Print
Category: Հարցազրոյցներ

altԱ­ռա­ջին ան­գամ ե՞րբ այ­ցե­լած էք ­Հա­յաս­տան։

Ա­ռա­ջին ան­գամ ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած եմ 1988ին, Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժէն ետք, իբ­րեւ բժիշկ մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն հասց­նե­լու հա­մար տու­ժած­նե­րուն։ Ան­կէ ետք յանձն ա­ռած եմ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ծննդա­բե­րու­թեան կեդ­րոն­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման գոր­

ծը՝ իմ կող­մէ հիմ­նադ­րո­ւած «Family Care» ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան շրջա­գի­ծին մէջ։ Այս աշ­խա­տան­քը կանգ ա­ռաւ 2003 թո­ւա­կա­նին, ո­րով­հե­տեւ ըստ իս հրա­տապ շրջա­նը վեր­ջա­ցած ըլ­լա­լով՝ այ­լեւս պե­տու­թիւ­նը պէտք էր ստանձ­նէր իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը՝ եր­կի­րը զար­գաց­նե­լու ա­ռու­մով։ Ան­կէ ի վեր կը փոր­ձենք զարկ տալ այ­լընտ­րան­քա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ ձե­ռա­կեր­տու­թեան ար­հեստ­նե­րու մար­զին։ 2014ին, ­Գիւմ­րիի մէջ հիմ­նած ենք յախ­ճա­պա­կիի աշ­խա­տա­նոց մը, ուր տա­սը հո­գիի հա­մար աշ­խա­տանք հայ­թայ­թած ենք։ ­Կը փա­փա­քինք ընդ­լայ­նել այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը գոր­գա­գոր­ծու­թեան եւ զար­դե­րու մար­զե­րուն մէջ եւս։ ­Կը զբա­ղինք նաեւ քա­ղա­քի կեդ­րո­նը գտնո­ւող պատ­մա­կան շի­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման գոր­ծով, ինչ­պէս «­Վիլ­լա ­Կարս» պան­դո­կը, ուր կ­՚ըն­դու­նո­ւին մեր հիւ­րե­րը։

Ին­չո՞ւ «­Վիլ­լա ­Կարս» ա­նու­նը։

Ես կ­՚ու­զեմ մեր դրա­ցի թուրք ժո­ղո­վուր­դին հետ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կել, քա­նի որ պէտք է խա­ղա­ղու­թեան մթնո­լորտ ստեղ­ծել ո՛չ միայն քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ, այլ նաեւ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կով։ ­Կար­սը եւ ­Գիւմ­րին մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին կը պատ­կա­նին։ Ա­սի­կա նաեւ ակ­նարկ մըն է ­Կար­սի ճար­տա­րա­պե­տա­կան ո­ճին, որ շատ նման է ­Գիւմ­րիին։

Ինչ­պի­սի՞ մօ­տե­ցում ու­նիք զար­գաց­ման ո­լոր­տին նկատ­մամբ։

Շեշ­տը կը դնենք մեր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը փո­խա­նա­կե­լու ազ­դա­կին վրայ։ ­Հա­յե­րուն ա­ռի­թը կու տանք ար­հես­տի մը մէջ մաս­նա­գի­տա­նա­լու եւ մա­նա­ւանդ անդ­րա­դառ­նա­լու, թէ ի­րա­պէս ի՞նչ կ­՚ու­զեն ը­նել։ ­Խորհր­դա­յին շրջա­նին ո՛չ ոք այս հար­ցու­մը կ­՚ուղ­ղէր ա­նոնց։ Այն ա­տեն ա­մէն ինչ դիւ­րին եւ ա­պա­հո­վո­ւած էր՝ տուն, բնա­կա­րան, ինք­նա­շարժ…։ Օ­րուան իշ­խա­նու­թիւ­նը միա՛յն կ­՚ու­զէր Եւ­րո­պա­յին եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն ցոյց տալ, թէ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մէջ գոր­ծազր­կու­թիւն չկայ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ մար­դիկ գոր­ծի նկատ­մամբ ան­տար­բեր էին, ա­ռանց կիր­քի կ­՚աշ­խա­տէին։ ­Չէին գի­տակ­ցիր, թէ գոր­ծով կա­րե­լի է տեղ հաս­նիլ։ ­Ներ­կա­յիս հա­յե­րը պէտք է կա­ռու­ցեն ի­րենց ա­պա­գան, իսկ ա­տոր հա­մար պէտք է ի­րենք ի­րենց հարց տան, թէ ի՞նչ կ­՚ու­զեն ը­նել։

