altԱ­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի դէմ։ Ա՛լ կը բա­ւէ։ ­Հա­յա­խօ­սու­թեան մտա­հո­գիչ նա­հան­ջը մատ­նան­շե­լով՝ հա­յե­րէն լե­զո­ւի մաս­նա­գէ­տը կոչ կ­՚ուղ­ղէ հա­յե­րէն լե­զո­ւի բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն վերջ դնե­լու եր­կու կող­մե­րը բաժ­նող վէ­ճե­րուն եւ մնա­յուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ձեռ­նար­կե­լու ­Հա­յաս­տա­նի հետ։

Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մէջ վեր­ջին կէս դա­րու քա­ղա­քա­կան եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ի­րենց ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցան հա­յա­խօ­սու­թեան վրայ աշ­խար­հի տա­րած­քին, մա­նա­ւանդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը խախ­տե­ցին ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մի­ջեւ։ Այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րը ի՞նչ կա­ցու­թիւն կը պար­զեն։
­Վեր­ջին 50 տա­րի­նե­րուն հա­յե­րու ժո­ղովր­դագ­րա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը կ­՚եր­թայ Ա­րե­ւել­քէն դէ­պի Եւ­րո­պա եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ։ ­Մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ լքե­ցին ի­րենց երկ­րորդ հայ­րե­նիք­նե­րը, ինչ­պէս՝ ­Սեւ ­Ծո­վը ե­զե­րող եր­կիր­նե­րը, ­Յու­նաս­տա­նը, ­Կիպ­րո­սը եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը, նե­րա­ռեալ Ի­րա­նը։ ­Մեծ թի­ւով հա­յեր այս եր­կիր­նե­րէն գաղ­թե­ցին Ա­րեւ­մուտք՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը ա­պա­հո­վող հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու փա­կու­մին։ Այս կա­ցու­թեան վրայ ա­ւել­ցաւ հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թը ­Հա­յաս­տա­նէն, ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք եւ ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րուն։
1970ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն մին­չեւ 1990 եւ 1990էն մին­չեւ այ­սօր մեծ թի­ւով հա­յեր, ո­րոնք կը խօ­սէին ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն՝ ար­տա­գաղ­թե­ցին, միշտ նոյն ուղ­ղու­թեամբ՝ Եւ­րո­պա եւ ­Նոր Աշ­խարհ։ 1970ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ար­տա­գաղ­թի զու­գա­հեռ շար­ժում մը ծայր ա­ռաւ գլխա­ւո­րա­բար դէ­պի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ ­Քա­նա­տա, 1975ին ծայր ա­ռած ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի եւ 1979ին տե­ղի ու­նե­ցած Ի­րա­նի յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տե­ւան­քով։ Եւ ի վեր­ջոյ, մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն, 5 տա­րիէ ի վեր պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով հա­յեր կը գաղ­թեն ­Սու­րիա­յէն, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Յոր­դա­նա­նէն, միշտ նոյն ուղ­ղու­թեամբ, պատ­ճառ դառ­նա­լով դպրոց­նե­րու փա­կու­մին եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման դադ­րեց­ման։

