք Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով կը զբաղին, պէտք է անպայնօրէն գիտակից ըլլան հարցի ճշմարտացիութեան։ Վստահ եմ, որ շատեր ծանօթ չեն մանրամասնութիւններուն։ Այս ֆիլմերը իրական փաստերն են 1991էն սկսած պատերազմին, մինչեւ հրադադարի հաստատումը։ Ո՞վ էր պատասխանատուն. ինչպէ՞ս սկսաւ հակամարտութիւնը. ինչպէ՞ս սկսաւ գիւղերու ինքնապաշտպանութիւնը. ֆետայական  ջոկատներու կազմաւորումը, ապա բանակի կազմութիւնը։
Եւ ես մէկ խօսք ունիմ ըսելիք, բոլոր այն քաղաքական անձնաւորութիւններուն։ Թէ երբեք պէտք չէ մոռնան որ մարդկային կեանքը ամէնէն բարձր եւ սուրբ արժէքն է։ Կարեւոր չէ եթէ փոքր երկիր է, կամ բնակչութիւնը նուազ թիւ կը հաշուէ։ Մարդկային էակներ են, որոնց ի-րաւունքները պէտք է յարգել։


Դուք պուլկարացի 20ամեայ երիտասարդ կին մը ըլլալով ի՞նչ խոչընդոտներ դիմագրաւեցիք ձեր շրջապատին կողմէ:

Ինձ դաստիարակած է հայրս, որ միշտ պնդած է որ ուժեղ ըլլամ եւ յաղթահարեմ բոլոր դժուարութիւնները: Բայց նոյնիսկ այդպէս՝ չէի պատկերացներ թէ իմ մէջ պիտի կարողանամ գտնել այդ ուժը, որ ինձ պիտի մղէր մինչեւ վերջ տանելու գործս: Հեռացայ հայրենիքէս, բայց երբեք չեմ զղջացած որ նոր տուն, նոր հայրենիք ընտրեցի Հայաստան գալով: Ես չեմ զգար որ իմ գործս իր աւարտին հասած է: Իմ մէջ բաց վէրք կը մնան Ղարաբաղի վէրքերը, մինչեւ որ տեսնեմ Ղարաբաղի ամբողջական ճանաչումը: Արդէն սկսած է այդ գործընթացը։ Արցախ կը զարգանայ։ Ոչինչ կը յիշեցնէ դեռ մօտ անցեալի՝ ահաւոր ռմբակոծումներու շրջանը։ Ամէն ինչ վերականգնած է սքանչելի ձեւով եւ պետական գործելաձեւը երկիրը յառաջ կը տանի բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Օրինակելի է Արցախի պետութիւնը, ամէն տեսակէտէ։ Մարդիկ իրենց կեանքը կը վերականգնեն, իրենց երեխաներուն համար խաղաղ եւ արդար միջավայր կը կառուցեն։ Այդ վաւերագրականն ալ կատարելով, աւարտած պիտի համարեմ իմ աշխատանքս։