Ո­րո՞նք են այդ զար­գա­ցու­մը կան­խող ազ­դակ­նե­րը։

Իմ կար­ծի­քով բազ­մա­թիւ հար­ցեր ար­տա­սահ­մա­նէն կու գան։ Այ­սինքն, պար­բե­րա­բար ար­տա­սահ­մա­նէն մար­դիկ կու գան, բարձր ամ­սա­կա­նով քա­նի մը տա­րի կ­՚աշ­խա­տին մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ՝ բո­լո­րին գո­հա­ցում տա­լու հե­ռան­կա­րով։ ­Բայց - ըստ էու­թեան - ա­նոնց գոր­ծը ո­րե­ւէ ար­դիւնք չի տար։ Օ­րի­նակ, ան­կա­խու­թե­նէն աս­դին՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կայ են Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը, ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Դ­րա­մա­տու­նը, Մ.Ա.Կ.ը, ­Տա­րադ­րա­մի ­Մի­ջազ­գա­յին ­Հիմ­նադ­րա­մը (FMI)…, եւ ե­թէ ա­նոնք չեն կրնար օ­ժան­դա­կել այս երկ­րին՝ այդ կը նշա­նա­կէ, որ ա­նոնց որ­դեգ­րած մօ­տե­ցու­մը ճիշդ չէ։ ­Սո­վո­րա­բար ա­նոնց սկսած գոր­ծը չի շա­րու­նա­կո­ւիր, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ ե­կած ես եր­կու կամ ե­րեք տա­րո­ւան հա­մար, բնա­կա­նա­բար ժա­մա­նակ չես ու­նե­նար ընդ­հա­նուր գա­ղա­փար մը կազ­մե­լու երկ­րի կա­րիք­նե­րուն մա­սին։ Ա­նոնք տա­րի մը կը յատ­կաց­նեն ի­րա­զեկ դառ­նա­լու կա­ցու­թեան, տա­րի մը՝ աշ­խա­տե­լու եւ տա­րի մըն ալ ի­րենց վե­րա­դար­ձը պատ­րաս­տե­լու հա­մար։ ­Հա­յաս­տա­նը կը զար­գա­նայ ա՛յն ա­տեն, երբ մենք կ­՚ըն­դու­նինք մեր հայ բա­րե­կամ­նե­րուն հետ բաժ­նել, հասկնալ եւ ընտ­րել լա­ւա­գոյն մի­ջո­ցը, ինչ որ ինք­նին կը պա­հան­ջէ զո­հա­բե­րու­թիւն եւ եր­բեմն ալ պայ­քար՝ ո­րոշ սկզբունք­ներ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար։ ­Յա­մե­նայն դէպս, ա­ռանց տե­ղա­ցի ժո­ղո­վուր­դի ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեան՝ ան­կա­րե­լի է յա­րա­տեւ զար­գաց­ման պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծել։

Ար­դեօք ձեր որ­դեգ­րած օ­րի­նա­կը կրնա՞յ յա­րա­տեւ ու շի­նիչ ըլ­լալ։

Ան­շո՛ւշտ։ ­Շու­տով ա­կա­նա­տես պի­տի ըլ­լաք հա­յե­րու վե­րա­դար­ձին։ ­Ներ­կա­յիս ա­նոնք կը մնան հոն, ուր կրնան բա­րե­կե­ցիկ կեանք վա­րել եւ ի­րա­ւա­ցի են, ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջին հեր­թին կը մտա­ծեն ի­րենց ըն­տա­նի­քին բա­րե­կե­ցու­թեան մա­սին։ ­Բայց ա­տոր զու­գա­հեռ պէտք է ա­նոնց վե­րա­դար­ձի պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծել։ ­Պէտք է ա­ռանց պար­տադ­րե­լու հասկց­նել, որ լա­ւա­գոյն մի­ջո­ցը հայ­րե­նիք վե­րա­դառ­նալն է։ Ար­դա­րեւ, ­Հա­յաս­տան գէշ կա­ցու­թեան մէջ կը գտնո­ւի, սա­կայն մենք պէտք է երկ­րի զար­գաց­ման հա­մար բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ ստեղ­ծենք, ո­րով­հե­տեւ այս եր­կի­րը կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նի վե­րա­ծո­ւե­լու աշ­խար­հի ա­մէ­նէն լաւ վայ­րե­րէն մէ­կուն։ ­Հա­յաս­տան հիա­նա­լի ժո­ղո­վուրդ մը ու­նի, որ գի­տէ բաժ­նել եւ փո­խա­նա­կել։ ­Մենք պէտք է գոր­ծի լծենք այդ նե­րու­ժը։

Ի՞նչ կ­՚ը­սէիք ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի հա­մո­զո­ւի վե­րա­դառ­նա­լու ­Գիւմ­րի։

Գիւմ­րին պատ­մա­կան քա­ղաք մըն է, որ մշա­կու­թա­յին մեծ նե­րուժ ու­նի։ ­Վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար պէտք է քաջ եւ զօ­րա­ւոր ըլ­լալ, այ­սինքն՝ գիտ­նալ ո՛չ ը­սել։ Ո՛չ՝ դիւ­րին կեան­քին։ ­Պէտք է դի­մա­նալ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ինչ կը վե­րա­բե­րի ին­ծի, ես չեմ ձգտիր սի­րո­ւե­լու բո­լո­րին կող­մէ։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ կ­՚ու­զեմ միայն օգ­տա­կար ըլ­լալ։ ­Կը փա­փա­քիմ բնակ­չու­թեան հա­մար ստեղ­ծել կեան­քէն օգ­տո­ւե­լու հիմ­նա­կան պայ­ման­նե­րը։ ­Կը հա­ւա­տամ գոր­ծիս եւ ո­րե­ւէ ակնկա­լիք չու­նիմ, ո­րով­հե­տեւ գի­տեմ, թէ ճիշդ է կեան­քիս ուղ­ղու­թիւ­նը։