­Թի­ւե­րով կրնա՞ք բա­ցատ­րել։
1960էն ա­ռաջ ­Սու­րիոյ մէջ մենք ու­նէին 55 կրթա­կան կեդ­րոն­ներ (ման­կա­պար­տէզ­ներ, նա­խակր­թա­կան եւ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­ներ ե­ւայլն), եւ այս բո­լո­րը ող­բա­լիօ­րէն կրճա­տո­ւե­ցան։ Այ­սօր միայն եր­կու դպրոց­ներ կը գոր­ծեն ­Հա­լէ­պի մէջ, փոքր թի­ւով ա­շա­կերտ­նե­րով։ ­Մենք նոյն­պէս կորսն­ցու­ցինք ման­կա­վար­ժա­կան ու­սում­նա­կան կեդ­րոն­ներ, զորս հիմ­նած էինք։ Ես հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէկն էի ­Հա­լէ­պի ­Հա­յա­գի­տա­կան Ուս­մանց ­Հիմ­նար­կին, Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։ Ոչ մէկ այլ կեդ­րոն կրցաւ փո­խա­րի­նել հա­յա­գի­տա­կան այս դա­սըն­թացք­նե­րը ­Հա­լէ­պի եւ ­Պէյ­րու­թի մէջ։ ­Մենք մեծ խնդիր­նե­րու առ­ջեւ պի­տի կանգ­նինք մօ­տիկ ա­պա­գա­յին, ո­րով­հե­տեւ այ­լեւս պի­տի չու­նե­նանք ու­սու­ցիչ­ներ, ո­րոնք կա­րո­ղա­նան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուն փո­խան­ցել մեր նոր սե­րունդ­նե­րուն։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ մենք ար­դէն կորսն­ցու­ցած ենք շուրջ 40 մաս­նա­գէտ­ներ։
­Միւս կող­մէ՝ մենք ու­նինք նկա­տա­ռե­լի թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց ծնող­նե­րը ­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թած ըլ­լա­լով եւ մօտ 40 տա­րի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րե­լով՝ կը խօ­սին ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն, հա­կա­ռակ որ ի­րենց սկզբնա­կան լե­զուն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէնն էր։
­Մենք պար­տա­ւոր ենք այս խնդիր­նե­րուն լու­ծում գտնե­լու։ ­Չենք կրնար պար­տադ­րել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը մէ­կու մը, որ կը խօ­սի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն, նոյն­պէս հա­կա­ռա­կը։ ­Պէտք է մտա­ծել նոր մօ­տե­ցում­նե­րու մա­սին եւ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել հա­յե­րէն լե­զո­ւի դա­սա­ւան­դու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ին­ծի հա­մար հա­յե­րէ­նը մէկ լե­զու է եր­կու ճիւ­ղե­րով։ ­Մէ­կը՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կը խօ­սո­ւէր նախ­կին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ, որ­պէս ազ­գա­յին լե­զու, եւ որ տա­կա­ւին կը գոր­ծա­ծո­ւի աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն տարտղ­նո­ւած սփիւռ­քա­հա­յե­րու կող­մէ, եւ միւ­սը՝ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը պե­տա­կան լե­զու է շուրջ 100 տա­րիէ ի վեր։

Ի՞նչ է տար­բե­րու­թիւ­նը եր­կու ճիւ­ղե­րուն։
­Տար­բե­րու­թիւն­նե­րու մեծ մա­սը կը ներ­կա­յաց­նեն ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը, հնչիւ­նա­բա­նու­թիւ­նը, խո­նար­հում­նե­րը, հո­լո­վում­նե­րը եւ բա­ռա­պա­շա­րը։ Դժ­բախ­տա­բար 1922ին ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նը ստա­լի­նեան հրա­մա­նագ­րով որ­դեգ­րեց «բա­րե­փո­խում­ներ», ո­րոնք տակ­նուվ­րայ ը­րին հա­յե­րէն լե­զո­ւի մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը։ ­Բայց ան, որ կը խօ­սի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն, ինք­նա­բե­րա­բար կը հասկ­նայ նաեւ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը, նոյն­պէս՝ հա­կա­ռա­կը։
Ան­շուշտ սփիւռ­քը գլխա­ւո­րա­բար կազ­մո­ւած է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն խօ­սող հա­յե­րով։ ­Հե­տե­ւա­բար պէտք է կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ պահ­պա­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը որ­պէս գրա­կան, հա­ղոր­դակ­ցա­կան եւ մտա­ծու­մի լե­զու։ ­Բայց պէտք է մտա­ծել նաեւ ա­պա­գա­յի մա­սին։ ­Պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ սփիւռ­քի այն հա­մայնք­նե­րը, ո­րոնք կազ­մո­ւած են ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րով, ո­րոնց մէջ ե­րի­տա­սար­դը պէտք է կա­րե­նայ սոր­վիլ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը։ ­Շատ ան­գամ ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րը չեն տի­րա­պե­տեր հա­յե­րէ­նին որ­պէս մայ­րե­նի լե­զո­ւի։ Ի­րենց հա­մար հա­յե­րէն սոր­վի­լը օ­տար լե­զու մը սոր­վե­լու պէս բան մըն է։ ­Նոյն­պէս՝ սփիւռ­քի մէջ ապ­րող ա­րե­ւե­լա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պէտք է կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­նան հե­տե­ւե­լու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զո­ւի դա­սըն­թացք­նե­րու, որ­պէս­զի կա­րե­նան գո­նէ կար­դալ սփիւռ­քի մէջ տպո­ւած թեր­թե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն են եւ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեամբ։