Ան­ցեա­լին նման աշ­խա­տանք տա­րա՞ծ էք։

Ո՛չ։ Այս մար­զին մէջ ո­րե­ւէ փոր­ձա­ռու­թիւն չու­նէի։ Եր­բեմն ճա­կա­տա­գի­րը քե­զի կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ չնա­խա­տե­սո­ւած այն­պի­սի ճա­նա­պարհ­նե­րու, որ դուն ինք­զին­քիդ հարց կու տաս, թէ ին­չո՞ւ այս գոր­ծը կ­՚ը­նես։ Ես ան­ձամբ պա­տաս­խա­նը չեմ գի­տեր, բայց կա­րե­ւոր ալ չէ։ Ա­մէ­նէն հիմ­նա­կա­նը այն է, որ կը փոր­ձեմ դրա­կան բան մը ը­նել։ Իսկ ա­սի­կա միայն նիւ­թա­կա­նի հարց մը չէ, բո­լորս պէտք ու­նինք դրա­մի, բայց ոչ այն­պէս, ինչ­պէս կը խոր­հի ար­տա­գաղ­թող ժո­ղո­վուր­դը։ ­Նախ եւ ա­ռաջ մե­զի հար­կա­ւոր են ազ­նիւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ՝ ազ­նիւ մար­դոց կող­մէ։

Ինչ­պէ՞ս կը տես­նէք ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քը։

Մեր խնդի­րը այն է որ հա­սա­րա­կու­թեան ո­րոշ հա­տո­ւած­ներ շատ հե­ռու են ի­րա­կա­նու­թե­նէն։ Այդ հա­տո­ւա­ծը պէտք ու­նի որ­դեգ­րե­լու մշա­կու­թա­յին մօ­տե­ցում մը։ Երբ չենք գի­տեր, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ աշ­խա­տանք, մարդ­կայ­նու­թիւն, ըն­տա­նիք, ըն­կե­րա­յին կեանք կամ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, այդ պա­րա­գա­յին կը կար­ծենք, թէ նոյն բա­նի մա­սին կը խօ­սինք, բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կը խօ­սինք բո­լո­րո­վին հա­կա­ռակ բա­նե­րու մա­սին։ ­Խորհր­դա­յին շրջա­նին գոր­ծա­տէ­րը պաշ­տօն­ներ կը բաժ­նէր ոչ ըստ աշ­խա­տա­ւո­րի հմտու­թեան եւ գոր­ծի ո­րա­կին։ ­Մենք պէտք է վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կենք այդ մտայ­նու­թիւ­նը, որ այն­քան ալ դժո­ւար չէ, կը բա­ւէ ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը տես­նել։ ­Նախ պէտք է փո­փո­խու­թեան են­թար­կո­ւին տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րը։ Եւ այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ՝ թէ՛ Ս­փիւռ­քը եւ թէ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր դեր ու­նին կա­տա­րե­լիք։

Ո­րո՞նք են ա­պա­գա­յի ձեր ծրագ­րե­րը։

­Շա­րու­նա­կել շի­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­նո­րո­գու­մը եւ գոր­ծա­ւոր­նե­րուն վե­րա­պատ­րաս­տու­մը։ Այս վեր­ջին­նե­րուն պէտք է ա­ռա­ջար­կել մնա­յուն աշ­խա­տանք եւ պատ­շաճ աշ­խա­տա­վարձ։ «­Գիւմ­րիի բա­րե­կամ­նե­րու հիմ­նադ­րամ»ին մի­ջո­ցաւ - զոր կեան­քի կո­չած եմ ­Մա­նո­ւէլ ­Փա­մոք­ճեա­նի հետ - մտա­դիր ենք բա­րե­նո­րո­գե­լու ­Գիւմ­րիի պատ­մա­կան կեդ­րո­նը՝ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թեանց հետ գոր­ծակ­ցա­բար, որ­պէս­զի զայն ընդգր­կենք ԻՒՆԵՍՔՕի պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան ցան­կին մէջ։ ­Նաեւ աշ­խա­տանք կը տա­նինք բնիկ գիւմ­րե­ցի, աշ­խար­հահռ­չակ ­Ժորժ ­Կիւր­ճիէ­ֆին նո­ւի­րո­ւած կեդ­րոն մը բա­նա­լու ուղ­ղու­թեամբ, ինչ որ պի­տի խթա­նէ քա­ղա­քին գրաւ­չու­թիւ­նը։

Հար­ցազ­րոյ­ցը վա­րեց՝ ­Ժի­րայր ­Չո­լա­քեան