Հա­յաս­տա­նէն վկա­յո­ւած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը չե՞ն կրնար ա­րեւմ­տա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու բա­ցը գո­ցել։
Չենք կրնար ժխտա­կան կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րել այն ան­ձե­րուն հան­դէպ, ո­րոնք վկա­յո­ւած են Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի կամ ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նո­ւան ­Պե­տա­կան ­Ման­կա­վար­ժա­կան ­Հիմ­նար­կի բա­նա­սի­րա­կան ճիւ­ղէն, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ի­րենց ուս­ման ըն­թաց­քին սոր­ված են ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն։ ­Մինչ­դեռ կարգ մը պա­րա­գա­նե­րու այդ վկա­յեալ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք պատ­րաստ են աշ­խա­տե­լու սփիւռ­քի դպրոց­նե­րու մէջ, մա­նա­ւանդ Ֆ­րան­սա­յի մէջ, կը տես­նենք որ կը մեր­ժո­ւին ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն ստա­նալ այն պատ­ճա­ռով, որ ի­րենց ու­սու­մը ստա­ցած են ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով։ Ս­խալ պատ­րո­ւակ, ո­րով­հե­տեւ Ե­րե­ւա­նէն վկա­յո­ւած բո­լոր այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը տի­րա­պե­տեն նոյն­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին։ ­Պէտք չէ մոռ­նալ, որ վեր­ջին 50 տա­րի­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը (­Խորհրդա­յին եւ ա­պա ան­կախ) ա­ւե­լի քան 1000 սփիւռ­քա­հայ ու­սա­նող­նե­րու հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթա­թո­շակ տրա­մադ­րած է, ո­րոնք ի­րենց ու­սու­մը ա­ռած են ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով եւ ե­ղած են ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի շատ լաւ ու­սու­ցիչ­ներ։ ­Լա­ւա­գոյն քե­րա­կա­նա­գէտ­նե­րը, մաս­նա­գէտ­նե­րը, դա­սա­խօս­ներն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը, որ ու­նինք այ­սօր, սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ են, ո­րոնք վկա­յո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի ու­սում­նա­րան­նե­րէն եւ ո­րոնք կը դա­սա­ւան­դեն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն։ Այս վկա­յեալ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն զլա­նա­լու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը ան­հիմն է։ Ա­նոնց հան­դէպ պէտք չէ ու­նե­նալ բար­դոյթ, չհասկ­նա­լու զգա­ցում կամ ար­հա­մար­հանք։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ սփիւռ­քի այ­սօ­րո­ւան ներ­կա­յա­ցու­ցած պատ­կե­րը կը պար­տինք ա­նոնց, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­գաղ­թող հա­յե­րուն, ո­րոնք մշա­կու­թա­յին բարձր մա­կար­դակ ու­նին։ Այ­սօր Եւ­րո­պա­յի, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու, ­Քա­նա­տա­յի եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ այս ար­տա­գաղ­թող­նե­րը բե­րած են հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի եւ ա­րուես­տի ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը եւ զա­նոնք ի սպաս կը դնեն սփիւռ­քի պահ­պան­ման գոր­ծին։

Ու­սու­ցիչ­ներ պատ­րաս­տող ­Հա­յաս­տա­նը չի՞ կրնար կա­րե­ւոր դեր խա­ղալ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման մէջ։
­Շուրջ 15 տա­րի ա­ռաջ Ս­փիւռ­քի մէջ սկսանք կազ­մա­կեր­պել հան­դի­պում­ներ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման եւ զար­գաց­ման հա­մար։ ­Բայց քա­ղա­քա­կան դէպ­քե­րը մեզ­մէ ա­ռաջ ան­ցան։ ­Լի­բա­նանն ու ­Սու­րիան այ­լեւս նպա­տա­կա­յար­մար չըլ­լա­լով՝ ես կը կար­ծեմ, որ լա­ւա­գոյն տե­ղը ­Հա­յաս­տանն է։ Եւ այս ա­ռու­մով ­Հա­յաս­տա­նը պէտք է ստանձ­նէ իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ու­նի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մաս­նա­գէտ­ներ, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ­Սու­րէն ­Դա­նիէ­լեա­նը, որ ա­մէն ճիգ կը թա­փէ ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նո­ւան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն ու­սու­ցա­նե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նի երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ու­սա­նող­նե­րուն։
­Պէտք է իր աշ­խա­տան­քը նկա­տի ու­նե­նալ եր­կար վազ­քի վրայ, ո­րով­հե­տեւ կարգ մը հա­կա­սու­թիւն­ներ պէտք է յաղ­թա­հա­րո­ւին։
Այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կ­՚աշ­խա­տի պահ­պա­նե­լու եւ տա­րա­ծե­լու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը։ ­Խորհրդա­յին ­Հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նակ­նե­րէն Ս­փիւռ­քա­հա­յու­թեան հետ Մ­շա­կու­թա­յին ­Կա­պի ­Կո­մի­տէն մեծ գործ կա­տա­րած էր՝ հրա­տա­րա­կե­լով բազ­մա­թիւ գիր­քեր սփիւռ­քի դպրոց­նե­րուն հա­մար։ Այդ ­Կո­մի­տէն մե­ծա­պէս օգ­նած էր դպրոց­նե­րուն՝ ա­նոնց ու­ղար­կե­լով ու­սու­ցիչ­ներ, ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­ներ, նո­թա­ներ, խա­ղա­լիք­ներ ե­ւայլն։ ­Պէտք է վե­րա­կեն­դա­նաց­նենք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան այս քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ­Մայր ­Հայ­րե­նի­քի եւ Ս­փիւռ­քի մի­ջեւ։ ­Սա­կայն ­Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եր­բեմն հա­կա­սու­թեան մէջ է սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն հետ։ Կր­թու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը չէ հա­մո­զո­ւած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թեան։ Այս շատ ժխտա­կան տրա­մադ­րու­թեան դի­մաց պէտք է ըստ այնմ ճշդենք մեր քայ­լե­րը եւ ո­րո­շենք, թէ ճիշդ ի՞նչ կ­՚ու­զենք։ ­Պէտք է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման նոր ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը զար­գաց­նենք։

Ի՞նչ կ­՚ա­ռա­ջար­կէք այս ուղ­ղու­թեամբ։
Ես կ­՚ա­ռա­ջար­կեմ, որ ստեղ­ծենք ի­րա­ւա­սու մար­մին մը, որ հա­մախմ­բէ եր­կու կող­մե­րէն մաս­նա­գէտ­ներ, ­Հա­յաս­տա­նէն՝ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի գրա­կա­նու­թեան ճիւ­ղի, ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նո­ւան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի, Գ­րա­կա­նու­թեան ­Հիմ­նար­կի (ուր կը գտնո­ւի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գլխա­ւոր ամ­պիո­նը), ­Գի­տու­թեան Ա­կա­դե­միա­յի Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի ա­նուան հա­յե­րէն լե­զո­ւի հիմ­նար­կի եւ կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ մաս­նա­գէտ­ներ, սփիւռ­քէն որ­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ պէտք է ստեղ­ծել Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ­Պաշտ­պա­նու­թեան ­Կո­մի­տէ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի։
­Պէտք է գի­տակ­ցինք, թէ ի՛նչ է որ կը կորսնց­նենք։ ­Տա­կա­ւին մին­չեւ քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի կրթա­կան պիւտ­ճէն կը հաս­նէր 10 մի­լիոն տո­լա­րի եւ այս գու­մա­րին մեծ մա­սը կը յատ­կա­ցո­ւէր ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի։ ­Շուրջ 20 տա­րի ա­ռաջ ­Հա­մազ­գա­յի­նի, ­Բե­րիոյ ­Թե­մի (Ա­թո­ռա­նիս­տը՝ ­Հա­լէպ) Ա­ռաջ­նորդ ­Սու­րէն Արք. ­Քա­թա­րո­յեա­նի եւ ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հիմ­նար­կու­թեան (ո­րուն հայ­կա­կան բաժ­նի տնօ­րէնն էի) միա­ցեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ստեղ­ծե­ցինք ­Հա­յա­գի­տա­կան ­Հիմ­նար­կը, ուր կը պատ­րաս­տէինք ու­սու­ցիչ­ներ, ման­կա­վարժ­ներ, լրագ­րող­ներ եւ հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հա­մար քար­տու­ղար­ներ։
Ուս­ման մա­կար­դա­կը ինչ­պէս ­Պէյ­րու­թի, նոյն­պէս ­Հա­լէ­պի մէջ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի եր­րորդ տա­րուան։ Ա­մէն տա­րի ու­նէինք մօտ 25 շրջա­նա­ւարտ­ներ ­Սու­րիոյ եւ ­Լի­բա­նա­նի մէջ, այ­սինքն՝ տա­րե­կան 50 վկա­յեալ­ներ։ Ա՛յս է, որ մենք կորսն­ցու­ցինք։ ­Հա­լէ­պի մէջ 5 տա­րի ա­ռաջ 4 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթ­րի մէջ մենք ու­նէինք 12 կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ 12-15 հա­զար ա­շա­կերտ­նե­րով, ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ պա­քա­լո­րէա։

Այ­սինքն այ­սօր վտան­գի տակ է մեր մար­դու­ժի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը…
Ա­յո՛, բայց դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը բազ­մա­տե­սակ են։ ­Սու­րիոյ եւ ­Լի­բա­նա­նի դէպ­քե­րու հե­տե­ւան­քով ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի հա­կում ու­նին ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ղրկե­լու օ­տար դպրոց, յատ­կա­պէս անգ­լիա­խօս թե­քու­մով։ Ո­րով­հե­տեւ ի­րենց ծրա­գիրն է գաղ­թել դէ­պի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ կամ ­Քա­նա­տա։
Այ­սօր ե­թէ ­Լի­բա­նա­նի դպրոց­նե­րը ըն­դու­նե­լի վի­ճակ կը պար­զեն շուրջ 8000 ա­շա­կերտ­նե­րով, ա­սի­կա կը պար­տինք գաղ­թա­կան սու­րիա­հա­յե­րուն։ ­Զա­ւակ­նե­րը օ­տար դպրոց ղրկե­լը ազ­գա­յին ինք­նաս­պա­նու­թիւն է։ 2016ի երկ­րորդ ե­ռամ­սեա­կին 28.000 սու­րիա­հա­յեր գաղ­թե­ցին ­Քա­նա­տա։ ­Նոյ­նիսկ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը վտան­գի տակ է, ­Հա­յաս­տա­նէն մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին ար­տա­գաղ­թին պատ­ճա­ռով։ ­Մենք բա­ւա­րար դպրոց­ներ չու­նինք ­Ռու­սաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­յի մէջ։
Այս ի­մաս­տով է, որ կ­՚ը­սեմ, թէ ամ­բող­ջու­թեամբ պէտք է վե­րա­կազ­մա­կեր­պենք ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։

Եզ­րա­կաց­նե­լով՝ կ­՚ու­զէք ը­սել, որ զուտ լե­զո­ւա­կան տե­սա­կէ­տէ վեր­լու­ծե­լով՝ եր­կու կող­մե­րու ի­րար դէմ պայ­քա­րը ժա­մա­նա­կավ­րէպ է։
­Մենք այ­սօր անձ­նա­կազ­մի խնդիր ու­նինք, հե­տե­ւա­բար՝ չենք կրնար մեր­ժո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն ու­նե­նալ մէ­կուն կամ միւ­սին հան­դէպ։ Եւ յատ­կա­պէս ինչ կը վե­րա­բե­րի Ֆ­րան­սա­յի հայ մա­նուկ­նե­րուն, ո­րոնց ծնող­նե­րը ար­դէն իսկ հա­յե­րէն չեն խօ­սիր։ Այն­քան կա­րե­ւոր չէ թէ ա­նոնք կը սոր­վին ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն կամ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն, կա­րե­ւո­րը այն է, որ ա­նոնք հա­յե­րէն գիտ­նան։ ­Մեր նպա­տակն է հա­յե­րէն սոր­վիլ, ո՛ր ճիւղն ալ ըլ­լայ։
Պէտք չէ ե­րե­խա­յի մը հա­յե­րէն սոր­վե­լու կա­րե­լիու­թեան առ­ջեւ պատ­նէշ դնել, ինչ­պէս որ պա­տա­հե­ցան դէպ­քեր՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, որ ան մէկ կամ միւս տար­բե­րա­կով կը խօ­սի։ ­Մեր մար­դու­ժի աշ­խար­հա­տա­րած ցրւու­մով եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մեր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու կո­րուս­տով՝ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը այ­սօր ծայ­րա­յե­ղօ­րէն տկա­րա­ցած ըլ­լա­լով, պէտք է բա­ցա­ռել ա­մէն հա­կա­ռա­կու­թիւն ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ
տա­հա­յե­րէ­նի մի­ջեւ, ո­րով­հե­տեւ ա­տի­կա շատ վնա­սա­կար, հա­կազ­գա­յին, հա­կա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան եւ ոճ­րա­յին ե­րե­ւոյթ է։

Մ­տա­ւո­րա­կան­նե­րը ի՞նչ դեր կրնան խա­ղալ այս ուղ­ղու­թեամբ։
­Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւռ­քի մտա­ւո­րա­կան­նե­րը պէտք է քա­ջա­լե­րեն այս շար­ժու­մը, նա­խա­պա­տո­ւու­թիւ­նը տա­լով հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն թէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն։ Դժ­բախ­տա­բար, ա­նոնց­մէ ո­մանք կար­ծէք կը զո­ւար­ճա­նան զա­տո­ղու­թիւն ը­նե­լով, ե­րե­ւոյթ մը՝ ո­րուն դէմ պէտք է պայ­քա­րիլ։

Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րեց՝ ­Վա­րու­ժան ­Մար­տի­կեան
­Հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծեց՝ Գ­րի­գոր ­Դա­ւի­թեան